Ակնարկ. Որպէսզի Ժողովրդային Շարժումը Չփոխէ Իր Հունը
20 Հունվար 2020 Լիբանանեան ցոյցերուն ձեւափոխումը խաղաղէն ոչ խաղաղ բնոյթի բանաձեւումով չի սահմանափակուիր միայն: Մինչեւ վերջին օրերուն դրամատուներու կամ վաճառատուներու ցուցափեղկերու քանդումն ու իրաւապահ մարմիններուն ուղղութեամբ զանգուածային քարկոծումները ժողովրդային շարժումը ընդհանրապէս կը յատկանշուէր խաղաղ, քաղաքակիրթ բնոյթի եւ ներկայ յեղափոխութիւններու համար օրինաչափ նկատուող միջոցներու կիրարկումով: Ճամբաներու փակումն էր միայն, որ կը քննադատուէր թէ՛ բանակին եւ թէ՛ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ, որոնք քաղաքացիի սահմանադրական իրաւունքի արգելակում կը նկատէին նման արարքներ` ազատ տեղափոխութեան սկզբունքի յստակ խախտում նկատելով այդ բոլորին մէջ:Բողոքի գործողութիւնները ներկայիս ունին քանի մը ձեւ եւ ուղղութիւն: Գործադուլի, երթերու, հաւաքներու, հետեւաբար սահմանադրական կարգի յարգումով յատկանշուող գործողութիւններ: Ճամբաներու փակում, ազատ տեղաշարժի արգելակում եւ մայրուղիներու վրայ անիւներու հրկիզում եւ այդ բոլորին միջոցով բնականոն կեանքի սառեցում կամ պետական ու հասարակական կեանքի անդամալուծում: Երրորդը` խուլիկանական աքթերով բնորոշուող յարձակում` պետական հաստատութիւններու, կեդրոնական եւ մասնաւոր դրամատուներու դէմ:

Այս վերջինը ընդհանրապէս շուքի մէջ ձգած է առաջին երկու ուղղութիւնները եւ բախումնային իրավիճակներ ստեղծելով գրաւած ո՛չ միայն տեղական եւ շրջանային, այլ նաեւ միջազգային լրատուադաշտի ուշադրութիւնը:
Քաղաքական գետնի վրայ կը շարունակուի կառավարութեան կազմութեան առումով նախարարութիւններու թիւի, ստանձնելիք պաշտօններու վերաբերեալ առեւտուրը, եւ անհամաձայնութիւնը կը շարունակէ առկախուած պահել նշանակման գործընթացը: Վերջին օրերուն արձանագրուող բողոքի յատկապէս գիշերային գործողութիւնները համոզում ստեղծած են արդէն, որ կառավարութեան կազմութեամբ ո՛չ միայն չեն հանգուցալուծուիր աւելի քարացող թնճուկները, այլ չի հանդարտիր նաեւ փողոցը. յայտնապէս կատղած փողոցը:
Լրատուամիջոցները կ՛ընդգծեն գիշերային բողոքի դէպքերուն հեղինակներուն Լիբանանի տարբեր շրջաններէ եկած ջոկատներու իրողութիւնը: Մարտադաշտի վայրը ուշագրաւ է այս պարագային: Քանդումի գործողութիւնները Համրայի վրայ գործող դրամատուները, ապա Կեդրոնական դրամատունը թիրախ ընտրելէ ետք հիմա կեդրոնացած են դէպի խորհրդարան տանող մայր ճանապարհին վրայ եւ այնտեղ կը հանդիպին բնականաբար ներքին ապահովութեան զսպիչ ուժերուն:
Խորհրդարանի թիրախաւորումը պարզ կը դարձնէ, որ նման գործողութիւններ հրահրողներուն նպատակը կենցաղայինէն, քաղաքացիականէն, ընկերայինէն աւելի արմատապէս քաղաքական է եւ համակարգ փոխելու համար ծայրայեղ ճնշամիջոցներու կը դիմէ: Մինչ, քաղաքական գործիչներ կը հնչեցնեն խորհրդարանի անդամներու հրաժարման կոչեր` կառավարութենէն ետք լուծարուած տեսնելու համար նաեւ օրէնսդիրը:
Ժողովրդային շարժումին կողմէ հնչած պահանջներուն մէջ կար առաջադրանքներու յաջորդականութիւն: Կառավարութեան հրաժարական, սեղմ, մասնագէտներէ բաղկացած անկախ կառավարութիւն, որուն հիմնական գործառոյթը պիտի ըլլայ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու կազմակերպումը:
Այժմ շրջանցելով առաջադրանքներու երկրորդ կէտի իրականացումը, երրորդ պահանջին ընդառաջ կ՛արձանագրուի մագլցողականութիւն: Կառավարութեան կազմութեան աւանդական քաշքշուքը վառելանիւթի դեր կ՛ունենայ այդ մագլցողականութեան:
Խուլիկանութիւնը այժմ կը բախի իրաւապահ մարմիններու կարելի զսպուածութեան: Վտանգ կայ, անկանխատեսելի հետեւանքներով: Նման ոճի հակացոյց մը` խորհրդարանն ու անոր նախագահութիւնը կարմիր գիծ նկատողներուն կողմէ եթէ շղթայազերծուի, ապա ժողովրդային շարժումի կամ քաղաքացիական համակարգի անցումի սահմանադրական գործընթացները հուն կը փոխեն տեղի տալով բախումնային իրավիճակի:
Եթէ մէկ կողմէ կը պահանջուի կառավարութեան արագ կազմութեան համար քաշքշուքային աւանդական առեւտուրներէ հրաժարումը, միւս կողմէ կը պահանջուի ժողովրդային շարժումին ձեռնարկած կազմակերպութիւններու անյապաղ դատապարտանքը պետական կամ մասնաւոր հաստատութիւններու դէմ կատարուող յարձակումներուն եւ վայրագութիւններուն: Այլապէս, նման վտանգաւոր ընթացք մը կրնայ հիմնովին փոխել ապահամայնքային համակարգ յառաջացնելու նպատակով եւ բոլոր համայնքներու համախմբուածութեան փաստով հրապարակ իջած շարժումին հունը եւ երկիրը վերադարձնել միջհամայնքային բախումներու:
«Ա.»
aztagdaily.com