ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Հայոց Ցեղասպանութեան նսեմացումը, հայկական դիւանագիտութեան վարկազրկումը եւ սփիւռքի արհամարհումը. Վարչապետի Ցիւրիխեան հանդիպումին թելադրած հետեւումները

04 Փետրվար 2025

Խ. Տէր Ղուկասեան

1960-ական թուականներու կէսերէն սկսեալ, Սփիւռքի մէջ քաղաքական զօրաշարժն ու Հայ Դատի պայքարը, որ առաջ տարուեցաւ առանց ոչ մէկ պետական զօրակցութեան անհրաժեշտութեան, առանց ոչ մէկ «հզօր պետականութեան» կամ «պետականամէտութեան» հոգեմտաւոր բարդոյթի կաշկանդումի, յաջողեցաւ լռութեան դատապարտուած եւ «մոռցուած» Հայոց Ցեղասպանութիւնը բերել միջազգային օրակարգ եւ արձանագրել անոր ճանաչումի առաջին, թէկուզ եւ անխուսափելիօրէն սահմանափակ, յաջողութիւնները:

Անկախութենէն յետոյ, հայկական դիւանագիտութիւնը, թէեւ ուշացումով եւ «Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմանի յարաբերութիւններ»ու լպրծուն, անյստակ եւ թակարդային սկզբունքի պահպանման զուգահեռ, հասկցաւ որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը զոհի կարգավիճակի մէջ մշտնջենականալու փաթեթիզմ կամ հոգեկան կաշկանդում չէ: Այլ՝ համաշխարհային բեմահարթակի վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան գրաւած տեղի, արտաքին քաղաքականութեան «ինքնութեան» եւ, առ այդ, երկրի հեղինակութեան հաստատագրման գործօն: Հայ-թրքական փրոթոքոլներու փորձութեան ձախողումէն ետք, Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարեդարձի նախօրեակին Հայաստան-Սփիւռք բացառիկ համագործակցութիւնը, որ յանգեցաւ իր տեսակին մէջ պատմականօրէն միակ համահայկական փաստաթուղթին՝ Հռչակագրին, ունեցաւ իր անդրադարձը արտաքին քաղաքանութեան օրակարգին վրայ. հայկական դիւանագիտութիւնը վերածուեցաւ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման ակտիւ դերակատարի:

Միջազգային կազմակերպութիւններու ոլորտին մէջ այդ դերակատարութեան հետեւողականութիւնը, որուն փաստը տուին ե՛ւ դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները, ե՛ւ Հայաստանի պետական ղեկավարներու հանրային խօսոյթի մէջ եզրոյթի ամրագրումը առանց բառախաղային աճպարարութիւններու, ո՛չ Թուրքիոյ կողմէ Ոճիրին պատասխանատուութեան ստանձնումը անմիջականօրէն նպատակադրած էր, ո՛չ ալ գործնականօրէն Հայաստանի ապահովութեան թէ բարգաւաճման համար որեւէ նպաստ պիտի բերէր, ինչպէս յաճախ հեգնականօրէն հարց կու տան ցեղասպանասկեպտիկները եւ/կամ Թուրքիոյ պարտադրած նախապայմանաւորումը յամառօրէն անտեսողները: Այս, սակայն, ոչինչով կը նսեմացնէ դիւանագիտական գործունէութեան մէջ երկրի մը գրաւած հեղինակային դիրքին կարեւորութիւնը: Ինչ որ, անշո՛ւշտ, Սփիւռքի համար ալ ունի իր կարեւորութիւնը՝ հաւաքական ինքնութեան արժանապատուութեան թէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու արդարահատոյցի մէջ իր կենսական ներդրումի արժեւորման ու շարունակման իմաստով:

Այս բոլորին մէջ անարդար պիտի ըլլայ անտեսել այն սկզբնական առանցքային դերակատարութիւնը, որ ունեցան նախ Սփիւռքի ապա նաեւ Հայաստանի ակադեմականները, պատմաբաններէն մինչեւ իրաւագէտներ, քաղաքագէտներ եւ միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտներ, որոնց տասնամեակներու աշխատանքն ու համագործակցութիւնը ցեղասպանագիտութեան ոլորտին մէջ հայկական ներկայութիւնը դրած է առաջնային գիծի վրայ: Հայաստանը որպէս պետութիւն եւ հայութիւնը որպէս հայրենի թէ սփիւռքեան քաղաքացիական հասարակութիւն դիրքաւորուեցաւ որպէս ցեղասպանութեան կանխարգիլման համամարդկային յանձնառութեան բնորդներէն մէկը:

Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի կենսական կարեւորութեան նսեմացումը նորութիւն մը չէ Հայաստանի մէջ 2018-էն ի վեր իշխող քաղաքական ուժի եւ իր ղեկավարի խաղաղութեան օրակարգին վրայ: Ատոր նորագոյն փաստն է Ցիւրիխի մէջ խումբ մը զուիցերիահայերու հետ իր հանդիպման ժամանակ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնութիւնը հարցը կրկին սեղանի վրայ բերելու: Ցաւալի է, որ Հայաստանի ղեկավարին համար քաղաքական անհրաժեշտութիւն ըլլայ Ցեղասպանութեան հարցը, կամայ թէ ակամայ, պատմական վերատեսութեան տանող իր արշաւը: Եւ հակառակ իր եւ իր հետեւորդներուն հետագայ ճիգերուն՝ բացատրելու, ի հարկին վերաբանաձեւելու, աղմուկ բարձրացուցած իր ըսածները, նիւթի մը մասին, որ, ինչպէս ներկաներէն մէկը դիտարկեց, այնպէս ալ չհասկցուեցաւ թէ ինչու յանկարծ որոշեց արծարծել, թուրք-ատրպէյճանական դիւանագիտութիւնը արդէն արձանագրած է Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան ջաղացքին ջուր լեցնող եւս մէկ փաստ:

Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան թրքական քաղաքականութիւնը կրնայ եւ այնպէս ալ չհետաքրքրել Վարչապետին եւ իշխող քաղաքական ուժին: Բայց իր այս, գիտակից թէ անգիտակից սակայն ամէն պարագայի հետեւողական, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումին սատարող իր վարքագիծը աննկատ չ’անցնիր ցեղասպանութեան հարցով զգայուն եւ ակտիւ միջազգային հանրութեան կողմէ: Վկայ՝ Լեմքինի անուան հիմնարկին բուռն հակազդեցութիւնը. Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը ցեղասպանութեան կանխարգիլման ջանքերուն ալ հասցուած հարուած է: Այս իմաստով ալ կը վարկազրկէ հայկական դիւանագիտութիւնը, որ, ինչպէս նշուեցաւ, յաջողած էր միջազգային բեմահարթակին վրայ Հայաստանը դիրքաւորել որպէս ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման յառաջապահ եւ յանձնառու երկիր:

Ինչ կը վերաբերի Վարչապետին հետ Ցիւրիխեան հանդիպումին մասնակից խումբ մը զուիցերիահայերու հակազդեցութեան բացակայութեան, պիտի՞ մեկնաբանել այն որպէս լուռ համամտութիւն՝ Ցեղասպանութեան թէ Սփիւռքի մասին իրենց փոխանցուած պաշտօնական պատգամին: Ընդունելի՞ էր իրենց համար Փաշինեանեան անհեթեթ բանաձեւումները, որոնք այլապէս կ’ընկալուէին որպէս սփիւռքահայերու ուղղուած զգուշացում. Հայաստանի իշխանաւորներու հետ հանդիպման «բախտին» արժանացածներուն կը մնայ միայն իշխանաւորին լսել, չհակաճառել եւ կուլ տալ անոր ամէն ըսածը:
Մասնակիցներէն միայն մէկ հոգի, Վիգէն Չըթըրեան, նախաձեռնեց Սիվիլնեթ-ի կայքին վրայ 29 Յունուարին տեղադրուած յօդուածով մը («Դժգոհանք Վարչապետի Ցիւրիխեան հանդիպումից») հանդէս գալու պատահածին մասին: Թէ այդ մէկը հանդիպման ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Սփիւռքի մէջ բարձրացած ընդվզման ալիքի հետեւա՞նք էր, թէ սեփական նախանձախնդրութիւն՝ մեկնած Վարչապետի բանաձեւումներու առթած մտահոգութենէն, այնքան ալ կարեւոր չէ: Իւրաքանչիւրը իրաւունք ունի իր ձեւով մեկնաբանելու յօդուածին մէջ տեղ գտած յստակացումները, քննադատական ակնարկները, վերլուծական մատնանշումները թէ առաջարկները, որոնք նաեւ բանավէճի հրաւէրներ են: Վարչապետի խօսքերուն քննադատականօրէն հակազդեց նաեւ Սարգիս Շահինեան, Զուիցերիա-Հայաստան ընկերակցութեան պատուոյ նախագահը, ինչ որ նաեւ արդար է արձանագրել, որպէսզի համայնքի բոլոր անհատները չնոյնացուին այն բուռ մը անձանց հետ, որոնք, ըստ երեւոյթին, գերադաս համարեցին Վարչապետին հետ յաջորդ հանդիպման հրաւէրը ռիսկի տակ չդնել, լուռ մնացին եւ կը մնան: Այդ մէկը, անշուշտ, իրենցմէ իւրաքանչիւրին անհատական իրաւունքն է: Այնպէս ինչպէս իրաւունքն է խմբագրի մը անոնց տալու իրենց այդ վարքագծի արդար ընդվզումին առաջացուցած թէկուզ եւ ոչ շատ քաղաքավարի որակում մը («Ովքեր են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի այն սրիկայ ժառանգները, ովքեր լսել են Փաշինեանի խօսքը ու ձայն չեն հանել», Օրագիր, 26 Յունուար): Կարեւորը, սակայն, գիտակցիլն է, որ Ցիւրիխեան հանդիպման ձեւաչափն ինքնին հայելին է Վարչապետին կողմէ Սփիւռքի ուղղուած ազդարարութեան. միայն պետութիւնն է, որ կ’որոշէ հայկական հաւաքական ինքնութիւնը: Հանդիպումը չէր կազմակերպուած համայնքին հետ, այլ՝ համայնքէն ընտրուած խումբ մը անհատներու, որոնց «քոնֆորմիզմ»ը ի սկզբանէ, առաւել թէ նուազ չափով, ապահովուած էր: Համակերպիլ՝ նոյնիսկ երբ հարցը այդ ինքնութեան այնքան առընչակից Ցեղասպանութեան պատմական վերատեսութեան դուռ բացող եւ թրքական ժխտողականութեան նոր «հիմնաւորումներ»ու առիթ տուող յայտարարութիւններ ըլլան…

Ինչ որ պատահեցաւ Ցիւրիխի մէջ համահունչ է իշխանութիւններու կողմէ համայնքային հաստատութիւններով կայացած Սփիւռքի մերժումին եւ Հայաստանէն դուրս ապրող հայերու այլ հաւաքականութիւն կերտելու ձգտող յարացոյցին. Հայաստանի եւ համայն հայութեան ճակատագիրը ճշդող պետական ամէն որոշումի լուռ համակերպող անհատներու գումարով կազմուած անուանացանկեր, եւ ոչ թէ կազմակերպուած համայնքներու համաշխարհային ցանց, որ զգաստ է իր ինքնութեան սպառնալիքներուն, ատակ է զօրաշարժի, եւ կարող՝ քաղաքական կացութիւն ստեղծելու կամ կացութիւններու աշխուժօրէն հակազդելու: Այն ինչ եղած էր Սփիւռքը 1965-1985/87 թուականներուն, կամ, ժամանակի մէջ աւելի մօտ՝ 2008-9 թուականներուն, երբ «Ոչ» ըսաւ հայ-թրքական փրոթոքոլներուն:

Եւ հարցումը՝ համասփիւռքեան/համահայկական կառոյց եւ զօրաշարժի կարողութիւն ունեցող կազմակերպութիւնները վերջապէս պիտի գիտակցի՞ն Սփիւռքեան ինքնուրոյն օրակարգի մը անհրաժեշտութեան: Որպէսզի իր պատմական փորձառութեամբ կերտուած գոյավիճակային ինքնութեան մը համակարգն ու անոր լինելութեան ու զարգացումի ամբողջ կարողականութիւնը հարցականի տակ չդրուի, չնեսեմացուի եւ չարհամարհուի Հայաստանի մէջ իշխանութեան հասած կամ իշխանութեան ձգտող, եւ, յանուն պետականութեան, ինքզինքին Սփիւռքի հետ գերակայութեան դիրքերէ խօսելու իրաւունք տուող որեւէ քաղաքական ուժի, ոեւէ անձնաւորութեան թէ յաւակնոտ ինչ որ բախտախնդրի մը կողմէ:

Հորիզոն

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
ՆԱԹՕ-ի Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Զարգացման Նոր Փու

Քաղաքականութեան կողքին ի յայտ եկած էր նաեւ նիւթական եւ տնտեսական թնճուկը, զոր

10 Հուլիս 2026
ՀՅԴ Բյուրոյի հայտարարությունը

Հունիսի 7-ին Հայաստանում տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրությունները մեր նորօր

09 Հուլիս 2026
Սա քաղաքական պատվերով դատավարություն է

Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դավիթ Իշխանյանի պատգամը Բաքվի բանտից.

09 Հուլիս 2026
Հակառակ Քոնկրեսական Ընդդիմութեան, Թրամ

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ ՆԱԹՕի վեհաժողովին մասնակցելու հ

09 Հուլիս 2026
Ակնարկ. Ազատ Նաւարկութեան Քաղաքական Ըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը, թէ Իրանի հետ կնքուած հրադադարի

09 Հուլիս 2026
Միջազգային իրավունքը կորցնում է հեղինա

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ե

08 Հուլիս 2026
Պատնէշել Գահավիժումը

Ներելի՞ էր պատրանք ունենալ, որ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը օրէնքներու ճշգ

08 Հուլիս 2026
Փաշինյանը, Էրդողանն ու Ալիևը դժգոհ են

Իսրայելի կառավարության կողմից 2026 թվականի հունիսի 28-ին Հայոց ցեղասպանության

07 Հուլիս 2026
Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկա

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու համահայկական եւ լիբանանեան մարմիններու ներկայ

07 Հուլիս 2026
Այս իշխանության դեմ պետք է համակարգված

«Սա ուղիղ քաղաքական վրեժխնդրություն է, քաղաքական հետապնդում է, մարդկանց մանդատ

07 Հուլիս 2026
Ռէալփոլիթիքի Գործօնը Իր Իսկական Դիմագծ

Վարչապետ Նեթանիահուի կառավարութեան անակնկալ նախաձեռնութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութ

07 Հուլիս 2026
Բագրատունի Այցելեց Մխիթարեան Միաբանութ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

07 Հուլիս 2026
«Հայաստան» դաշինքի հայտարարությունը

«Հայաստան» դաշինքը դատապարտում է բացահայտ քաղաքական հաշվեհարդարի շրջանակներում

06 Հուլիս 2026
Ծառուկյանի նկատմամբ իրականացվողը քաղաք

Բոլորին էլ պարզ է, որ Գագիկ Ծառուկյանի նկատմամբ իրականացվողը քաղաքական վրեժխնդ

06 Հուլիս 2026
«Հայաստան» դաշինքի հայտարարությունը

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, հարգելի՛ ընտրողներ, Սահմանադրական դատարանի վճռից հետ

06 Հուլիս 2026
Կոչ եմ ուղղում Վեհաժողովին՝ Հայաստանու

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանը ա

05 Հուլիս 2026
«Աստուած իմ, գոհարեղէ՜նս»

Յաճախ թերթերու կտրօններ մէկ կողմ կը դնեմ առիթով մը անդրադառնալու համար անոնց։

05 Հուլիս 2026
Տարագիրների հանդեպ քաղաքականությունը Հ

«Ճակատամարտ» օրաթերթը հրատարակվել է 1918-1924 թթ. Օսմանյան Թուրքիայի մայրաքաղա

05 Հուլիս 2026
Հետընտրական գործընթացները Հայաստանում:

Հունիսի 7-ին Հայաստանում տեղի ունեցան հերթական խորհրդարանական ընտրությունները,

05 Հուլիս 2026
Միացումից անկախացում: Ներքաղաքական խմո

Պատմության լուսարձակ «Դրօշակի» 2026 թ.․ երկրորդ համարում «Միացումից անկախաց

05 Հուլիս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company