Արտագաղթն ու ներգաղթը մեր տան նժարին վրայ…
28 Հուլիս 2019 Կը կարդամ Արմինէ Աւետիսեանի յօդուածը խառն զգացումներով։ Հնդիկները այլևս համալսարանի ուսանողներ չեն միայն Երևանի մէջ։ Անոնք շահագրգռուած ներգաղթողներ են։ Անոնք կ՚ուզեն ապրիլ մեր երկրին մէջ։ Անոնք կը սիրեն մեր երկիրը։ Զայն կը նախընտրեն։ Կ՚ուզեն նոր արմատներ նետել հոն։ Աճիլ և բազմանալ։ Եւ 2017-էն ի վեր, Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատած է վիզայի յատուկ ռեժիմ մը իրենց համար, որպէսզի դիւրացնէ իրենց մուտքը։Յօդուածագիրը կ՚ըսէ, թէ անցեալ տարուան մօտ 1,500 հոգիին դիմաց այս տարուան ներհոսքը արդէն մօտ 9,000 հոգի կը ներկայացնէ։
Այս տողերը կը գրեմ ըսելու համար հետևեալը։ Օտարազգիներու գաղթը դէպի Հայաստան դիւրաւ կուլ գացող երևոյթ մը չէ Սփիւռքի հայուն համար հակառակ այն իրողութեան, որ ամէն սփիւռքահայ փաստօրէն կը վայելէ օտար երկրի մը (կամ երկիրներու) ասպնջականութիւնը…Մենք մտահոգ ենք մեր երկրի լինելիութեան (viability) հարցերով։ Մենք մտահոգ ենք մեր հայրենակիցներու ծաւալուն արտագաղթով, որ լայնօրէն հետևանքն է մեր երկրի տնտեսութենէն ներս ամրացած մենաշնորհային համակարգին։ Մենք մտահոգ ենք մեր ժողովուրդի համատարած աղքատութեամբ։ Մենք մտահոգ ենք մեր երկրի պաշտպանական ոլորտի լուրջ բացերով։ Օտարազգիներու աճող գաղթը մեզ կ՚անհանգստացնէ բոլոր այս կնճիռներու բարդ փոխազդեցութեամբ։
Իմ ասպարէզի բերումով, ես մօտէն շփուած եմ հնդիկներու հետ։ Ունեցած եմ գործընկերներ և ունիմ ազնուասիրտ բարեկամներ։ Կը սիրեմ հնդիկ մշակոյթը։ Մեծ յափշտակութեամբ ուսումնասիրած եմ Կանտիի շարժումը։ Իմ երիտասարդութեան իտէալը եղած է Ժաւահարլալ Նեհրուն։ Բայց չեմ դադրիր անհանգստութեամբ նայելէ հնդկական այս գաղթին վրայ։
Եւ այստեղ պիտի խոստովանինք, որ այս անհանգստութիւնը կը բխի ոչ այնքան ներգաղթող օտարազգիներու հանդէպ խտրականութեան զգացումէ, այլ մեր երկրի լինելիութեան բացերէն։ Ըլլանք անկեղծ մէկզմէկու հետ և խօսինք բաց բնագրով։ Առայժմ մենք այն երկիրը չենք, որ կարենայ հանգիստ սրտով և մանաւանդ հանգիստ խղճով իր դռները լայնօրէն բանալ օտարազգիներու գաղթին առջև։ Եւ կը խնդրեմ ինծի խնայեցէք բարոյականի դասերը։ Չկայ երկիր աշխարհի մէջ, որ չունենայ ներգաղթի իր յատուկ քաղաքականութիւնը հիմնուած իր ազգային նեղ շահերու փաթեթին վրայ։ Մենք անհանգիստ ենք, քանի որ յստակ չէ, թէ ի՞նչ է Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային քաղաքականութիւնը օտարազգիներու ներգաղթի հաշուարկուած համեմատութիւններուն մասին։
Ներգաղթի երևոյթը կարելի չէ կառավարել առանց համապարփակ քաղաքականութեան։ Ընդամէնը երեք միլիոն հաշուող բնակչութեամբ, որուն վերարտադրական տոկոսները լրջօրէն խնդրայարոյց կը մնան (վերոյիշեալ բոլոր գործօններով) և որ կը դիմագրաւէ Թուրքիոյ և Ազրպէյճանի մեծ սպառնալիքները, մեր երկիրը պիտի անպայման հաշուի նստի ներգաղթի իրականութեան հետ և խստօրէն մանրակառավարէ (micro-manage) իր կեանքի այս կնճռոտ ոլորտը։
Այստեղ խտրականութեան և ցեղապաշտութեան նկատումներ չկան։ Այստեղ մակերեսային ժողովրդավարութեան լոզունգներուն համար տեղ չկայ։ Աշխարհակարգը այնպիսին չէ, որ մարդ արարածը ունենայ տիեզերական անօտարելի իրաւունք իր ուզած երկրին մէջ անկաշկանդ հաստատուելու։ Հայաստանը՝ ի՛նք պիտի որոշէ, թէ որոնք են իր տրամաբանական սահմանները այս հարցին մէջ։
Պիտի փափաքէի, որ այս խնդիրը քննարկուէր լայն մասնակցութեամբ։ Կը հրաւիրեմ բոլորդ ձեր դատողութիւնը փոխանցելու։ Կանխայայտ շնորհակալութեամբ,
Կարօ Արմենեան
Յուլիս 28, 2019
Ուաշինկթըն