Հազարաւոր վայրեր ծածկանուններ ունէին, օրինակ՝ ծաղիկը կամ Վիշապը՝ Պոլիսն էր…
07 Հուլիս 2019 Հարցազրոյց՝ Երուանդ Փամպուքեանի հետՊէտք է մօտէն ճանչնալ Երուանդ Փամպուքեանը։ Պատմաբան, ուսուցիչ, խմբագիր, ծածկագրագէտ, ապրած է մտաւորական ու կրթական բեղուն կեանք մը։ 86 տարեկան հասակին տակաւին երիտասարդի աւիւնով կ՚աշխատի, կը հետազօտէ։
2017-ին լոյս ընծայեց՝ «Մեծ Եղեռնի առաջին վաւերագրողը՝ Շաւարշ Միսաքեան» հատորը, որուն առաջին բաժինը՝ «Նամակներ Պոլսոյ թաքստոցներէն», կ՚ընդգրկէ Շաւարշ Միսաքեանի նամակները, գրուած՝ 1915-ին եւ ուղղուած՝ Սոֆիա, ՀՅԴ Պալքանեան Կեդրոնական կոմիտէին։ Բ. բաժինը՝ «Մեծ ճգնաժամը», Շ. Միսաքեանի յօդուածաշարքն է տպուած՝ Սոֆիայի «Հայաստան» թերթի 13-5-1915 / 19-9-1915 թիւերուն մէջ։ Երրորդ բաժինը՝ «Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը», պատումն է անոր բանտարկութեան դրուագներուն։ Իսկ յաւելուածը կը պատմէ Միսաքեանը թուրք ոստիկանութեան մատնած Վլատիմիր Տիմիթրիեւի՝ Եզիտ Արշակի կողմէ ահաբեկման մասին։
* * *
«Նոր Յառաջ» – Գիտեմ, որ ճանչցած էք Շաւարշ Միսաքեանը եւ կապեր ունէիք «Յառաջ»-ի հետ։
Երուանդ Փամպուքեան – Այո՛, «Յառաջ»-ի հետ հին կապեր ունէի։ 50-ական թուականներուն, երբ Պելճիքայի Լուվեն համալսարանը կ՚ուսանէի, յաճախ տեղւոյն հայ կեանքէն եւ մասնաւորաբար ուսանողներու կազմակերպած ձեռնարկներու մասին զեկոյցներ կը պատրաստէի ու կը ղրկէի «Յառաջ»-ին։ Շաւարշ Միսաքեանի մահէն յետոյ 1957-ին նոյնիսկ ամիս մը Փարիզ գացի եւ աշխատակցեցայ թերթին։ Պէտք է ըսեմ, թէ Շ-ի բացակայութիւնը շատ զգալի էր։
«ՆՅ» – Ի՞նչ ճիւղ ուսանած էք։
Ե.Փ. – Գլխաւորաբար քաղաքական գիտութիւններ՝ միջազգային յարաբերութեանց ոլորտին մէջ։ Բայց նախքան Պելճիքա երթալս տարի մը Վենետիկի Մխիթարեաններուն մօտ (Սուրբ Ղազար) ուսանած եմ՝ հայագիտութիւնս զարգացնելու համար։ Ըսեմ, թէ հոն Մխիթարեան մշեցի վարդապետներէն պատմաբան Հայր Սահակ Տէր Մովսէսեան, որ այդ օրերուն 70-ը անց յառաջացած տարիք ունէր, յանձնարարեց նշեալ համալսարանին մէջ ուսումս շարունակել, որ այն ատեն միջազգային համբաւ ունէր եւ շուրջ 15 հազար ուսանողներ։ Քաղաքական գիտութիւններու ճիւղը ընտրած էի, որովհետեւ մեծ երազանքներ ունէի, որ օր մը Հայաստանը կ՚անկախանայ եւ կրնամ թերեւս Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պաշտօն մը ունենալ։ Իսկ երազանքս անիրատես չէր։
