ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

«Դուք զբաղեցէ՛ք, մենք յանձնենք…»

24 Հունվար 2025

Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ, նոր տեսակի գլխապտոյտ պատճառող, բառացի՛օրէն «գլուխ դարձնող» դէպքեր ու նորութիւններ տեղի կ’ունենան վերստին:

Եթէ փորձենք եղածները սեղմ հասարակ յայտարարի մը բերել, կ’ունենանք հետեւեալը. իշխանաւորները ամէն օր, օրը քանի մը անգամ նոր մանրուքներ (նա՛եւ ոչ արհամարհելի) կը նետեն հրապարակ, որպէսզի «զուարճացնեն» հանրութիւնը եւ զբաղ պահեն ընդդիմադիր ճակատները, իսկ իրենք աննահանջ կերպով կը շարունակեն անձնատուութեան, հայրենիքէն նոր պատառիկներ թշնամիին յանձնելու պատրաստութիւնները:

Որպէսզի չմնանք անորոշութիւններու մէջ, արձանագրենք քանի մը «զբաղում», որոնցմով իշխանաւորները հանրութեան ու ազգին, ներառեալ իրենց հետեւորդներո՛ւն ուշադրութիւնը կը հեռացնեն իսկական աղէտներէն:

– Փոխադրամիջոցներու սակագիներու հարց կը նետուի հրապարակ, կը յաջորդեն բանավէճեր, բողոքի արտայայտութիւններ, սպառնալիքներ: Իշխանաւորները ի վերջոյ, առանց խոստովանելու պարտութիւնը՝ նահանջ կ’ընեն: Սա կիզակէտի վերածուած է, որովհետեւ զանգուածները անհատապէս տուժող են:

– Տուրքերու թղթածրարը կը խայթէ զանգուածները՝ տարբեր ոլորտի մահկանացուներ: Նմանապէս՝ բողոք, ցոյցեր, դժգոհութիւն: Իշխանաւորները տակաւին ետքայլի տրամադրութիւն ցոյց չեն տար: Հոս ալ ժողովուրդին մորթը վիրաւորելու վիճակ կայ եւ հրապարակը կը մնայ մոլեգնած:

– Բարձրագոյն դատական խորհուրդին համար թեկնածու մը կը բերուի խորհրդարան, ընդդիմադիրները կը խայտառակեն զայն, կը հրապարակեն անոր ասելի ու անասելի մեղանչումները: Մարդը ի վերջոյ կը ստիպուի քաշել թեկնածութիւնը ու ընդդիմադիրները յաղթանակ մը ապահոված կ’ըլլան: Մարդուս մտքին մէջ կասկած կը ծագի, թէ ա՞յդ ալ ժողովուրդը պահ մը զբաղ պահելու նպատակով սարքուած էր…

– Քանի մը քաղաքի մէջ, քաղաքապետի այլօրինակ «ընտրութիւններ» կը սարքուին, ՔՊ-ականներ «կը սահին» ու կը նստին աթոռներու վրայ: Նահատակ ինկող Ժողովրդավարութիւնը կը սպասէ, որ յուշարձան մը ունենայ (իսկ ՔՊ-ապետը կը փորձէ Տաւոսի մէջ ժողովրդավարութիւն ծախել արեւմուտքցիներուն…): Այս բոլորին մէջ ալ կ’երեւին մարդիկ զբաղ պահելու դիտաւորութիւն ու նախաքայլեր… յառաջիկայ ընտրութիւններուն ճամբուն:

– Իշխանախումբէն մէկը ձեռք կ’երկարէ Մոսկուայի, նշուլելով, որ ցրտացած (չըսելու համար՝ թշնամանքի սեմին հասած) յարաբերութեանց բարեշրջում (որ յամենայնդէպս ի հեճուկս ուրիշներու չէ, պէտք չէ ըլլայ), ուրիշներ ձեռք կ’երկարեն Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան. «խաղաղութեան խաչմերուկ»ը վաղը կրնայ «Սոթպիզ»ի մէջ ալ աճուրդի դրուիլ, բայց… գնորդ չ’երեւիր: Եւրոպա վազելու տենդ մը կայ, երբ դիմացէն բացէ ի բաց կ’ըսեն, որ մեր ետեւէն կարմիր խնձոր չեն ղրկած, հոն երկար վազքի հարց կայ, շատ մրցողներ կը շարունակեն տասնամեակներու վազքը… Սակայն ստորագրահաւաքներն ու խորհրդարանական քննարկումները զբաղումի լայն դաշտեր կը բանան:

– Ապահովութեան պատասխանատու մը Ազրպէյճանի նորագոյն կեցուածքներուն եւ զինումի փաստերուն դիմաց, մեղմի՜կ ահազանգ կը հնչեցնէ, իսկ անդին, խեղկատակ մը Ազրպէյճանէն որեւէ սպառնալիք չի տեսներ, (ընթերցողս պիտի ըսէ՝ տեսնելու համար աչք եւ ուղեղ պէտք է ունենալ), կը յորդորէ չմտահոգուիլ. Չէ՞ որ նոյն յորդորները հնչած էին նաեւ 44-օրեայ պատերազմի նախօրեակին…:

Փաստօրէն, Ազրպէյճան նոր հնչեղութիւն կու տայ ո՛չ միայն Սիւնիքը գրաւելու իր ծրագիրներուն, այլեւ Հայաստանը կ’ամբաստանէ իբրեւ ցեղապաշտ՝ ֆաշիստ, կը պահանջէ որ Հայաստանի իշխանութիւնը դարմանէ վիճակը, այլապէս… ինք գործի պիտի անցնի (Պաքուի «հնարամիտները» ի չգոյէ ալ պատճառաբանութիւններ կրնան սարքել): Ստեղծուած նոր գլխապտոյտը մոռացութեան կը մատնէ նախկին պահանջները՝ Սահմանադրութեան փոփոխութիւն, «գաղթական» ազերիներու Հայաստան «վերադարձ», բանակի ապազինում, Մինսքի խումբի լուծարք, եւրոպացի դէտերու (դուք ըսէք՝ զբօսաշրջիկներուն) հեռացում: Հոս արդէն, հանրութիւնը զբաղ պահելու մէջ սերտ գործակցութիւն կ’երեւի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իշխանաւորներուն միջեւ, որովհետեւ Երեւանի «ինքնիշխանները», «ազգընտիրները» առանց ուշացումի կը կրկնեն եւ բանիւ ու գործով կ’իրականացնեն ազերիներուն պահանջերուն մեծ մասը, մինչեւ իսկ Ազգային քայլերգն ու այլ հաստատութիւններ կ’այլափոխեն, մի՛շտ նոր զբաղում հասցնելու համար հանրութեան:
***
Մեծ ու փոքր փոթորիկներ ստեղծող, մանաւանդ ինքնահակասումի ճամբով մարդոց գլխապտոյտ «նուիրող» իշխանաւորները, անդին, յամառօրէն իրենց էշը յառաջ կը հրեն ու կը պատրաստուին հողային նոր զիջումներու: Ճակատաբաց կը յայտարարեն, որ Տաւուշի մէջ ամիսներ առաջ իրականացած՝ հողերու յանձնումէն ետք, «սահմանազատման» յաջորդ քայլերը շուտով ճամբայ պիտի ելլեն Վրաստանի սահմանէն Տաւուշ երկարող շրջանէն (իսկ մեր ի՞նչ հոգը, որ բրիտանացիք իրենց հպատակները կը զգուշացնեն հեռու մնալ Հայաստան-Ազրպէյճան ամբողջ սահմանագիծէն): Ազրպէյճանի նախընթաց յայտարարութիւններն ու պահանջները յիշողներ դարձեալ կ’ահազանգեն, որ «սահմանազատում»ի յաջորդ քայլերն ալ կրնան բռնել նախընթացներուն ճամբան, այսինքն՝ միայն Ազրպէյճանը ըլլայ հող շահողը, գրաւո՛ղը, Հայաստանի ձեռքէն պիտի ելլեն պաշտպանական եւ ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող ճամբաներ, բարձունքներ: Մոռցուած են Սիւնիքէն մինչեւ Ջերմուկ եւ այլուր՝ ազերիներուն գրաւած հողերը՝ ճամբաներ ու բարձունքներ: Երեւանի իշխանաւորներն ալ սահմանագծումի ծրագիրին մասին առհասարակ կը խօսին «ազրպէյճաներէն», այսինքն պատրաստակամութիւն կը յայտնեն իբրեւ թէ ազերիական անուններով ծանօթ գիւղեր ու աւաններ յանձնելու Ազրպէյճանի: Հապա Տիգրանաշէ՞նը (վաղը Ալիեւ կրնայ յոխորտալ, որ Մեծն Տիգրանն ալ ազերի էր…):

