Դամբանական Ընկեր Հրաչ Մանուկեանի
20 Հունիս 2026
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրայր Մանոյեանի ընթերցած դամբանականը՝ ընկեր Հրաչ Մանուկեանի թաղման արարողութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 8 Յունիս 2026-ին, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Սիրելի՛ Տորըթի,
Սիրելինե՛ր՝ տէր եւ տիկին Մարտիկ եւ Աննա Ունանեան, Քամի եւ Արամ, տէր եւ տիկին Շանթ եւ Նորա Մանուկեան, Գայլ եւ Լոյս,
Վշտակից հարազատներ, ազնիւ ներկաներ, գաղափարակից ընկերներ։
Այսօր, հաւաքաբար մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք, այս աշխարհին հրաժեշտ տուած ընկեր Հրաչ Մանուկեանին ծանօթացած ըլլալու բախտաւորութեան համար. կը ցաւակցիմ բոլորիդ, բոլորիս, որովհետեւ մեզմէ կը հեռանայ գաղափարի ընկեր մը եւս։
Անձնաւորութիւն մը, որ միայն վկան չէր, այլ կերտողներէն մէկը՝ ազգի պահպանման եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան, իր օրինակելի վարքով եւ անսասան նուիրումով։
Երիտասարդ տարիքին, Եգիպտոսի մէջ, Աղեքսանդրիա, անդամակցած էր ՀՄԸՄ-Կամքին, Երիտասարդականին եւ երդումը տուած՝ միանալու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։
1965-ին, 23 տարեկանին, Գանատա հաստատուելէ ետք շարունակեց իր նուիրումը, մասնակցելով Մոնթրէալի գաղութին կերտման աշխատանքներուն, սկիզբը ընտրուած որպէս Միհրան Փափազեան Կոմիտէի անդամ, ապա որպէս Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին։ Հետագային, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ նշանակուած էր ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» առժամեայ կոմիտէի կազմին մէջ։
Ընկեր Հրաչին համար Դաշնակցութիւնը միջոց էր ծառայելու Ցեղասպանութենէն վերապրած ժողովուրդին, նպատակը՝ արդարութիւն հաստատել, եւ այդ նպատակին համար ան նաե՛ւ երկար տարիներ աշխատած է Հայ Դատի յանձնախումբերու մէջ։ Տարաբնոյթ ցուցական աշխատանքներու պարագային, ան միշտ եղած է առաջնագիծի վրայ։
Պէտք էր տեսնել իր խանդավառութիւնը, ոգեշնչումը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն, Արցախի ազատագրումէն ետք, իսկ Արցախի հայաթափումէն ետք՝ նաեւ իր խոր հիասթափութիւնը։
Ընկ. Հրաչը, միշտ, երբ ստանձնեց պատասխանատու պաշտօններ կամ պարտականութիւններ, ի մտի ունէր դաստիարակել ապագայի սերունդները։
Իբրեւ իսկական դաշնակցական, իրեն համար չկային մեծ կամ փոքր գործեր, կարեւորը՝ ստանձնած այդ գործին մէջ գաղափարական ամբողջական նուիրումն էր։ Այս իմաստով, ան տարիներով օժանդակած է ՀՅԴ ԳԵՄ-ի օրին լոյս տեսած օրացոյցերու հրապարակումին, իր մասնագիտական փորձառութեան կողքին՝ յաջողելով այնտեղ ամբողջապէս ներկայացնել մեր պայքարի ազգային, յեղափոխական եւ գաղափարական երեսները։
Կազմակերպական կեանքի մէջ, շատ համբերող էր, լայնախոհ. սակայն, կարմիր գիծեր անցնողներու նկատմամբ՝ բացարձակ անհանդուրժող։ Իրեն համար կազմակերպական ընկերութիւնը նախ գաղափարակա՛ն ընկերութիւն էր. գաղափարական պայքարի ճամբուն վրայ սայթաքումը՝ աններելի։
Հռետոր չէր եւ իր այս կեցուածքը կ՚արտայայտէր իր պահուածքով, վերաբերմունքով, երբեմն ալ՝ անձնական զրոյցով։
Կասկած չկայ, որ մեզմէ բոլոր անոնք, որոնք ճանչցած, աշխատած կամ նոյնիսկ առիթով մը ծանօթացած են ընկեր Հրաչին, իր նկարագրէն մասնիկ մը սերմանուած է մեր անձին մէջ։
Յետ այսու ընկեր Հրաչ Մանուկեան կը միանայ Դրոյի երկաթեայ բազուկի գաղափարակից անմահացած նուիրեալներու փաղանգին։ Կը վերանորոգենք մեր երդումը, ձե՛ր օրինակով շարունակելու մեր գաղափարական պայքարը։
Հողը թեթեւ գայ, սիրելի՛ ընկեր Հրաչ:
«Հորիզոն»
