ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Բյուրո
  • Հարցազրույցներ

Մեր նպա­տա­կը Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ի­րա­ւա­կան ամ­րագ­րումն է

21 Ապրիլ 2020 «Ազատ Օր»ի հարցազրոյցը Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ․ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ

Մար­տի սկիզ­բը, ­Յու­նաս­տան այ­ցե­լեց Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ․ ­Յա­կոբ ­Տէր ­Խա­չա­տու­րեան։

Օ­րին, անդ­րա­դար­ձած էինք կատարուած կա­րե­ւոր հան­դի­պում­նե­րուն` ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու հետ, ո­րոնց­ մէջ յատ­կան­շա­կան ե­ղաւ ջերմ ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը՝ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան օ­րո­ւան նա­խա­գահ Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լո­սին:

ՅՏԽ ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ նաեւ Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ հան­դէս գա­լու գա­ղու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն առ­ջեւ եւ սպա­ռիչ կեր­պով ներ­կա­յաց­նե­լու Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան տե­սա­կէտ­նե­րը ազ­գա­յին, հա­մա­հայ­կա­կան եւ հայ­րե­նի ի­րա­կա­նու­թեան հետ ա­ղերս ու­նե­ցող հար­ցե­րու շուրջ։

Պ­սա­կա­ձեւ ժահ­րի պար­տադ­րած հա­մաշ­խար­հա­յին ար­գի­լում­նե­րու լոյ­սին տակ, «Ա­զատ Օր» ընկ. ­Յա­կոբ ­Տէր ­Խա­չա­տու­րեա­նին հետ ու­նե­ցաւ հե­ռա­վար հար­ցազ­րոյց մը, ո­րուն ըն­թաց­քին խօ­սակ­ցու­թիւ­նը ըն­թա­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նը, Ար­ցա­խը եւ հա­յաշ­խար­հը յու­զող օ­րա­կար­գե­րուն շուրջ. մաս­նա­ւո­րա­բար լու­սար­ձա­կի տակ առ­նո­ւե­ցան ներ­հա­յաս­տա­նեան ու ար­ցա­խեան զար­գա­ցում­նե­րը եւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Բ­նա­կա­նա­բար, մեր խօ­սակ­ցու­թիւ­նը ընդգր­կեց նաեւ Յու­նաս­տան այ­ցե­լու­թեան ար­ժե­ւո­րու­մը։ Ս­տո­րեւ, մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նենք հար­ցազ­րոյ­ցի ամ­բող­ջու­թիւ­նը:


Ձեր ­Հա­յաս­տան վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, հան­դի­պում ու­նե­ցաք ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին եւ վար­չա­պե­տին հետ։ ­Կը խնդրենք ա­ւե­լի ման­րա­մաս­նել այդ մա­սին։

Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին եւ վար­չա­պե­տին հետ պար­բե­րա­բար հան­դի­պում կ­՚ու­նե­նանք երբ ­Հա­յաս­տան գտնո­ւիմ: ­Նա­խա­գա­հին հետ խօ­սակ­ցու­թիւ­նը ընդգր­կեց ­Հայ դա­տի մեր գրա­սե­նեակ­նե­րու եւ յանձ­նա­խում­բե­րու վեր­ջին խորհր­դա­ժո­ղո­վի ար­դիւնք­նե­րը, 2020ի հա­մա­հայ­կա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը՝ նե­րա­ռեալ ­Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րի 100ա­մեա­կի նշու­մը, Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կը եւ ազ­գա­յին օ­րա­կար­գի հար­ցե­րը: Հ.Հ. վար­չա­պե­տին հետ նաեւ քննար­կե­ցինք հա­մա­հայ­կա­կան ու տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հար­ցե­ր, նե­րա­ռեալ Ար­ցա­խի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կայ փու­լը եւ ­Հա­յաս­տան-Վ­րաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: Եր­կու հան­դի­պում­ներն ալ ան­ցան փո­խա­դարձ հաս­կա­ցո­ղու­թեան մթնո­լոր­տի մէջ:

Մենք, ան­կախ իշ­խա­նու­թեան հետ մեր ու­նե­ցած ներ­քա­ղա­քա­կան տա­րա­կարծու­թիւն­նե­րէն, միշտ զգա­ցած ենք անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը հա­մա­հայ­կա­կան ու ­Հայ դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րու շուրջ խորհր­դակ­ցե­լու հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թեան բարձրա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ, տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խա­նա­կե­լու, փո­խա­դարձ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եզ­րեր գտնե­լու եւ աշ­խա­տան­քը հա­մադ­րե­լու ա­ռըն­չու­թեամբ:

Փետ­րո­ւա­րի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, Ար­ցա­խի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հայ դա­տի աշ­խար­հաս­փիւռ յանձ­նա­խում­բե­րու եւ գրա­սե­նեակ­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վը։ Օ­րին, մեր մա­մու­լը անդրա­դար­ձաւ ժո­ղո­վին մա­սին, սա­կայն այժմ կը խնդրենք ու­նե­նալ ձեր գնա­հա­տա­կա­նը:

Մենք, պար­բե­րա­բար կը գու­մա­րենք ­Հայ դա­տի խորհր­դա­ժո­ղով­ներ, ուր ի մի կը բե­րենք մեր գրա­սե­նեակ­ներու ու յանձ­նա­խում­բե­րու ներկայացուցիչները: Ո­րոշ տա­րի­ներ, այդ խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րը կը կա­տա­րենք տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հիմ­քով, իսկ 2-3 տա­րին ան­գամ մըն ալ՝ կեդ­րո­նա­կան մա­կար­դա­կով, ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի մէջ:

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, մեր մե­ծա­գոյն յա­ջո­ղու­թիւ­նը այն է, որ գրա­սե­նեակ­նե­րու ցան­ցը ըն­դար­ձա­կո­ւած է եւ հա­մալ­րո­ւած՝ Հայ դա­տի արհեստավարժ յաւելեալ նո­ւի­րեալ­նե­րով, ո­րոնք պատ­նէ­շի վրայ են օ­րը 24 ժամ, շա­բա­թը 7 օր, տա­րին 365 օր։ Ա­նոնք էա­պէս ­Հայ դա­տով կ­՚ապ­րին, կը գոր­ծեն, կ­՚աշ­խա­տին որ­պէս կազ­մա­կերպ ու ան­խոնջ բա­նակ: Այ­լեւս, միայն կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քով չենք բա­ւա­րա­րո­ւիր, թէեւ այդ եր­բեք չ­՚են­թադ­րեր ան­տե­սու­մը այն հսկայ գոր­ծին, զոր կը կա­տա­րեն մեր յանձ­նա­խում­բե­րու կազ­մե­րու ու ա­նոնց շուրջ հա­մախմ­բո­ւած կա­մա­ւոր­նե­րը, ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն եր­կիր­նե­րու մէջ:
Այս վեր­ջին խորհր­դա­ժո­ղո­վի նիս­տե­րը տե­ղի ու­նե­ցան թէ՛ Ե­րե­ւա­նի եւ թէ՛ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ։
Օ­րա­կար­գը կ­՚ընդգր­կէր ­Հայ դա­տի մեր նո­րօ­րեայ սահ­մա­նու­մին չորս հիմ­նա­կան գլուխ­նե­րը։

Ա­ռա­ջի­նը՝ մեր ի­րա­զեկ­ման -լոպ­պիին­կի- աշ­խա­տանք­ներն են մեր եր­կու պե­տու­թեանց ի նպաստ:

Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին՝ պե­տու­թեան հզօ­րաց­ման օ­րա­կարգն է, ա­նոր մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կու­թեան ամ­րապն­դու­մը եւ տար­բեր տի­պի օ­ժան­դա­կու­թիւն­ներ ա­պա­հո­վե­լը: Ար­ցա­խի պա­րա­գա­յին՝ օ­ժան­դա­կու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու կող­քին, ա­նոր ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի շեշ­տա­ւո­րումն է եւ, ուր որ կա­րե­լի է, Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման հե­տապն­դու­մը: Օ­րի­նակ մը նշեմ օ­ժան­դա­կու­թեան հար­ցով. Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մե­րօ­րեայ մար­տահ­րա­ւէր­ներներէն է վե­րա­հաս­տա­տումը Ար­ցա­խին ուղ­ղա­կի օ­ժան­դա­կու­թեան, որ Թ­րամ­փի վար­չա­կար­գը կը փոր­ձէ ջնջել, ինչպէս նաեւ` Հա­յաս­տա­նի յատ­կա­ցո­ւե­լիք Ա­մե­րի­կա­յի նպաս­տը ուղղել դէ­պի պսա­կա­ձեւ ժահ­րի դէմ պայ­քա­րին:

Երկ­րորդ հիմ­նա­կան գլու­խը ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման, կան­խար­գիլ­ման եւ դա­տա­պարտ­ման աշ­խա­տանք­ներն են, ո­րոնց վրայ ա­ւել­ցած է մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան օ­րի­նա­կան բաժինին մասնագիտական ու­սում­նա­սի­րման խնդի­րը: Այս վեր­ջին նպա­տա­կին հա­մար ստեղ­ծե­ցինք «Armenian Legal Center for Justice and Human Rights» (Ար­դա­րու­թեան եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց հայ­կա­կան ի­րա­ւա­կան կեդ­րոն) կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, որ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ գրան­ցո­ւած ըլ­լա­լով հան­դերձ, ու­նի մի­ջազ­գա­յին տնօ­րէն խոր­հուրդ, որ կը բաղ­կա­նայ տար­բեր եր­կիր­նե­րէ ընդգրկուած մաս­նա­գէտ­նե­րէ եւ ու­նի եր­կու հիմ­նա­կան նպա­տակ­ներ. առա­ջին՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րու վե­րաց­ման հա­մար օ­րի­նա­կան ճա­նա­պարհ­ներու ո­րո­նու­մը, իսկ երկ­րորդ՝ Ար­ցա­խի հար­ցով օ­րի­նա­կան ճա­նա­պար­հի ճշդու­մը, հաս­նե­լու հա­մար մեր հիմ­նա­կան նպա­տա­կին:

Եր­րոր­դը՝ առ­հա­սա­րակ հա­յա­պատ­կան հո­ղե­րու վրայ կամ ընդ­հան­րա­պէս Ս­փիւռ­քի մէջ հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան խնդիրն է: Այս բա­ժի­նը կը պար­փա­կէ բնա­կա­նա­բար ­Ջա­ւախ­քի մեր քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայ­նե­րուն մարդ­կա­յին ան­հա­տա­կան եւ հա­ւա­քա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու խնդիր­նե­րը, որ­պէս­զի ա­նոնք կառ­չած մնան ի­րենց հո­ղին: Այս գլխուն տակ կ­՚իյ­նայ նաեւ թա­քուն հա­յե­րու հար­ցը Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, ինչ­պէս նաեւ այլ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հետ յա­րա­բե­րու­թիւ­նը, որ­պէս­զի մեր հո­ղե­րուն վրայ հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը քաջալերո­ւի եւ հա­յա­կեր­տու­մը ամ­րապն­դո­ւի: ­Հոս կը զե­տե­ղո­ւին նաեւ Ս­փիւռ­քա­հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րը ըստ մի­ջազ­գա­յին դաշ­նա­գիր­նե­րու կամ ա­ռան­ձին եր­կիր­նե­րու օ­րէնք­նե­րու սահ­մա­նում­նե­րուն. յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ են ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի, ­Թիֆ­լի­սի եւ Պոլ­սոյ հա­յու­թեան պա­րա­գա­նե­րը: Իսկ կարգ մը շրջան­նե­րու մէջ կայ հա­յու­թեան վե­րա­դար­ձի ե­րե­ւոյ­թը, հա­յա­կերտ­ման խնդի­րը, զոր կը քա­ջա­լե­րենք ա­մե­նու­րէք։
Այ­սօր, ու­րա­խու­թեամբ ա­կա­նա­տես ենք նոր սե­րունդ­նե­րու հայ­րե­նա­սէր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, ո­րոնց ծնող­նե­րը հե­ռա­ցած էին ի­րենց ար­մատ­նե­րէն եւ հի­մա ի­րենք սկսած են վե­րա­դառ­նալ հա­յու­թեան:

Չոր­րորդ գլու­խը՝ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ներգ­րաւ­ման եւ քա­ղա­քա­կա­նաց­ման խնդիրն է, որ­պէս­զի ա­նոնք տեղ հաս­նին տարբեր եր­կիր­նե­րու մէջ, բարձր մա­կար­դա­կի պաշ­տօն­ներ ստանձ­նե­լով քա­ղա­քա­կան տնտե­սա­կան, ֆի­նան­սա­կան, լրա­տո­ւա­կան կա­ռոյց­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ու կեդ­րոն­նե­րու մէջ:

Անց­նինք ­Հա­յաս­տա­նի այ­սօ­րո­ւան քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կին. ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թեան հան­րա­քո­ւէ, պսա­կա­ձեւ ժահ­րի դէմ պայ­քար, քա­ղա­քա­կան շի­կա­ցած մթնո­լորտ։ Ո՞րն Է Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան կե­ցո­ւած­քը եւ դիր­քո­րո­շու­մը։

Ճիշդ է, որ շի­կա­ցած է մթնո­լոր­տը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ: Դժ­բախ­տա­բար իշ­խա­նու­թիւ­նը տա­կա­ւին կը հե­տապն­դէ բա­ժա­նա­րար գի­ծեր ստեղ­ծե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն: Կը յա­մե­նայ թշնա­ման­քի ու ա­տե­լու­թեան մթնո­լորտ, որ ա­ռողջ ե­րե­ւոյթ չէ եւ կը քան­դէ հա­մե­րաշ­խու­թեան եւ հա­մախմ­բո­ւա­ծու­թեան ամէն յա­ւա­նա­կա­նու­թիւն: Սահ­մադ­րա­կան հան­րա­քո­ւէն յե­տաձ­գո­ւած է պսա­կա­ձեւ ժահ­րի առ­թած վտան­գին պատ­ճա­ռաւ:

Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Հա­յաս­տա­նի կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը յստա­կօ­րէն բա­ցատ­րած է, թէ ին­չու՛ հա­կա­սահ­մա­նադ­րա­կան է այս հան­րա­քո­ւէի ըն­թաց­քը եւ էու­թիւ­նը, Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տա­րա­նի քա­նի մը դա­տա­ւոր­նե­րէն ձեր­բա­զա­տե­լու հա­մար պարզապէս … Ա­ռա­ւել, ու­նինք լուրջ մտա­հո­գու­թիւն, որ օ­րէնս­դիր եւ գոր­ծա­դիր բո­լոր լծակ­նե­րը ու­նե­նա­լով իր ձեռ­քը, իշ­խա­նու­թիւ­նը հի­մա նաեւ կ­՚ու­զէ իր ամ­բող­ջա­կան հա­կակ­շի­ռին տակ առ­նել դա­տա­կան ամբողջ հա­մա­կար­գը, ինչ որ մե­զի հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի է. ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ դա­տա­կան հա­մա­կար­գը ու­նի իր ան­կա­խու­թիւ­նը եւ չի գոր­ծեր օ­րէնս­դիր ու գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան ներքեւ:

Մենք կողմ­նա­կից ե­ղած ենք — եւ վար­չա­պե­տին հետ հան­դի­պում­նե­րուն ալ փո­խան­ցած ենք — դա­տաի­րա­ւա­կան հա­մա­կար­գին մէջ բա­րե­փո­խում­ներ կատարելու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան, բայց ա­նոնք պէտք է ըլ­լան հանգ­րո­ւա­նա­յին, հա­մա­խո­հա­կան եւ սահ­մա­նադ­րու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան: ­Մենք կը հա­ւա­տանք, որ դժբախ­տա­բար, այս հան­րա­քո­ւէն ան­գամ մը եւս պի­տի բե­ւե­ռաց­նէ մեր ժո­ղո­վուր­դը եւ սե­ւե­րու ու սպի­տակ­նե­րու բա­ժա­նա­րար գի­ծե­րը պի­տի յայտ­նա­բե­րէ: ­Սահ­մա­նադրա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու խորհր­դա­րա­նա­կան գոր­ծըն­թա­ցը ար­դէն սկսած է եւ իշ­խա­նու­թե­նէն կ­՚ակն­կա­լենք, որ ստեղ­ծէ հա­մե­րաշխ մթնո­լորտ, փո­փո­խու­թիւն­նե­րու թղթած­րա­րը ման­րա­մաս­նօ­րէն եւ հա­մա­պար­փակ կեր­պով քննար­կե­լու հա­մար: ­Մենք ան­ցեա­լին անդ­րա­դար­ձած էինք այս կա­պակ­ցու­թեամբ մեր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն, այ­սինքն երկ­քա­ղա­քա­ցի­նե­րու նկատ­մամբ բո­լոր տե­սա­կի սահ­մա­նադ­րա­կան ար­գելք­նե­րու վե­րաց­ման, նա­խա­գա­հի ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րու ըն­դար­ձակ­ման կամ ա­ւե­լի ճիշդ վար­չա­պե­տի եւ նա­խա­գա­հի լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը հա­ւա­սարկշ­ռե­լու, խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գի ամ­րապնդման եւ ար­դա­րա­դա­տու­թեան մարզի տակաւ ան­կա­խաց­ման ա­ռըն­չու­թեամբ: Ա­ռա­ւել, ընտ­րա­կան օ­րէնսգիր­քին մէջ անհ­րա­ժեշտ փո­փո­խու­թիւն­ներ կատարելու վե­րա­բե­րեալ:

Բ­նա­կա­նա­բար, այս հար­ցե­րը հի­մա սա­ռե­ցո­ւած են պսա­կա­ձեւ ժահ­րի դէմ պայ­քա­րե­լու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թե­նէն թե­լադ­րո­ւած:
Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րոն կո­չով դի­մեց աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան` հա­մախմ­բուե­լու պե­տու­թեան շուրջ եւ միաս­նա­կան ու­ժե­րով դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար այս մար­տահ­րա­ւէ­րը: Մենք կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցինք ա­ռա­ջարկ­ներ այս ուղ­ղու­թեամբ եւ Հ.Օ.Մ.ի ու ­Հայ դա­տի մեր յանձ­նա­խում­բե­րու գոր­ծակ­ցու­թեամբ, ան­մի­ջա­պէս ի գործ դրինք օ­ժան­դա­կու­թեան ծրա­գիր­ներ, ո­րոնց մէկ մա­սը տա­կա­ւին ըն­թաց­քի մէջ է:

Վեր­ջերս ­Հա­յաս­տա­նի մէջ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը հան­դէս ե­կաւ Հ.Հ. երկ­րորդ նա­խա­գահ Ռ. ­Քո­չա­րեա­նի խա­փան­ման մի­ջո­ցի փո­փո­խու­թեան ա­ռա­ջար­կով: Ա­նոր յա­ջոր­դած հրա­պա­րա­կա­յին թեր ու դէմ կար­ծիք­նե­րը ա­լե­կո­ծե­ցին Հա­յաս­տա­նի մա­մուլն ու ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րը: Ի՞նչ ու­նիք ը­սե­լիք այս ուղ­ղու­թեամբ:

Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սի հայ­րա­պե­տա­կան յոր­դո­րին մէջ ո­րե­ւէ ար­տա­ռոց բան չկայ. Վե­հա­փա­ռը պար­զա­պէս կը նշէր, որ մեկ­նած` Հ.Հ. երկ­րորդ նա­խա­գա­հի ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կի ու պսա­կա­ձեւ ժահ­րի առ­թած մտա­հո­գու­թե­նէն, բո­լոր կան­խար­գե­լիչ մի­ջոց­նե­րուն պէտք է դի­մել ա­պա­հո­վե­լու հա­մար նա­խա­գա­հի ա­ռող­ջու­թիւնն ու անվ­տան­գու­թիւ­նը: ­Հոն ո­րե­ւէ անդ­րա­դարձ չկար դա­տա­վա­րու­թեան էու­թեան ու քրէա­կան մե­ղադ­րանք­նե­րուն մա­սին: Արդ, իս­կա­պէս ան­հասկ­նա­լի է այն ծա­ւա­լած աղ­մու­կը եւ մա­նա­ւանդ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած պայ­քա­րը ոչ միայն Վե­հա­փա­ռի ան­ձին, այլեւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ հան­դէպ:

Ան­գամ մը եւս կը շեշ­տենք, որ ­Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ազ­գա­յին էա­կան կա­ռոյց­նե­րէն է, ո­րուն կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը նշո­ւած է Հ.Հ. ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան մէջ եւ ո­րուն դե­րը լոկ կրօ­նա­կան սահ­ման­նե­րէն շատ ան­դին ան­ցած է մեր պե­տու­թեան կո­րուս­տի խա­ւա­րի դա­րե­րուն: Ե­կե­ղեց­ւոյ դէմ ծրագ­րա­ւո­րո­ւած այս յար­ձա­կում­ներն ու ա­նոր դե­րը դի­տում­նա­ւոր կերպով նսե­մաց­նե­լը հա­րո­ւած­ներ են ուղ­ղո­ւած ողջ հա­յու­թեան, եւ առ այդ լրիւ դա­տա­պար­տե­լի:

Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի Հ.Հ. երկ­րորդ նա­խա­գա­հին, ա­պա կա­լան­քը որ­պէս խա­փան­ման մի­ջոց ընտ­րե­լու եւ ձգձգո­ւող դա­տա­վա­րու­թեան հետ կա­պո­ւած մեր յստակ դիր­քո­րո­շումն ու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը վա­ղուց յայտ­նած ենք։ Աշ­խար­հը պա­տու­հա­սած այս հա­մա­վա­րա­կի պայ­ման­նե­րուն մէջ, այ­սօր ա­ռա­ւել եւս ա­նըն­դու­նե­լի կը նկա­տենք ա­ռող­ջա­կան խնդիր­ներ ու­նե­ցող եւ վտան­գո­ւած տա­րի­քա­յին խում­բի մէջ գտնո­ւող Հ.Հ. երկ­րորդ նա­խա­գա­հին նկատ­մամբ ա­զա­տազրկ­ման ծայ­րա­յեղ մի­ջոց­ներ կի­րա­ռե­լը։ Ար­դա­րա­դա­տու­թեան ի­րա­կա­նա­ցու­մը կա­րե­լի չէ ըլ­լալ ընտ­րո­վի եւ պետք չէ հա­կա­սէ ի­րա­ւուն­քի գե­րա­կա­յու­թեան սկզբունք­նե­րուն:

Այժմ, խօ­սինք Ար­ցա­խի զոյգ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն եւ բնա­կա­նա­բար՝ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան մաս­նակ­ցու­թեան մա­սին։