Զարմանալի է եւ մտահոգիչ, որ այս՝ նոր յանձնումներու թղթածրարը չի ստեղծեր ընդվզումի ու բողոքի ա՛յն փոթորիկները, որ, ինչպէս մատնացոյց ըրինք վերը՝ կը ծագին ապրուստին եւ մարդոց մորթին-գրպանին դպչող հարուածներու հետեւանքով: Տաւուշէն՝ անցեալ Մայիսին ծայր առած Շարժումը կարծէք թէ ձմեռնաքունի մատնուած է. արդեօք նոր շարժում պիտի ըլլայ միայն ա՞յն ատեն, երբ հողային նոր կորուստներ իրականանան, «Գնա՛, մեռի՛ր, եկո՛ւր, սիրեմ» տրամաբանութեամբ…: Ճի՛շդ է, այդ շարժումին ղեկը չէ թողլքուած, բայց…

Ու հարց կը ծագի. հայուն համար, արդեօք սակագիներու եւ տուրքերու՝ այլապէս դիւրին դարմանելի տագնապները աւելի՞ ծանրակշիռ են, թէ՞ հայրենիքի հողերէն մաս առ մաս կորուստները, սկսելով Արցախէն (ու երբ ՀԱՅ կ’ըսենք, ի մտի ունինք նաեւ Հայաստանի սահմաններէն դուրս գտնուող հայեր, բոլորն ալ զոհ՝ նոյն գլխապտոյտին): Հայ պետական մարդոց, զինուորականներու եւ պարզ քաղաքայիններու Պաքու առեւանգումը, անոնց հանդէպ ստորնացնո՛ղ վարմունքը (դատավարութիւն, բանտային «նուէրներ»…) արդեօք պէտք չ՞է ստեղծեն նոյնքան, անգա՛մ աւելի ուժեղ հակազդեցութիւն, բողոքի ալիքներ: Այս բոլորը հրաւէր չե՞ն թօթափելու գլխապտոյտը եւ չիյնալու իշխանաւորներուն «զբաղեցնող» թակարդներուն մէջ. այս հարցումներով, ըսել չենք ուզեր, որ անոնք ուշադրութիւն չպահանջող բաներ են, սակայն երբ կայ ծանրագոյնը՝ անդառնալի կորուստներու վտանգը…

***
…Եւ անշուշտ կրնանք դարձեալ մտածել, թէ մեզի ի՞նչ՝ Կազան-Արեւմտեան ափը, Ուքրանիան, Լիբանանն ու այլ արիւնող շրջաններ:

Կրնանք տարուիլ այն պատրանքներով, որ Ուշինկթընի մէջ հիմա կայ մեծ-մեծ ջարդող նախագահ մը, որ հրապարակ վերադարձած է (իսկ այդ ե՞րբ էր որ հրապարակէն դուրս ինկած էր) հին-նոր այլանդակ տրամադրութիւններով: Մեզի ի՞նչ, որ ան ալ կրկէս մտած է ամերիկեան կայսերական նոր հեռանկարներով, պատրաստ է աւելի՛ ուժեղ կանաչ լոյս տալու ջարդարար եւ բռնագրաւող Իսրայէլին, արդէն նախանշաններ ցոյց կու տայ, թէ այդքան ալ կառչած չէ Ուքրանիոյ պատերազմը «անմիջապէս դադրեցնելու» իր խոստումին, յետոյ, կ’ուզէ խլել Փանաման, Կրինլէնտը, գրաւել Քանատան, ճիշդ այնպէս, ինչպէս… Էրտողան եւ Ալիեւ կը հետապնդեն թուրանական հեռանկարը: Հապա՞ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ իր անձնական շահերու թղթածրարները, հապա՞ Իրանի հանդէպ թշնամանքը…

Հոն ալ, անշուշտ, կան այսպէս կոչուած՝ աշխարհը զբաղ պահող տարօրինակութիւններ, սակայն Եւրոպայէն մինչեւ Իրան ու Չինաստան, մինչեւ ամերիկեան ցամաքամաս՝ մտահոգութիւնները աւելի՛ ծանր կը կշռեն, քան դրական ակնկալիքները: Նախաճաշակներ տեսած ենք Թրամփի իշխանութեան առաջին քառամեակին, հիմա ան աւելի ամրացուցած է իշխանութեան երեք թեւերուն մէջ իր յենարանները, իր շուրջ խմբած է առաւելաբար նիւթը պաշտողներու խմբակներ եւ կը խոստանայ Ամերիկան դարձեալ հզօր դարձնել… ամբոխահաճ յայտարարութիւններով: Իսկ թէ «ստուեր»ի մէջ իսկական գործողները որքա՞ն թոյլատու պիտի ըլլան անոր դրական (օրինակ այն յայտարարութիւնը, թէ Միացեալ Մահանգներու մէջ միայն երկու սեռ ճանաչում պիտի ունենան) եւ անհաճոյ խոստումներուն ու սպառնալիքներուն իրականացման՝ հոն կան բազմաթիւ «թաղուած շան գլուխներ»:

Հայաստանի եւ աշխարհի զանգուածներուն համար, էականը ժամանակաւոր զբաղումները չեն, պէտք չէ ըլլան, այլ՝ մնայուն հետք ձգող, անդառնալի կորուստներ «խոստացող» արհաւիրքներուն իրազեկումը, անոնց կանխարգիլման ուղղութեամբ գործե՛լը, նմաններու միջեւ գործակցութեան կամուրջներ ստեղծելը:

Սարգիս Մահսերեճյան

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հա

Հայ դատի համակարգի համահայկական խորհրդաժողովի բացման նիստին հնչած յայտարարութի

25 Սեպտեմբեր 2026
Շարունակելու ենք Հայ Դատի մեր ծաւալուն

Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը Հ․Յ․Դ․ Հայ

25 Սեպտեմբեր 2026
Մեր առաքելությունը սոսկ քաղաքական չէ.

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանի խոսքը՝ ՀՅԴ Հայ

25 Սեպտեմբեր 2026
Այսօր կանգնած ենք ճակատագրական ջրբաժան

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյանի խոսքը՝ ՀՅԴ Հայ դատի համահայկական

25 Սեպտեմբեր 2026
Մեծ մտահոգություն է եկեղեցու և կաթողիկ

«Մեզ համար մեծագույն մտահոգություն է Եկեղեցու եւ անձամբ վեհափառի դեմ տարվող ար

25 Սեպտեմբեր 2026
Խաղաղությունը արդարության վրա պետք է հ

«Մեր պատգամը հստակ է՝ եթե Հարավային Կովկասում պետք է լինի խաղաղություն, այդ խա

25 Սեպտեմբեր 2026
Իշխանությունները ազգային մտածողության

Հայաստանի ներկա իշխանությունները Թուրքիայի և Ադրբեջանի նախագահների՝ Ռեջեփ Թայի

25 Սեպտեմբեր 2026
Ակնարկ. Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցումն

Երեւան-Անգարա երկխօսութեան արդիւնաւորման համար Անգարայի դասական նախապայմանները

25 Սեպտեմբեր 2026
Թորոնթօն եւ գանատահայութիւնը տիպար օրի

Ստորեւ կը ներկայացնենք Թորոնթոյի նորահաստատ «Նարեկ» Հայ Կրթական եւ Մշակութային

24 Սեպտեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական

35 տարի առաջ, հայ ժողովուրդը որոշում մը առաւ, որը անգամ մը եւս փոխեց մեր պատմո

24 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանում կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի համ

Հայաստանում սեպտեմբերի 25-28-ը կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի հանձնախմբերի և գրասենյակ

24 Սեպտեմբեր 2026
«Արցախահայերի սոցիալ-տնտեսական, իրավակ

Սեպտեմբերի 23-ին, ՀՀ ԱԺ մարդու իրավունքների և հանրային հարցերի մշտական հանձնաժ

24 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company