Լիբանանի Բաժանման Ծրագիրը Անվերադարձ Վերջ Գտած Է
25 Մայիս 2026
Շաբաթավերջին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին եւ «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան իրավիճակին առնչուող ներքին թէ արտաքին իրադարձութիւններուն:
Ստորեւ, նշեալ զրոյցներու հիմնական կէտերը` սեղմ տողերու մէջ:
«Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանի «Մալաֆֆաթ» («Թղթածրարներ») խորագրեալ յայտագիրի ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ Լիբանան ներկայիս կը դիմակալէ իր գոյատեւման սպառնացող վտանգաւոր մարտահրաւէրներ: Այս ծիրին մէջ իսրայէլեան ծաւալապաշտ ախորժակները կարելի չէ դիմակալել երկրին մէջ տիրող ներքին պառակտուած ու տարակարծիք կեցուածքներու մթնոլորտին մէջ: Ներքին ճակատին անդրադառնալով Բագրատունի ընդգծեց, որ Լիբանանի բաժանման ծրագիրը անվերադարձ վերջ գտած է` դիտել տալով, որ զինադուլի գծով ցարդ տրուած միջազգային երաշխիքները անլուրջ եւ ապարդիւն ելան: Փաստօրէն, Լիբանանի բաժանումը անընդունելի է ներքին, արաբական թէ միջազգային առումով: Բագրատունի կոչ ուղղեց Լիբանանի «Համակեցութեան եւ առաքելութեան» պատգամի վերակենդանացման` ընդգծելով, որ քաղաքական ներքին բաժանման միտող պառակտիչ կեցուածքները պարզապէս կը ծառայեն թշնամիի նպատակներու իրագործման:
Լիբանանի փրկութեան էութիւնը կը կայանայ նախագահին եւ խորհրդարանի նախագահին կեցուածքներուն մէջ, ուր առաջնահերթ են` Լիբանանի գերիշխանութիւնը, տեղահանուածներու տունդարձը, լիբանանեան գրաւեալ տարածքներէն իսրայէլեան ուժերու հեռացումը, Իսրայէլի մօտ արգելափակեալ լիբանանցի գերիներու ազատ արձակումը: Կարգ մը անձնաւորութիւններու դէմ ուղղուած ամերիկեան պատժամիջոցները կը միտին յաւելեալ բարոյական ճնշումներու ճամբով նոր զիջումներ ձեռք ձգել, դիտել տուաւ երեսփոխան Բագրատունի: Բագրատունի այս գծով ընդգծեց Լիբանանի գերիշխանութեան ամրագրման գծով Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական ծոցի երկիրներու եւ Եգիպտոսի ցուցաբերած զօրակցութեան կարեւորութիւնը:
Նոյն ծիրին մէջ երեսփոխան Բագրատունի «Սաութ Քուլ Լուպնան» կայանի «Հատիս Ֆի Ահտաս» խորագրեալ յայտագիրի ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուող ներքին թէ արտաքին կեցուածքներուն: Լիբանանցի անձնաւորութիւններուն դէմ ուղղուած պատժամիջոցներուն անդրադառնալով Բագրատունի դիտել տուաւ, որ անոնք որեւէ ազդեցութիւն չեն ունեցած տուեալ անձնաւորութիւններու կեցուածքներու փոփոխութեան գծով` իբրեւ օրինակ նշելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, նախկին նախարարներ Ուիամ Ուահապի, Ալի Հասան Խալիլի եւ Ժըպրան Պասիլի օրինակները:
Բագրատունի ողջունեց նախագահ Ժոզեֆ Աունի կեցուածքը, որ Միջին Արեւելքի քաղաքական իրավիճակի կողմնացոյցի դերով պարզեց իր հաստատ կեցուածքը` պատրաստակամութիւն յայտնելով թշնամիին հետ ուղղակի բանակցութեան մասնակցելու` նախապայման նկատելով Լիբանանի գերիշխանութեան ամրագրումը` իսրայէլեան ուժերու Լիբանանէն հեռացումով, տեղահանուածներու տունդարձը, գերիներու ազատ արձակումը: Այլ խօսքով` խաղաղութեան բանակցութիւն, որ ըլլայ արդար, ոչ պարտադիր եւ արժանապատիւ, ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց սկզբունքներուն յարգումով, ոչ պարտեալ ոչ ալ յաղթական սկզբունքով:
Պատմական հակիրճ ակնարկով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի վերյիշեց անցեալին լիբանանեան դիմադրութեան ցուցաբերած կեցուածքներուն շնորհիւ արձանագրուած իրագործումները Լիբանանի մէջ` դիտել տալով, որ օրին միջազգային հարթակներուն ուղղուած լիբանանեան կոչերն ու պահանջները մնացին ապարդիւն: Ան յիշեցուց, թէ Իսրայէլի նպատակը ծաւալապաշտական է` թուելով այս վերջինիս Լիբանանի դէմ ներխուժման պատրաստութիւնը, որ օրին կանխուած էր Դիմադրութեան կողմէ: Իսրայէլ տրամադիր չէր ոչ իսկ մէկ գերի ազատ արձակելու կամ թիզ մը հողէ հեռանալու, սակայն եթէ ներկայիս անիկա քաշուի Լիբանանէն, յատկապէս` Լիթանիի հարաւէն, կարելի, կ՛ըլլայ Դիմադրութեան զէնքերու յանձնումին ձեռնարկելու, նշեց Բագրատունի` հարց տալով, թէ արդեօք Իսրայէլ ներկայիս լրջօրէն տրամադի՞ր է խաղաղութեան ձեռնարկելու: Ան կոչ ուղղեց դասեր քաղելու անցեալի փորձութիւններէն:
Ներկայիս ամբողջ Միջին Արեւելքի շրջանը պատերազմական մթնոլորտի մէջ է, նշեց Բագրատունի, հետեւաբար Լիբանան շրջանային այդ համապատկերի ծիրին մէջ պէտք է նկատի ունենայ բանակցութեան իր ուղղութիւնը: 29 մայիս 2026-ին նախատեսուող բանակցութեանց վերաբերող հարցումին պատասխանելով Բագրատունի նշեց, որ տակաւին շատ բանակցային նիստեր պիտի կայանան: Ան իր վստահութիւնն ու հաւատքը յայտնեց նախագահ Ժոզեֆ Աունի ցուցաբերած կեցուածքին գծով: Մեր ճակատագիրն է միասնաբար կրել այս կեանքն ու միասնաբար ապրիլ այս հայրենիքին մէջ, դիտել տուաւ Բագրատունի` ընդգծելով, որ այսպէս եղած է օսմանեան լուծէն մինչեւ Մեծն Լիբանանի եւ ապա սուրիական իշխանութեան օրերուն: Ան դրուատեց խաղաղութեան հաստատման արաբական ճիգերու նախաձեռնութիւնը, սակայն այդ նախաձեռնութիւնները տակաւին չեն աւարտած ու կը կարօտին միջազգային պատրաստակամութեան: Լիբանանեան համաներումի մասին հարցումին անդրադառնալով երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ համաներումի ճակատագիրը ցարդ անորոշ է` հաստատելով, որ այս հարցը զուտ մարդկային բնոյթ ունի:
