Հանդիսաւոր ձեռնարկ՝ Մայիս 28-ի առիթով
06 Հունիս 2026
Մայիս 28-ի առիթով հանդիսաւոր ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Յուսաբեր ակումբին մէջ՝ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Եգիպտոսի մարմնին։
Ձեռնարկին հովանաւորն էր թեմիս առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աշոտ Արքեպիսկոպոս Մնացականեան։ Ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, թեմական եւ քաղաքական ժողովներու ատենապետեր, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ, Հնչակեան, կուսակցութիւններու, ՀԲԸՄ, Հայ Կաթողիկէ համայնքի, Կոկանեան սրահի ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էին նաեւ Նուպարեան-Գալուստեան վարժարանի նախկին եւ ներկայ տնօրէնները, ՀՅԴ-ի, «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան, ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ շրջանի ընկերներ, համակիրներ, երիտասարդներ եւ պատանիներ։
Բացման խօսքը կատարեց եգիպտոսի ՀՅԴի մարմնի ներկայացուցիչ ընկ. Արմէն Մազլումեան՝ շեշտելով Մայիս 28-ի պատմական նշանակութիւնը եւ ազգային ոգիի պահպանման կարեւորութիւնը։

Ապա ցուցադրուեցաւ վաւերագրական ֆիլմ մը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կազմութեան պատմութեան մասին, որ մեծ հետաքրքրութիւն եւ յուզում առաջացուց ներկաներուն մօտ։
Այնուհետեւ իր պատգամը փոխանցեց թեմիս առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աշոտ Արքեպիսկոպոս Մնացականեան՝ անդրադառնալով ազգային ինքնութեան, հաւատքի եւ միասնականութեան կարեւորութեան՝ ներկայ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ։
Ձեռնարկին աւարտին տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ եւ խրախճանք, ուր ազգային-յեղափոխական երգերու խանդավառ մթնոլորտին մէջ ներկաները միացան եւ միասին երգեցին մինչեւ ուշ գիշեր՝ ստեղծելով ազգային շունչով լեցուն ջերմ եւ ոգեշնչող մթնոլորտ։
Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ նպաստեցին այս յիշարժան օրուան արժեւորման։



