ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Յօդուածներ

Քեսապի Երրորդ Տեղահանութեան Վեցերորդ Տարելիցէն Ետք

29 Ապրիլ 2020 ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արդէն շաբաթներ սահած են Քեսապի երրորդ տեղահանութեան վեցերորդ տարելիցի չարաբաստիկ թուականէն` 21 մարտ 2014, երբ գիւղին տարածքը բռնագրաւուեցաւ թրքական զինումներու զօրակցութիւնը վայելող ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ, եւ ժողովուրդը տեղահան եղաւ իր տունէն, հողերէն…

Մինչ այդ, Սուրիոյ տագնապն ալ բոլորեց իր իններորդ տարին (13 մարտ 2011). ինը տարուան մէջ տագնապը ինը անգամ ինը՝ իր խորքն ու դիմագիծը փոխելով, եւ ցայսօր աւարտելու նշոյլներն ալ չեն երեւիր, եւ ահա «Քորոնա» ժահրը եկաւ այս բոլորին վրան աւելնալու… Տագնապալի աշխարհ, տագնապալի տարածաշրջան եւ երկիր, ապա եւ՝ տագնապալի գիւղ…

Այսօր, սակայն, իրականութիւն դարձած է Դամասկոսի գաւառային նահանգը, մերձակայ երեք նահանգները, Կեդրոնական շրջանի երկու նահանգները վնասազերծուած են. ծովեզերեայ Լաթաքիոյ նահանգէն սահմանափակ շրջան մը, Թուրքիոյ հետ սահմանամերձ շրջան մը տակաւին անոնց՝ ահաբեկիչներուն հակակիշռին տակ կը մնան, ինչպէս Հալէպ նահանգի հիւսիսային գաւառները, իսկ երկրին հիւսիսային` Իտլիպի նահանգը, դարձած է անոնց հաւաքավայրը:

Չմոռնանք նշելու, թէ արեւելեան եւ հիւսիս-արեւելեան նահանգները` Սուրիոյ հացահատիկի եւ նաֆթի շտեմարանները, բռնագրաւուած կը մնան թուրք, ամերիկեան եւ անոնց վարձկան խմբաւորումներուն (թուրքմէն, արաբ, քիւրտ… եւ այլն) կողմէ:

Իտլիպի նահանգին գծով ըսենք, որ հոն կուտակուած ահաբեկչական խումբերուն կողքին, կուտակուած են թրքական բանակի ջոկատներ (կ՛ըսուի մօտ 15.000 զօրք եւ կազմածներ):

Իտլիպի նահանգին արեւմուտքը գտնուող Լաթաքիոյ նահանգի բռնագրաւուած հիւսիս-արեւելեան շրջանը շատ ալ հեռու չէ Քեսապէն. 15-էն մինչեւ 40 քիլոմեթր միայն, ուրկէ կը հրակոծուի Քեսապը մերթ ընդ մերթ:

Կ՛ըսուի, թէ Քեսապի մօտակայ այդ վայրերուն մէջ գտնուող զինեալները բաղկացած են իկոր, չեչէն, աֆղան… եւ այլն ժիհատականներ՝ ամէնէն վայրագ ու արիւնակզակ ահաբեկիչներ:

Ուրեմն, եզրակացնելով, Քեսապը խցկուած կը մնայ Միջերկրական ծովու եւ Թուրքիոյ միջեւ կազմուած եռանկիւնի մը մէջ:

Պատկերը աւելի ամբողջական ըլլալու համար տեղին է նշել, որ Քեսապի հետ Թուրքիոյ (բռնագրաւուած Իսկէնտէրունի նահանգի, այժմ Հաթայ անուանուած), 25 քմ սահմանագիծի երկայնքին (եւ անդին մինչեւ իրաքեան սահմանը` մօտ 900 քմ), թուրքերը կառուցած են երեք մեթր բարձրութեամբ շաղախէ «ամօթի եւ վախի» պատ մը, փշալարերով պսակուած, որուն ետին լայն ու երկանքին սողացող ճանապարհ մը, ուր կը գտնուին եօթնէ աւելի զօրանոցներ, իսկ բռնագրաւուած Կասիոս լերան գագաթը պղծուած է ու իր աշխարհագրական պատկերը շրջուած, հոն կառուցուած է հսկայ ռազմակայան մը, ՕԹԱՆ-ի եւ Հրէաստանին սպասարկող, հաւանաբար:

Այստեղ մէջբերենք, որ 2019-ի գարնան, մայիս ամսուան սկիզբը, երբ Քեսապն ու քեսապցիք կը պատրաստուէին տօնել Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակը, հանդիսութենէն քառորդ ժամ առաջ եւ յաջորդ ժամերուն Քեսապի վրայ տեղացին եօթը հրասանդի կամ «Կրատ» հրթիռներ, որոնցմէ մին վիրաւորեց երկու երիտասարդներ եւ պատճառեց նիւթական վնասներ:

Յաջորդող օրերուն եւ շաբաթներուն Քեսապի վրայ տեղացին քանի մը տասնեակ հրթիռներ, որոնք ինկան լեռնային շրջաններուն մէջ, սակայն ահ ու սարսափ սփռեցին, թունդ հանեցին բնակչութեան սրտերը ու մեծ հարուած հասցուցին զբօսաշրջութեան կեանքին:

Ապահովական նկատառումներով, Քեսապի մէջ կայանալիք սուրիահայ միութիւններուն աւանդութիւն դարձած ամառնային բանակումները չեղեալ նկատուեցան, այլ ապահով վայրերով փոխարինուեցաւ Քեսապը, ինչ որ Քեսապի հայաշունչ ամրան օդափոխութեան կեանքին գորշ ու մուգ գոյն մը սփռեց։ Մինչ այդ, գիւղատնտեսութիւնն ալ ստացած էր շատ ծանր հարուած մը գարնանային կարկուտի մը տարափին պատճառով՝ պտղատու ծառերու ծաղկման, յաջորդող օրերուն ու հանգրուանին:

«Ամառնային» վերջին հրթիռը ինկաւ Քեսապի մօտերը, օգոստոս ամսուն, երբ օդափոխութեան եւ զբօսաշրջութեան կեանքը կը փորձէր իր սպիները դարմանել:

Ստորագծելի երեւոյթ էր նաեւ Սուրիոյ պարտադրուած տնտեսական անմարդկային պաշարումը, նոյնիսկ առողջապահական բնագաւառին մէջ առկայ «Քորոնա» ժահրի վտանգի այս օրերուն՝ արեւմտեան եւ ամերիկեան երկիրներուն կողմէ:

Զերօ արտածումներ. դրամային, դրամատնային պաշարում, փոխադրամիջոցներու արգելքներ… եւ այլն:

Շատ կարճ տեւեց Յորդանանի թէ Իրաքի սահմաններու բացման ուրախութիւնը, որ պիտի ծառայէր Սուրիոյ թէ Լիբանանի արտադրութիւններուն արտածումին: Ամերիկացիք բանիւ թէ գործով, նոյնիսկ զինական միջոցներով խափանեցին այդ մէկը:

Լիբանանի մէջ ծագած քաղաքական թէ տնտեսական տագնապը փակեց Սուրիոյ աշխարհին բացուած փոքրիկ պատուհանը:

Սուրիական լիրան կորսնցուց արդէն տկարացած իր գնողական կարողութեան արժէքին մնացած ուժը: Ներածուած, արդէն իսկ սուղ ապրանքներուն գիները կրկնապատկուեցան: «Քորոնա» ժահրին պատճառով սահմաններու փակումը աւելի սրեց վիճակը եւ բարձրացուց ներածուած նիւթերուն գիները:

Անշուշտ որ Կեդրոնական իշխանութիւնը իր կարելին կատարեց՝ արդար բաժանումով վառելանիւթի թէ կենսական մթերքներ (շաքար, բրինձ, թէյ, հացահատիկ… եւ այլն) համեմատաբար տանելի գիներով բնակչութեան հասցնելու:

Անշուշտ որ Քեսապն ու քեսապցին անմաս չմնացին այս ամէնէն: Գիւղատնտեսական բերքերու համեստ գիներուն դիմաց (արդէն աւելի քան համեստ քանակով բերքերուն) անհրաժեշտ նիւթերը` պարարտանիւթեր, վարաքներ կանխարգիլող քիմիական դեղեր… եւ այլն կրկնակի գիներով սկսաւ գնել քեսապցին:

Նշելի է, որ հացը պահեց իր սակն ու առատութիւնը:

Քեսապի վարժարանները՝ մէկ պետական, մէկ ազգային երկրորդական եւ չորս նախակրթարաններ, անխափան բանեցան: Կանուխէն կարելի եղաւ անոնց ապահովելել դասարանները ջերմացնելու վառելանիւթ:

Յիշարժան է, որ Քեսապի հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտութենէն կրթաթոշակին հազիւ քառորդը կը գանձեն, մինչ ստեղծուած բացը կը փակուի նուիրատութիւններով, օժանդակութիւններով, որոնց յարատեւութեան առջեւ ուրուագծուած են բազմաթիւ հարցականներ:

Մանաւանդ երկրորդական վարժարաններուն առջեւ ցցուած դժուարութիւններէն է նաեւ զանոնք ատակ ուսուցիչներու կազմերով ամբողջացնելը: Անոնց հեռաւոր վայրերէ երթեւեկը, կամ Քեսապի մէջ կեցութեան դժուարութիւնները նուազ մարտահրաւէրներ չեն:

***

Տողերս ճերմակ թուղթին յանձնելու օրերուս, Քեսապի ընկերատնտեսական եւ ընդհանրապէս կեանքը կարծես կանգ առաւ կամ գաղտագողի կ՛ընթանայ:

«Քորոնա» ժահրը, որմէ երկիրս գուցէ նուազագոյնը վարակուած է, նախազգուշական միջոցառումներէն եղաւ այն, որ պարէտային գիշերային ժամը նոր վարքագիծ պարտադրեց: Գիշերային 12 ժամուան արգելքը` իրիկուան 18:00-էն մինչեւ ցերեկուան ժամը 6:00 հաւաքներուն արգելքը, կեանքը արգելակեցին, եւ գիւղս կարծես ամայացաւ: Ուրուականային մթնոլորտ է կարծես:

Ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը կէսօրուան ժամը 12:00-ին կը սկսի պարէտային վիճակը: Նահանգի գլխաւոր քաղաքներու մուտքը արգիլուած է, նոյնպէս՝ քաղաքէն ելքը, ինչպէս նաեւ նահանգէ-նահանգ երթեւեկը, բացի արտօնեալ եւ արդարացի պարագաներէ:

Բարեբախտաբար այդ արգելքներէն զերծ մնացին կենցաղային արտադրութեանց մեքենաները, ու անոնց երթեւեկը փրկեց շրջանները մթերքներու սակաւութենէն, թէեւ գիները` որոշ նիւթերու, մագլցում արձանագրեցին:

Պետութեան ձեռք առած միջոցառումները, որոնց մասին վերը նշեցինք, սանձեցին ընչաքաղց մարդոց ցաւալի այս առիթը օգտագործելու ախորժակները՝ զսպելով կամ մեղմացնելով սղաճը:

Վառելանիւթի սահմանափակութեան «քոթա»-ի չափանիշը որեւէ փոփոխութիւն չէ կրած, եւ կարծես կը բաւարարէ հանրութիւնը, մինչ Քեսապի ամենամօտիկ վառելանիւթի լցակայարանը 15 քմ հեռու է Քեսապէն, ինչ որ շրջանցելի է ցարդ:

Քեսապի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ մէջ, դեղ-դեղորայքներու պակաս չէ արձանագրուած, բացի մի քանի օրուան տատանումներէն. հականեխումի նիւթեր, ինչպէս ալքոլ… եւ այլն, գիներու փոքր յաւելում արձանագրելով, առատ են:

«Քորոնա» ժահրին համաշխարհային բնոյթը գուցէ իր ազդեցութիւնը թողու մարդկային, ընկերատնտեսական վիճակներուն վրայ… որմէ Քեսապը անկարող է խուսափիլ (ինչպէս հարազատներու իրարու նիւթական նպաստները, վարժարաններուն օժանդակութիւնները… եւ այլն):

Հոգեւոր, կրթական, մշակութային եւ միութենական կեանքի ցնոր տնօրինում առկախումը անպայման իր ժխտական անդրադարձը պիտի թողու Քեսապի հայութեան կեանքին վրայ, գուցէ նաեւ տնտեսական կեանքի կարգ մը բնագաւառներուն վրայ:

Վերը նշուած իրողութիւններն ու մտահոգութիւնները զուտ քեսապցիական չեն, այլ հայկական ու համամարդկային:

Կեանքին բնականոն հունի մէջ մտնելու պարագային, անկարելի պիտի չըլլայ վերականգնել կորսուածը: Այդպէս եղաւ 2014-ի տեղահանութենէն, տուն ու գիւղ վերադարձած քեսապցիին համար: Տատամսոտ քայլերով սկսած, ինքնավստահ քայլերու վերածուեցան կարճ ժամանակի ընթացքին:

Լոյսին ու յոյսին պիտի յաջորդեն վճռակամ քայլեր, ոստումներ, ձգտումներ:

Քեսապի տեղահանութեան օրերուն, երբ 2014-ի մայիսին տակաւին Լաթաքիա կը մնայինք ժողովի մը ներկայ ըլլալու համար, Հայաստան ուղեւորութեանս ճամբուն վրայ Լիբանան հանդիպելով, որպէս քեսապահայութեան համար մամլոյ պատասխանատու թէ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի Քեսապի գործադիր մարմինի անդամ, հանդիպումներ ունեցայ Պէյրութի կարգ մը առնչակից վարչութեանց հետ, եւ երբ Քեսապը ազատագրուած տեսնելու թէ վերականգնումի համար մտքեր կ՛արտայայտէի, շատեր կը կը բաժնէին լաւատեսութիւնս եւ կ՛արձագանգէին, սակայն ոմանց համար ալ ըսածս երազային կը թուէր: Բայց յոյսը ունենալով, դէպի լոյսը ձգտելով Քեսապ հաստատ մնաց՝ մաշելով հանդերձ:

Հայութիւնը, քեսապահայութիւնն ալ ունին մարտահրաւէրներուն դիմակայելու բնազդն ու միտքը. այնպէս որ «Քորոնա» ժահրին համաճարակն ալ որպէս մարդկային կեանքի փորձութիւն, արդէն կը դիմակայուի ու սուրիական` սուրիահայկական այս մարտահրաւէրն ալ անշրջանցելի պիտի չըլլայ…

Մեր եղեռնաբախտ բանաստեղծը` Սիամանթոն գրած է.

– Օ՛ն, սլացի՛ր երիվար,

Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար:

Մեծ եղեռնէն երեք տարիներ ետք մայիս 28 եւ «Վեց դարերու խաւարի վրայ դրօշ Եռագոյն»:

***

Յ. Գ.- Սիրելի՛ ընթերցողներ,

Որպէս վերջաբան գրութեանս, կը փափաքիմ երախտիքներս յայտնել «Ազդակ» օրաթերթին, անոր անձնակազմին, խմբագրական կազմին, խմբագիրներուն եւ խմբագրապետին, որոնք օրաթերթին մէջ Քեսապը ապրող պահելու ճիգ չեն խնայեր, ինչպէս այսօր, դժնդակ պայմաններու տակ գործելով, թերթին ամէն օր լոյս կու տան:

Խմբագրապետ Շահան Գանտահարեանին իւրայատուկ բառերով` «Ազդակ»-ի պատուհանէն, Քեսապ հայկական լրատուական դաշտ դուրս կու գայ»:

Ձեր վարձքը կատա՛ր ու յաջողութիւն:

Քեսապ, 9 ապրիլ 2020

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Դա բոլորիս պատվի խնդիրն է, առավել ևս՝

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դավիթ Իշխանյանի ուղերձը Բա

09 Սեպտեմբեր 2026
Կրկնուող երեւոյթներ, զորս Փաշինեան չի

Ամէն անգամ, երբ ՀՀ իշխանութիւնները Ատրպէյճանի հետ բանակցային նոր հանգրուան մը

09 Սեպտեմբեր 2026
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով

Սփիւռքի Զօրաշարժի Խորհրդաժողովին (Փարիզ, Ապրիլ 11-12) ընթացքին տեղի ունեցած չո

09 Սեպտեմբեր 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ

Սէրուժ Խանճիհանեանի հարցազրոյցը ՀՅԴ անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խա

08 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը ցանկանում է Հայաստանը վերածե

Հայոց ցեղասպանության գլխավոր կազմակերպիչ Թալեաթ փաշան 1915 թվականի իր նամակներ

07 Սեպտեմբեր 2026
Ի՞նչն է «վատ» կամ «լավ» հայության համա

Վերջին տարիներին Հայաստանի և Սփյուռքի հայությունը հիմնականում բաժանվել է երեք

05 Սեպտեմբեր 2026
Ինչ է լինում, երբ «ասֆալտը՝ ասֆալտ» է

«Ինչու են ասֆալտի վրա շատ կենտրոնանում, որովհետև ասֆալտից էդ ա, բանը... Ինչու

05 Սեպտեմբեր 2026
TRIPP-ը և Իրանը. անվտանգային մտահոգութ

TRIPP-ը Հայաստանի Հանրապետության հարավային տարածքով անցնող մոտավորապես 43 կիլո

05 Սեպտեմբեր 2026
Գաղափարական պայքարի Դրօշը դեռ երկար պե

Հարցազրոյց «Դրօշակի» խմբագիր ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆԻ հետ Վրէժ-Արմէն – Սովորական

05 Սեպտեմբեր 2026
«Խաղաղություն» առանց երաշխիքի. օգոստոս

2025 թվականի օգոստոսի 8-ին Վաշինգտոնում Սպիտակ տան տիրոջ՝ Դոնալդ Թրամփի մասնակ

05 Սեպտեմբեր 2026
Արդյո՞ք լավ ենք ճանաչում մեր հասարակու

Չափազանց բարդ ու զգայուն հարցի հետ գործ ունենք: Չեք գտնի թեկուզ մի քիչ խելամիտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանը և ՀԱՊԿ-ը մոտենում են անդարձե

2026 թվականի մայիսին ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյանը և ԱՄՆ պետքարտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանական իշխանությունը որպես Հայա

Ինչպես գրել էինք «Դրօշակի» սույն թվականի հունիս ամսվա համարում. «Հայաստանի Հան

05 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2ը Արցախի Հայութ

1991 Սեպտեմբեր 2ին, 35 տարի առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեա

04 Սեպտեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Պայքարին այլընտր

2026 թվականի խորհրդարանական ընտրություններում վերարտադրվելու համար Նիկոլ Փաշին

03 Սեպտեմբեր 2026
Մոսկուա – Պաքու Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Անցողակի

25 Դեկտեմբեր 2024-ին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած

03 Սեպտեմբեր 2026
Հալածանքը Կը Շարունակուի

Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ե

03 Սեպտեմբեր 2026
Արցախից յետոյ, թէկուզ ջրհեղե՞ղ…

Թող ոչ ոքի համար տարօրինակ չթւայ, որ հայկական Արցախի կորստից յետոյ, սպասելի էր

02 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սփիւռքի վերակազմակերպման ե

Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի նոր կայքէջի

02 Սեպտեմբեր 2026
Նրանք, ովքեր չեն մասնակցել Արցախի շարժ

Այսօր տոն է, 35 տարի առաջ Արցախյան շարժումը, որ սկսել էր 80-ականների վերջերին,

02 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company