Ընտրած երկրորդ ճիւղս արեւելագիտութիւնն էր, բայց դժբախտաբար չկրցայ աւարտել՝ նիւթական դժուարութիւններու պատճառով։ Այնուհետեւ 1958-ին վերադարձայ Պէյրութ՝ միջհամայնքային տագնապի օրերուն։ Եկեղեցական հարցերը աւելի կանուխ սկսած էին եւ լարուած էր կացութիւնը։ Զօրաւոր պայքարներ կը տարուէին։ Ես այն ժամանակ թէ՛ կաթողիկոսարանի դպրեվանքի եւ թէ Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ ուսուցչութեամբ կը զբաղէի եւ Հայոց պատմութիւն կը դասաւանդէի։ Այն ատեն Սիմոն Վրացեանն էր Ճեմարանի տնօրէնը։ Լիբանանի Հայութեան վերելքի տարիներն էին։ Համայնքի թիւը հետզհետէ կ՚աւելնար, որովհետեւ այլ երկիրներէ եւ յատկապէս Սուրիայէն Հայեր Լիբանան կը հաստատուէին։
«ՆՅ» – Գրիգոր Շահինեանն ալ ձեզի ժամանակակից էր եւ Ճեմարան կը պաշտօնավարէր։
Ե.Փ. – Պրն Շահինեանը Պելճիքայէն կը ճանչնայի։ Ան Պրիւսէլի համալսարանը կ՚ուսանէր եւ ինձմէ երկու տարի առաջ աւարտած է իր ուսումը։ Վերջը հոս Ճեմարանին մէջ տարիներ շարունակ պաշտօնակից եղանք։ Հետաքրքրական բան մը պատմեմ։ Երբ ես Պէյրութ հասայ, քաղաքական խառնակ կացութիւն կը տիրէր եւ դժուար էր Ճեմարան հասնիլը։ Լաւ կը յիշեմ, այն օրերու առաջնորդ Խորէն սրբազանի (հետագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս) ինքնաշարժով կրցանք անցնիլ քաղաքին միւս կողմը, ուր կը գտնուէր Ճեմարանը։ Այնտեղ հանդիպեցայ Սիմոն Վրացեանին որ զիս տեսնելով շատ ուրախացաւ եւ ըսաւ.- «Լաւ որ եկար, շատ դժուար ուսումնական տարի մը անցուցինք, որովհետեւ Հայոց պատմութեան ուսուցիչը տարի մը առաջ մահացած ըլլալով զայն փոխարինած է Շահինեանը, որուն սրտովը չէ պատմութիւն դասաւանդելը եւ ոչ ալ իր մասնագիտութիւնն է»։ Այնուհետեւ ես ստանձնեցի այդ պարտականութիւնը։
Դրուագ մըն ալ պատմեմ իմ ուսանողական օրերէս։ Պելճիքա հասնելով ես անդամակցեցայ հոն գործող Հայ ուսանողական միութեան եւ քանի մը ընկերներով աշխուժ աշխատանք կը տանէինք։ Օր մը միութեան վարչութեան կողմէ տանս հասցէին Պրիւսէլ ժողովի հրաւէր մը ստացայ (յետոյ պիտի իմանայի որ Շաւարշ Միսաքեանն էր վարչութեան եւ իմ միջեւ կապը ստեղծողը)։ Ժողովի ատեն շատ վրդոված՝ դիտել տուի, թէ ղրկուած հրաւէրին մէջ ուղղագրական սխալներ կան եւ ատիկա վայել չէ մեզի։ Բայց երբ իմացայ, որ գրողը տան մէջ մեծ մայրիկէն հայերէն սորված է, խղճի խայթ զգացի՝ կոպիտ վերաբերումիս համար…։ Հոն մեր միութեան ջանքերով յաջողեցանք Կանթի (Պելճիքա) համալսարանին մէջ զետեղել Դանիէլ Վարուժանի յուշաքանդակը։ Բացման