Ուիլսընեան Հայաստան. գագաթ որ պէտք է նուաճել
23 Նոյեմբեր 2024
Նոյեմբերի 22-ին, ԱՄՆ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռի 104-ամեակն էր։ 1920-ին էր։ Այդ վճիռով կը գծուէին Հայաստանի Հանրապետութեան արեւմտեան՝ Թուրքիոյ հետ սահմանները։ 1919-ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածութիւնը 70 հազար քառ. քլմ. էր։
Իրաւարար վճռով անիկա կʼընդարձակուէր եւ կը դառնար 180 հազար քառ. քլմ., Հայաստանի արեւմտեան նահանգներէն Վասպուրականի, Տրապիզոնի, Կարնոյ եւ Պիթլիսի նահանգներէն բաժիններու կցումով։ Հայաստան ծովային ելք կը ստանար այս իրաւարարութեամբ։
Մինչ այդ՝ 1920-ի Սեպտեմբերէն, Թուրքիոյ «ապըստամբ» քեմալական ուժերը Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ թշնամական գործողութիւններու անցած էին։ Իրաւարար վճիռի հրապարակումէն 10 օր ետք՝ 1920 Դեկտեմբերի 2-ին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը երկրի ղեկը կը զիջէր խորհուրդներուն, պոլշեւիկներուն, որոնք դրան ետին կը սպասէին։ Դեկտեմբերի 2-էն 3 լուսցող գիշերը Ալեքսանդրապոլի (ներկայիս՝ Գիւմրի) մէջ կը կնքուէր հայ-թրքական պատերազմը դադրեցնող դաշնագիրը։
Ուիլսընեան իրաւարար վճիռին նուիրուած յօդուածաշարք մը եւս հեղինակեց անխոնջ ուսումնասիրող Յարութ Չէքիճեան։
Յօդուածաշարքի 19-րդ բաժինը մեր ներկայ համարով լոյս կը տեսնէ։ Յօդուածաշարի միտք բանին՝ 1920-ի Նոյեմբերի 22-ին ստորագրուած եւ կնքուած ԱՄՆ նախագահի իրաւարար վճիռը ուժի մէջ է, Մ. Նահանգները 104 տարի է իրաւականօրէն՝ տէ ժիւրէ, չի ճանչնար Թուրքիոյ Արեւելեան սահմանը, որ է Հայաստանի Հանրապետութեան արեւմտեան սահմանը։ Ըսելու՝ որ այս է միակ իրաւական, համաշխարհային ճանաչում ունեցող Հայաստանի սահմանը, զոր ոչ ոք կրնայ չեղարկել։
Ինչո՞ւ ցարդ չէ գործադրուած այս վճիռը․ զինու, բիրտ ուժի հարկադրանքով, զոր արդի աշխարհը իրաւականօրէն չʼընդունիր։ Ովքեր տապալեցին զայն մինչեւ այսօր. այն նոյն ուժերը, որոնք 1919-ին պարտադրեցին Արցախին ճանչնալ Ատրպէյճանի գերիշխանութիւնը, իսկ 1921-ին՝ Արցախը, Նախիջեւանին հետ Ատրպէյճանի ենթակայութեան տակ դրին։ Ի միջի այլոց՝ 1919-ի եւ 1921-ի դերակատարները տարբեր էին՝ առաջինը Բրիտանիան էր, երկրորդը Խորհրդային Ռուսիան։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին պարտուած, արիւնաքամ եղած Թուրքիան վերակենդանացուցին գլխաւորաբար նոյն ուժերը։
Ցարդ Հայաստանի տարածքը ինչքան կրցած են՝ սեղմած են։ Եւ ժողովուրդին կʼուզեն համոզել, որ այդ սահմաններն են երկրի օրինական սահմանները։ Մինչդեռ ապացուցուած է, որ այդ սահմանները պարտադրած է իշխող կայսերական ուժը, որմէ 1991-ին անկախացաւ Հայաստան։
Անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրաւատէրն է այս իրաւարար վճիռով սահմանուած երկրին։ Սակայն անցեալ տասնամեակներուն եկող-գացող պետական ոչ մէկ պատասխանատու այդ օրակարգով առաջնորդուեցաւ ներքին թէ արտաքին ճակատին վրայ, նոյնիսկ մինչեւ Արցախեան ազատագրական պայքարի վերաճումը պատերազմի։
Պատճա՞ռը, մենք ի զօրու չենք Թուրքիոյ դէմ դնելու։ Այս նոյն պատճառաբանութեամբ ալ հետագային մենք կորսնցուցինք Արցախը, իսկ բնակչութիւնը ցիր ու ցան եղաւ։ Եւ եթէ շարունակենք այս տրամաբանութեամբ առաջ ընթանալ, վաղը պիտի չունենանք պետութիւն ալ, որ 1918-ի Մայիսին դժուարաւ նուաճուեցաւ։
Այսօր կը գրենք այս տողերը, որովհետեւ կը հաւատանք՝ յաղթահարելի է այն ուղին որ մեզ պիտի հասցնէ խաղաղ նաւահանգիստ։ Այս տեսլականով զինուած եւ զայն իրագործելու կամք ցուցաբերող կազմակերպ ուժն է, որ կարող է յաղթահարել թէ՛ քաոսը, թէ՛ Երկրի ու Արտերկրի մէջ առաջնորդել հայրենատիրական պայքարը։
