Ակնարկ. Հիմնաւորեալ Եւ Օրինական
19 Հունիս 2025
Սիւնիքի ուղղութեամբ թուրքեւազրպէյճանական նկրտումներու հերթական դրսեւորում էր Պաքուի ներկայացուցիչին յայտարարածը, առ այն, որ իրենք կը սպասեն միջանցքի նախագիծին առումով հայկական ընդառաջումին:
«Զանգեզուրի միջանցք»-ի այս յանկերգը կրնար հերթական յայտարարութեան սահմաններուն մէջ դիտարկուիլ, եթէ անիկա իբրեւ քաղաքական պահ կապ ունեցած չըլլար Իսրայէլ-Իրան պատերազմին հետ:
Ազրպէյճան, բնականաբար Թուրքիոյ հետ, կ՛ուզէ առիթը լիարժէք օգտագործել: Իրանի ներգրաւումը պատերազմին եւ թուլութեան նախանշաններու դրսեւորումը կրնան մղել Պաքուն անցնելու իր դարաւոր երազի գործնականացման:
Ըստ տարբեր լրատուութիւններու, ազրպէյճանական զօրքերու կուտակում արձանագրուած է Նախիջեւանի եւ Սիւնիքի սահմաններուն: Այս մասին յայտնեց նաեւ իրանեան շրջանակներէ հնչեցուած այս ուղղութեամբ վտանգը:
Քաղաքական տրամաբանութեամբ անըմբռնելի է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահին յայտարարութիւնը: Ըստ անոր, Ազրպէյճան հիմնաւոր պատճառ եւ օրինականութիւն չունի Հայաստանի դէմ որեւէ յարձակում սանձազերծելու համար: Աւելցնելով, որ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ արդէն համաձայնած են:
Տրամաբանական հարցումներ կրնան բխիլ այս հաստատումէն: Առաջինը այն, որ ընդհանրապէս զինուորական յարձակումները կը հիմնուին հիմնաւորեալ օրինականութեան վրայ: Երկրորդ, այսպիսով կ՛ենթադրուի, որ հայաստանեան տարածքներու վրայ այսօր տեղակայուած ազրպէյճանական ուժերը հիմնաւոր օրինականութիւն ապահոված են եւ կամ ներխուժած միեւնոյն օրինաչափութիւններուն յարգումով: Չենք խօսիր տակաւին Արցախի մասին:
Եթէ Պաքուն նման քայլի չէ դիմած մինչ այժմ, անիկա կը նշանակէ, որ նախ եւ առաջ կայ իրանեան դիմակայումն ու վճռակամութիւնը սահմաններու անխախտելիութեան:
Պաքուն սպառնալիք ստացած է Թեհրանէն, տարածք չտրամադրելու իսրայէլեան ուժերու, իր դէմ ռազմական գործողութիւններ իրականացնելու համար: Այս առումով իրավիճակ կը փոխուի եւ վտանգը կը մօտենայ, երբ հաստատուի, որ իսրայէլեան ուժերը արցախեան տարածքներէ Իրանի դէմ յարձակման գործողութիւններու կը նախաձեռնեն: Իրան կը պատասխանէ անպայման, եւ Ազրպէյճան ներքաշուած կ՛ըլլայ պատերազմին: Միջանցքի վտանգը աւելի կը մօտենայ:
Բայց անհրաժեշտ է ահազանգել այս վտանգին մասին: Մանաւանդ նկատի ունենալով նախադէպերը: Առիթաւորումը Պաքուի կողմէ նախադէպեր ունի. յիշենք Արցախի նկատմամբ իրականացուած գործողութիւններու քաղաքական պահը` Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմի բռնկման խորապատկերին վրայ:
Կայ տեսութիւն նաեւ, որ միայն իրանեան չէ միջանցքի բացման դէմ արգելքը: Այստեղ աւելի հեռանկարային է նախագիծը: Ապահիւլէականացուած նոր Իրանը, պայմանագիրի կնքման պարագային պիտի ստանայ տնտեսական ապաշրջափակման եւ պատժամիջոցներու վերացման կարելիութիւններ: Թուրանական կամուրջով չէ պայմանաւորուած Իրանի համար Արեւմուտքի հետ կամրջուելու կենսաճանապարհը, որ արտատարածքային կարգավիճակ պէտք չէ ունենայ:
Հայաստանի վարչապետը շուտով կը մեկնի Անգարա: Ըստ յայտարարութիններու, տարածաշրջանային բոլոր խնդիրները քննարկումի առարկայ են: Բնականաբար Անգարայէն դիտուած ամէնէն հրատապը Թուրքիա-Ազրպէյճան ցամաքային ուղիներու խնդիրն է, որ դարձեալ ըստ պաշտօնական յայտարարութիւններուն, միջանցքային կարգավիճակով չէ ներառուած փաստաթուղթի նախագիծին մէջ իբրեւ յատուկ կէտ:
Այս չի նշանակեր, որ քննարկումներուն նախատեսուած օրակարգերէն դուրս է հարցը: Վտանգը առկայ է, մանաւանդ Իրանի ներկայ վիճակը նկատի ունենալով:
Այս հանգամանքներով կը բացատրուի Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի հրապարակած ահազանգը: Անիկա դիմում է միջազգային ընտանիքին եւ համապատասխան բոլոր կառոյցներուն` կանխելու համար թուրանական կամուրջի կառուցման փորձը: Այս պարագային, այո՛, հիմնաւորեալ եւ օրինական իրաւադրոյթներու պարզաբանումով:
«Ա.»
Ազդակ»