«Աստուած իմ, գոհարեղէ՜նս»
05 Հուլիս 2026
Յաճախ թերթերու կտրօններ մէկ կողմ կը դնեմ առիթով մը անդրադառնալու համար անոնց։ Գրասեղանիս տարբեր անկիւնները կը թիզուին անոնք՝ կարգի սպասելով։ Կը մոռցուին ալ։ Այս մէկն ալ անոնցմէ մէկն էր, որ յանկարծ վերյիշեցի ուրիշ բան որոնած ատենս։
Վերեւի նոյն այդ վերնագրով, Ժան-Ֆրանսուա Նատօ կը գրէր Փարիզի Լուվրի թանգարանէն անցեալ տարի գոհարեղէնի կողոպուտին յարուցած աղմուկին մասին։ Ճիշտ է, կ՚ըսէր ան, ուշագրաւ արարք մըն էր, եւ հասկնալի էր միջազգային մամուլի լայն անդրադարձը։ Ի վերջոյ ամեն օր չի պատահիր կարճ պահու մը ընթացքին նման (նուազագոյնը 100 միլիոն տոլարի) գողութիւն, Լուվրի պէս կարեւոր հաստատութենէ մը։
Սակայն, կը յարէր ան, իր յօդուածի առաջին իսկ պարբերութեան մէջ, որքա՜ն համեստ կը թուի այդ պոռթկացող միջադէպը այն աւարին բաղդատմամբ, որ աշխարհի ամենէն հարուստ տասը մարդիկը կ՚ունենան՝ իրենց հարստութիւնը բազմացնելով վայրկեանը մէկ միլիոն տոլարով1։ Նպատակս չէ այստեղ ներկայացնել յօդուածին բովանդակութիւնը, այլ խորհրդածել է անկէ մեկնելով, սակայն կ՚արժէ ցոյց տալ վերնագրին առնչութիւնը։ Ան քաղուած է մեծ երգիծանկարիչ Հերժէի վերջին հատորէն՝ իր գլուխ գործոցէն2, ուր անուանի երգչուհին այդպէս կը ճչայ, երբ ելեկտրականութիւնը կը կտրուի ու մութին մէջ կը մնայ դղեակը, իսկ ինք իրար կ՚անցի՝ կասկածելով, թէ իր գոհարեղէնները պիտի գողցուին։
Այո՛, լրատուական միջոցներուն համար Լուվրի կողոպուտին նման յանդուգն քայլ մը իրապէս արծարծուելիք նիւթ էր, սակայն աշխարհ ամեն օր որքա՜ն աւելի մեծ կորուստներու կ՚ենթարկուի ու լրատուները կը մնան մունջ կամ հազիւ մրմունջ մը կը հանեն։ Ասիկա անհերքելի իրողութիւն է թէ՛ մեզի համար, թէ՛ ալ համայն մարդկութեան։ Միայն այս անցնող տարիներուն ինչքա՛ն նման ու բազմապատիկ աւելի ծանրակշիռ ոճիրներ գործուեցան, բայց չարժանացան, գրեթէ՛ չարժանացան այն հակազդեցութեան, որ գոհարեղէնի գողութիւնը յառաջացուց։
Մէկ մարդ անհատի կեանքը որքա՜ն աւելի կ՚արժէ քան «երգչուհիին ոսկիները», բայց ամեն տեղ ոճրագործներ ոչ թէ մէկ, ոչ թէ քանի մը, այլ հազարաւոր մահեր կը պատճառեն ու կը մնան անպատիժ։ Պատերազմներ չեն դադրիր մրոտելէ մարդկութեան տարեգրութիւնը, մինչ ամբողջ հաւաքականութիւններ նուազագոյն ուսման կարելիութիւններէ կը զրկուին, տեսակաւոր հիւանդութիւններու զոհ կ՚երթան, սովի կը մատնուին, զանգուածաբար կը տարագրուին ու կը սրածուին՝ ցեղային մաքրագործումի ենթարկուելով, գիւղեր, աւաններ ու քաղաքներ հիմնայատակ կը դառնան, մինչդեռ այդ պատերազմներու նախապատրաստութեան համար իսկ ծախսուած նիւթականի մէկ տոկոսովն անգամ որքա՛ն կեանքեր կրնային փրկուիլ, որքան զրկանքներ ջնջուիլ։ Բայց զինամթերքի ու զինական բոլոր միջոցներու արտադրութիւնը կը հարստացնէ մարդկութեան ամենէն ունեւոր չնչինին չնչին փոքրամասնութինը։
Սեփական շահու հետապնդումը կանգ չ՚առներ ո՛չ բնութեան ապականացման ու քանդումին առջեւ, ո՛չ մշակութային համամարդկային ժառանգութեան ոչնչացման առջեւ։ Այդ կորսուող հարստութենէն մէկ մատեան, մէկ կոթող կրնայ մի քանի անգամ աւելի արժէք ունենալ քան Լուվրի գոհարեղէնները։ Ընդվզո՞ղը ուր է, բողոքո՞ղը ով է, բողոքը լսո՞ղը…։
Կը շարունակուին ցեղասպանութիւնները։ Ժողովուրդներ կը զրկուին իրենց հազարամեայ տարածքներէն, իրենց քաղաքակրթութեան ժառանգութենէն։
Մենք ականատեսը հանդիսացանք հայութեա՛ն իսկ հասցուած հարուածներուն, ջարդերուն, տեղահանութիւններուն, մեր պատմական յուշարձաններու քանդումներուն՝ աշխարհի անտարբեր հայեացքին ներքեւ։
Հազարաւոր զոհեր տուինք Սումգայիթի եղեռնին, Արցախի պաշտպանութեան մարտերուն, ապա ամբողջ հայկական տարածք մը դատարկուեցաւ։ Բայց աշխարհ ուրի՜շ հարցերով զբաղած է։ Կամ զբաղա՞ծ է, թէ պարզապէս հանդիսատես է։
Այս իրավիճակին մէջ ի՞նչ կրնանք ընել։
Թերեւս հարցումը շրջուած դրուելու է. ի՞նչ չենք կրնար չընել։
Ահա մեր մարտահրաւէրը, որ մերը չէ միայն։
Չենք կրնար լռել։
Չենք կրնար անտարբեր լսել այդ բոլորը, տեսնել այդ բոլորը, անցնիլ այդ բոլորին քովէն ու հեռանալ։
Չենք կրնար յուսահատիլ ու մեկուսանալ հաւաքական կեանքէն։
Չենք կրնար պարզապէս մենք մեր անհատական հարցերը հետապնդել, մեր սեփական հաճոյքները վայելել եւ անտեսել հաւաքական հարցերը, ինչու չէ, նաեւ հաւաքական «հաճոյքները», «շահերը»՝ պահանջնե՛րը։
Մեր ազգի ապագան մեզմէ կախում ունի։ Մարդկութեան ապագան՝ նոյնպէս։
1. Jean-François Nadeau, Ciel, mes bijoux! Le Devoir, 2026-10-27
2. Hergé, Les aventures de Tintin, Les bijoux de la Castafiore
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