արարողութիւնը փառաշուք էր։ Հոն էին Դանիէլ Վարուժանի կինը՝ իր երկրորդ ամուսնոյն հետ, Վարուժանի եղբայրը՝ ընտանիքով, որ Ֆրանսա ապրած եւ պատերազմի ժամանակ Գերմանացիներու կողմէ գերի բռնուած է, Հրանտ Սամուէլը, Ֆէյտին…։ Կը յիշեմ՝ ամբողջ շաբաթ մը Պելճիքայի զանազան շրջաններուն մէջ ֆրանսերէնով Վարուժանի մասին դասախօսութիւններ տրուեցան, որոնց լայնօրէն արձագանգեցին տեղական մամուլը եւ ձայնասփիւռը։ Լուրը մինչեւ Երեւան ալ հասած էր…։ Այսպէս.- 1963-ին առաջին անգամ Երեւան գացի ուսուցչական խումբով մը։ Կը յիշեմ որ Թումանեանի պողոտայէն կը քալէինք՝ Եդուարդ Տասնապետեանի հետ (Հրաչ Տասնապետեանի հայրը)։ Մեր դիմացը մարդ մը ելաւ եւ Տասնապետեան զիս անոր ծանօթացուց, ըսելով՝ Երուանդ Փամպուքեանն է։ Այդ մարդը մէկ անգամէն վիզս փաթթուեցաւ եւ «Երուանդ ջան» ըսաւ…, տեսայ որ աչքերէն արցունք կը հոսի…, իմացայ որ գրող Սողոմոն Տարօնցին է եւ Դանիէլ Վարուժանի պրիւսէլեան շաբթուան լուրերէն տեղեակ է՝ իմ թղթակցութիւններուս ճամբով։ Պէտք է ըսել, որ Տարօնցին մեծ սէր ունէր Վարուժանի նկատմամբ եւ հեղինակին մէկ հատորը ինք խմբագրած եւ կազմած էր։
«ՆՅ» – Կը զարմանամ որ դուք 1963-ին կրցած էք Հայաստան երթալ, նկատի ունենալով այդ օրերուն՝ Դաշնակցութեան հանդէպ եղած արգելքները…։
Ե.Փ. – Գիտէք, 1962-էն առաջ դաշնակցական չէին հրաւիրեր Հայաստան, բայց անկէ յետոյ «ձիւնհալը» սկսաւ։ Մուշեղ Իշխան, Հրաչ Տասնապետեան եւ Գրիգոր Շահինեան (թէեւ կուսակցական չէր) 1962-ին Հայաստան հրաւիրուեցան։
«ՆՅ» – Դուք ուսուցչութեան կողքին նաեւ հետազօտութիւններ կատարած էք, իսկ հիմա ՀՅԴ արխիւներու պրպտումով եւ հրատարակութեամբ կը զբաղիք։ Ե՞րբ սկսած էք այս աշխատանքը։
Ե.Փ. – Պատմութիւնը նախասիրութիւնս ըլլալով՝ ատենին պատմական ուսումնասիրութիւններ ըրած եմ, իսկ ՀՅԴ արխիւներու հրատարակութեան աշխատանքը հանգստեան կոչուելէս ետք սկսած եմ եւ արդէն շուրջ 15 տարի է, որ այս գործին նուիրուած եմ։ Ես պատմութիւն չեմ գրեր, այլ կը ներկայացնեմ Դաշնակցութեան պատմութիւնը՝ արխիւային նիւթերու ընդմէջէն։ Այսինքն կը դասաւորեմ ու կը հրատարակեմ փաստաթուղթերը՝ մանրակրկիտ ծանօթագրութիւններով։ Ինձմէ առաջ այս աշխատանքը կատարած է Հրաչ Տասնապետեանը՝ կազմելով չորս հատորներ։ Ես ցարդ 9 հատոր հրատարակած եմ եւ այժմ կ՚աշխատիմ 10-րդին վրայ։
«ՆՅ» – Պատմութեան ո՞ր շրջանին հասած էք։