Անցած աւելի քան երեսնամեակը ապացուցեց, որ խորհրդային օրինականութեամբ կաշկանդուած Հայաստանը չի կրնար դիմանալ։ Եւ ազատագրուած Արցախը կորաւ։ Կորաւ այն նոյն տրամաբանութեամբ, որ 1921-ին պարտադրուած սահմանները, Մոսկուայի եւ Կարսի թուրք-սովետական պայմանագիրները վաւերական են եւ անկէ դուրս չի՛ք օրինականութիւն։
Այդ տրամաբանութեամբ շարժած հանրապետական պաշտօնատարները, նախագահներէն սկսեալ, ամբողջ քաղաքական դաշտին հետ, արդեօ՞ք համոզուած էին, որ 29 հազար քառ. քլմ. տարածքով Հայաստանը կրնայ անկախ ապրիլ, զարգանալ կամ իր կամքը պարտադրել ու Արցախի պատկանելիութեան հարցը վճռել առանց անդրադառնալու Ուիլսընեան իրաւարար վճռին։
Այս մասին խօսիլը քմահաճութիւն չէ, ոչ ալ պատաս- խանատուներուն պատին դէմ տալ։ Ո՛չ։ Ըմբռնումը որով մենք կʼառաջնորդուինք ԾԱՌԱՅԱԿԱՆ Է, Ո՛Չ ԻՇԽԱՆԱԿԱՆ։ Այն մարդիկ, որոնք Երկրէն ներս թէ անկէ դուրս յայտ կը ներկայացնեն պատասխանատու պաշտօն վարելու, եթէ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ համար չեն գար, այլ սոսկ իշխանական առաւելութիւններ վայելելու, դիւրիմացութեան մէջ են, ինչպէս զիրենք այդ պաշտօններուն հասցնողները, ընտրողները։
Աշխարհ մեզի ժամանակ տուաւ ապացուցելու որ կենսունակ եւ զարգանալու ընդունակ ազգ ենք։ Սպասւած ապացոյցը չտուինք։ Առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, թանկագին ժամանակը վատնուեցաւ, ո՛չ միայն զինուժի, այլ նախ եւ առաջ պետական համակարգի առումով, որ պիտի պատասխանէր ազգի եւ երկրի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ձգտումներուն, նպատակներուն։
Երբ այսօր կը խօսուի Անկախութեան հռչակագրին մասին, անոր արժէքը Սահմանադրութեան կցուած ըլլալէն առաջ պետականաշինութեան ուղեցոյց ըլլալն էր։ Արդեօ՞ք ուղեցոյց եղաւ, արդեօ՞ք 1995-ին մշակուած եւ ընդունուած սահմանադրութիւնը Հռչակագրէն կը ներշնչուէր։ Արդեօ՞ք 2015-ի Համահայկական հռչակագիրը պետութեան կառուցուածքը համապատասխանեցուց առաջադրուած նպատակներուն։ Եթէ համապատասխան դարձնելու ջանք ըլլար, արդեօ՞ք աղէտալի 2018-ը կարելի կʼըլլար։
Ցարդ ներքին թէ արտաքին կեղծիքը, սուտը, երեսպաշտութիւնը նախընտրեցինք եւ հասանք հոն ուր ենք այսօր՝ անդունդի եզրին։
Այսօր պահն է, որ կաշկանդումները յաղթահարենք, դուրս գանք ազատ տարածութիւն եւ գաղափարական հիմքով դաշնակցինք նախ մենք մեզի, գծենք մեր ուղին եւ ապա երկխօսինք այլ ժողովուրդներու հետ։ Աշխարհը հետզհետէ աւելի վտանգաւոր կը դառնայ բոլորին համար ալ եւ բոլոր տեսակի իրաւունքները կը ստորադասուին բիրտ ուժին։ Միջազգային դատարանի վճիռն իսկ կʼարհամարհուի։ Կամայականութիւնն է տիրողը, ուր ոչ ոք ապահովուած է հարուածի տակ իյնալէ։
Այս խելագարութիւնը պէ՛տք է վերջ գտնէ։ Եւ ոչ մէկ ժողովուրդ կրնայ առանձին գլուխ բերել զայն, եթէ հասարակ յայտարարի մը շուրջ համաձայնութիւն չգոյանայ ժողովուրդներու միջեւ, եթէ իւրաքանչիւր ժողովուրդ չապահովէ իր կեանքի եւ ազատ զարգացման իրաւունքը։
Անվտանգ եւ արդար աշխարհ ստեղծելու դաւանանքը, այս նպատակին շուրջ համակամութիւն յառաջացնելու գաղափարի ժողովրդականացումը պայքարի ձեւ մըն է, որ այսօր մասնակի կը գործէ։
Նոր աշխարհակարգը ըմբռնելի պիտի ըլլայ մտածումի եւ առաջադրանքներու մարդասիրական դաւանանքով, այլ ոչ թէ ազդեցութեան գօտիներու վերաբաշխումով։ Հազարամեակներ տեւող խաղը ժամանակն է որ փոխուի ի շահ բոլորին, նա՛եւ հայոց։ Եւ ասոր համար կʼարժէ աշխատիլ եւ զօրակոչի ենթարկել։ Յոյսը աշխատանքէն կը ծնի, որ յստակ ուղղութիւն ունի։
Զաւէն Լիյլոզեան