Ե.Փ. – Վերջին հատորը որ շուտով լոյս պիտի տեսնէ՝ մեզ կը հասցնէ մինչեւ 1918 Մայիս ամիսը։ Տակաւին տարուելիք ծով աշխատանք կայ։ Այս արխիւներուն մէջ մխրճուելով կ՚անդրադառնամ, թէ ՀՅԴ հիմնադիրները տեսիլք ունեցած են՝ ապագային համար պատրաստելու նիւթեր, փաստաթուղթեր…։ Եւ ի՜նչ մեղուի աշխատանք կը պահանջէ՝ Ժընեւ գտնուող «Դրօշակ»-ի խմբագրատան մէջ մէկտեղել կուսակցութեան արխիւները՝ աշխարհի ամէն կողմէն, ըլլայ ցարական Ռուսաստանէն կամ օսմանեան Թուրքիայէն։ ՀՅԴ հիմնադիր երրորդութենէն Ռոստոմը այս արխիւներու կազմութեան մէջ մեծ դեր ունեցած է. ան տեղ մը կը գրէ, թէ 1918-ին Պաքուի ինքնապաշտպանութեան օրերուն ժողովի մը կը մասնակցի, ուր Ռուսեր, Վրացիներ ալ ներկայ են եւ ճառեր կը խօսուին։ Ինք լուռ կը մնայ եւ իր քովը նստած Ռուսը նկատել կու տայ, ըսելով՝ «ընկ. Ռոստոմ մենք ձեր ձայնը չլսեցինք»։ Ռոստոմ կը պատասխանէ.- «Մենք եթէ խօսէինք այդքան գործ չէինք կրնար տեսնել»…։ Դժբախտաբար այդ բոլոր արխիւներէն հարիւրէն 15 տոկոսը մեր ձեռքին տակն է, իսկ մնացեալը ցրուած է, բայց ոչ անպայման՝ կորսուած։ Օրինակ՝ Քրիստափոր Միքայէլեանը նամակներ գրած է Ժան Ժօրէսին կամ Գլեմանսոյին եւ այդ նամակները այս վերջիններու արխիւներուն մէջ կը գտնուին։ Անշուշտ խօսքս բնագրերուն կը վերաբերի, որովհետեւ անոնց պատճէնները մեր քովն են։ Ես այդ պատճէնները երեւան հանելու աշխատանքին լծուած եմ, ինչ որ շատ դժուար է եւ ժամանակի կը կարօտի։
«ՆՅ» – ՀՅԴ արխիւները Պոսթըն կը գտնուին։ Ձեր աշխատանքը ինչպէ՞ս կը կազմակերպէք։
Ե.Փ. – Տարին մէկուկէս ամիս հոն կ՚անցընեմ։ Բացի ատկէ, Հայաստան ալ կ՚երթամ եւ պետական արխիւները կը պրպտեմ։
«ՆՅ» – ՀՅԴ-ի արխիւները բա՞ց են հանրութեան։
Ե.Փ. – Դաշնակցութիւնը արգելք չունի, բայց այդ գործին համար պաշտօնէութիւն պէտք է, որ չունինք։ Օրինակ՝ Երեւանի պետական արխիւներուն մէջ 358 պաշտօնեաներ կ՚աշխատին եւ դիմողին հարկ եղած տեղեկութիւնները կը փոխանցեն։ Պոսթընի մէջ նոյնիսկ մէկ մնայուն պաշտօնեայ չունինք։
«ՆՅ» – Ասոր պատճառով թըր-քական իշխանութիւնները կը յայտարարեն որ Դաշնակցութիւնը իր արխիւները գոց կը պահէ…։
Ե.Փ. – Ինչպէս ըսի, մեր արխիւները բաց են եւ որեւէ արգելք չունինք զանոնք ուսումնասիրութեան յանձնելու։ Պարզապէս պաշտօնէութեան պակասը կայ եւ պէտք է ամէն բան կարգով եւ դասաւորուած ըլլայ, որպէսզի ուսումնասիրողներուն ներկայացուի. իսկ այդ աշխատանքը ընթացքի մէջ է։
«ՆՅ» – Ձեր ձեռքին տակ գտնուող արխիւներուն քանի՞ տոկոսը հրատարակուած է։
Ե.Փ. – Չնչին մէկ բաժինը միայն հրատարակուած է։ Գլխաւոր դէմքերուն՝ Քրիստափորի, Ռոստոմի եւ Զաւարեանի նամակները հրատարակուած են, բայց անդին ահագին ուրիշ գրութիւններ կան՝ Ակնունիէն, Վարանդեանէն, Ահարոնեանէն եւ ուրիշներէ։ Գիտէք, հարիւրհազարաւոր փաստաթուղթեր գոյութիւն ունին։ Ժամանակին, կուսակցութեան 35 տարիներու արխիւներու ցուցակները միքրօ-ֆիլմի վերածուեցան եւ պահուած ունինք։ Այդ գործին պատասխանատուն Ժիրայր Լիպարիտեանն էր, որ աշակերտս եղած է։ Բայց այդ միքրօ-ֆիլմերը դժբախտաբար մասնագէտներու («Քոտաք» ընկերութիւն) կարծիքով անորակ են եւ կարելի չէ զանոնք թուայնացնել։ Հիմա զանազան այլ միջոցներու ձեռնարկած ենք՝ թուայնացման գործը գլուխ հանելու համար։ Ամերիկայի մէջ մեր ընկերներէն մէկը յանձն առած է այդ աշխատանքը։
«ՆՅ» – Ռուբէն Դարբինեանին հանդիպա՞ծ էք։
Ե.Փ. – Ո՛չ, չեմ հանդիպած։ Անոր բուն անունը Արտաշէս Չիլինկարեան է եւ ցարական իշխանութիւններու հետապնդումներէն խուսափելով ձեռք ձգած է Ռուբէն Դարբինեան անունով անձնագիր մը ու մինչեւ իր կեանքի վերջն ալ կրած է այդ անունը։ Ան իր գրութիւնները Դարբին կը ստորագրէր։ Իրեն պէս շատեր ծածկանուններ կը գործածէին եւ մենք նոյնիսկ ՀՅԴ գործիչներու ծածկանուններու բառարան մը ունինք։ Ըսեմ, թէ հազարաւոր վայրեր ալ ծածկանուններ ունէին, օրինակ՝ ծաղիկը կամ Վիշապը՝ Պոլիսն էր, բարձրաւանդակը՝ Սասուն, ջրաբերդը՝ Կարս, մեծ քաղաքը՝ Թիֆլիս, եկեղեցին՝ Մոսկուա, հիւսիսակերտը՝ Փեթերսպուրկ, ոսկանապատը՝ Պաքու, ծոցը՝ Պէյրութ, տելթան՝ Եգիպտոս, ջրվէժը՝ Իսքենտերուն եւ այլն։ Ընդհանրապէս բոլոր այն քաղաքներուն մէջ ուր կազմակերպութիւնը կը գործէր՝ կեղծանուն կը գործածուէր։ Շատ հետաքրքրական է Վասպուրականի օրինակը։ Այդ նահանգի 800 գիւղերէն իւրաքանչիւրը իր ծածկանունը ունէր։
«ՆՅ» – Դուք ինչպէ՞ս վերագտած էք այդքան տեղանուններուն իսկական անունները։
Ե.Փ. – Ես ցանկիս մէջ անցուցած եմ միա՛յն այն կեղծանունները որոնց գոնէ մօտաւոր տեղը ճշդուած է։ Ասիկա կը նշանակէ որ արխիւներուն մէջ նշուած անուններուն կէսէն աւելիին իրական տեղը դեռ չենք գիտեր։
Բացի ասկէ արխիւային գրութիւններուն մէկ կարեւոր մասն ալ գաղտնաթիւով (գոտով) է։
«ՆՅ» – Այդ գաղտնաթիւերը ի՞նչ սկզբունքի կը հետեւէին։
Ե.Փ. – Օրինակ՝ «Մայր Արաքսի ափերով» բանաստեղծութեան մէջ մայր բառի «մ»-ը կը դառնար 1, ա-ն՝ 2, յ-ն՝ 3, ր-ն՝ 4 եւ այսպէս շարունակաբար՝ մինչեւ այբուբենի վերջին գիրը։ Արխիւներուն մէջ երբեմն տեղանուններ կան, որոնք յայտնի է թէ կեղծ են, բայց ատոնց քովը փակագծի մէջ թուանշաններ կան, որոնք վերծանելով անոնց բուն անունը ի յայտ կու գայ։
«ՆՅ» – Լուսանկարներու ցանկ ալ ունի՞ք։
Ե.Փ. – ՀՅԴ-ի հրատարակուած ալպոմները կան։ Ես կազմել տուած եմ նաեւ մեր արխիւներուն մէջ եղած նկարները։
«ՆՅ» – Զիս կը հետաքրքրէ ի մէջ այլոց «Յառաջ»-ի նախկին խմբագրատուներու նկարները։ Կարինի խմբագրատան նկարը ունիմ, բայց օրինակ՝ Թիֆլիսինը, Երեւանինը կամ Պաքուինը չունիմ։ Ձեր արխիւներուն մէջ կա՞ն այդ նկարները։
Ե.Փ. – Թիֆլիսինը եւ Երեւանինը ըլլալու են, բայց ոչ՝ Պաքուինը։ Կ՚ենթադրեմ, թէ Հայաստանի Ազգային գրադարանը ատոր թուայնացուած տարբերակը ունենալու է։
Հիմա որ «Յառաջ»-ի մասին խօսեցանք, կ՚ուզեմ ձեզի դրուագ մը պատմել Շաւարշ Միսաքեանի կեանքէն։ Ես ուսանողութեանս շրջանին մարդու մը ծանօթացայ որ աշխատած էր «Յառաջ»-ի Կարինի տպարանին մէջ, Շաւարշ Միսաքեանի խմբագիր եղած ժամանակ, տակաւին պատանի տարիքին։ Հաւանաբար լսած էք մեր յեղափոխական երգերէն «Առաքել Մուշեղ»-ը, որ նուիրուած է Պիթլիսցի Մուշեղին։ Ան Պիթլիսցի Մուշեղի տղան էր։ Երբ Շաւարշ Միսաքեան Պոլիս գացած է, ան հետեւելով Միսաքեանին ինքն ալ Պոլիս գացած է։ Այդ տղան յետոյ մեր ազատամարտիկներէն մէկը եղած է, ծանօթ՝ Եզիտ Արշակ անունով։ Ինք է որ ահաբեկած է Շաւարշ Միսաքեանը մատնողը։ Հրատարակուած արխիւներուն մէջ կը գտնէք Միսաքեանի նամակները, ձեռագրերը…։
«ՆՅ» – Ի վերջոյ կրնայի՞ք երկու խօսք ալ ըսել Լիբանանահայութեան մասին, որ այլ համայնքներուն բաղդատած՝ յատուկ իրաւունքներ եւ կարգավիճակ ունի։
Ե.Փ. – Այո՛, հոս պետութեան կողմէ ճանչցուած 18 համայնքներ կան եւ Հայութիւնը մեծ համայնքներէն մէկն է եւ միակը՝ որ բացի արաբերէնէն, ի՛ր սեփական լեզուով կը խօսի. ունի մշակութային, կրթական լայն իրաւունքներ։ Պետութիւնը մեր դպրոցական ծրագրերուն չի միջամտեր։ Նոյնիսկ յատուկ կարգադրութեամբ նախակրթարանի մէջ որոշ նիւթեր հայերէնով կը դասաւանդուին, ինչպէս՝ գիտութեան կամ ուսողութեան դասերը։ Յետոյ վերին կարգերու մէջ արդէն այդ առարկաներու դասաւանդութիւնը կը փոխուի անգլերէնի կամ ֆրանսերէնի եւ պաքալօրէայի քննութիւններն ալ այս երկու լեզուներով կ՚անցընեն։
«ՆՅ» – Դուք արմատներով Արեւմտեան Հայաստանի ո՞ր շրջանէն էք։
Ե.Փ. – Ուրֆացի եմ։ Անանիա Շիրակացիի «Աշխարհացոյց»-ին մէջ Ուրֆայի շրջանին համար «Միջագետք Հայոց» կ՚ըսուի։
Տեսակցեցաւ՝
Ժիրայր Չոլաքեան ■
«Նոր Յառաջ» երկօրեայի Յուլիս 6, 2019