Ար­ցա­խի ընտ­րու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ջին փու­լը յատ­կան­շո­ւե­ցաւ աշ­խուժ մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ բարդ ու խճո­ղո­ւած խճան­կա­րով:
Ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ­քան կը յի­շեմ, որ ու­նե­ցանք 14 նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու­ներ եւ 12 կու­սակ­ցու­թիւն­ներ ու դա­շինք­ներ: Յամե­նայն­դէպս, մեր յոր­դորն էր, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րը ըն­թա­նան ար­դար, հա­ւա­սար ու թա­փան­ցիկ պայ­ման­նե­րու մէջ: թէեւ ի սկզբա­նէ մտա­հոգ էինք, որ ար­դէն ա­ւե­լի քան տա­րիէ մը ի վեր կարգ մը ու­ժեր ձեռ­նար­կած էին ան­պաշ­տօն ընտ­րար­շա­ւի, ա­մէն տե­սա­կի լծակ­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մով: Անհ­րա­ժեշտ էր նաեւ ա­պա­հո­վել պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կի մէջ գտնո­ւող Ար­ցա­խի կա­յու­նու­թիւ­նը եւ ցոյց տալ աշ­խար­հին, որ Ար­ցա­խը կա­յա­ցած պե­տու­թիւն է եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան բարձր մա­կար­դա­կով կրնայ ընտ­րել իր քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:

Մենք ներ­կա­յա­ցանք մեր նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծո­ւով, յան­ձին՝ ընկ. ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեա­նի, եւ Ա.Ժ.ի հա­մար ո­րա­կա­ւոր ցան­կով՝ կազ­մո­ւած ըն­կեր­ներ-ըն­կե­րու­հի­նե­րէ ու հա­մա­կիր­նե­րէ: Մեր մրցա­կից­նե­րուն իսկ հաս­տա­տու­մով, ու­նե­ցանք ա­մե­նէն ո­րա­կա­ւոր եւ ի­րա­պաշտ ընտ­րա­կան ծրա­գի­րը:

Ա­ռա­ջին փու­լի ըն­թաց­քին ի յայտ ե­կան ո­րոշ խախ­տում­ներ եւ յստա­կա­ցաւ, որ կարգ մը ու­ժեր, մա­նա­ւանդ մե­ծա­գոյն տո­կոս ստա­ցած դա­շին­քը, պե­տա­կան լծակ­նե­րու ամ­բող­ջա­կան օգ­տա­գոր­ծու­մով եւ շռայլ խոս­տում­նե­րով են ա­ռա­ւե­լա­գոյն քո­ւէ­ները ա­պա­հո­ված: Դաշ­նակ­ցու­թեան քո­ւէ­նե­րը նախ­կին ընտ­րու­թեան հա­մե­մատ ան­կում կրե­ցին ու Հ.Յ.Դ.-ն ­նոր խորհր­դա­րա­նին մէջ ու­նե­ցաւ 3 ա­թոռ:

Երկ­րորդ փու­լի ար­դիւն­քը ար­դէն կան­խո­րո­շո­ւած էր նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րու քո­ւէ­նե­րու մեծ տար­բե­րու­թեան եւ երկ­րորդ բարձ­րա­գոյն քուէ հա­ւա­քած թեկ­նա­ծո­ւին այդ փու­լին չմաս­նակ­ցե­լու կո­չին հե­տե­ւան­քով:

Ինչ­պէս միշտ, եւ ան­կա­խա­բար ընտ­րա­կան ար­դիւն­քէն, ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ան­պայ­ման պի­տի ու­նե­նայ իր կա­րե­ւոր դե­րը Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ պաշտ­պա­նել Ար­ցա­խի ի­րա­ւունք­նե­րը աշ­խար­հով մէկ: Ան­շուշտ, մեր նպա­տա­կը Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ի­րա­ւա­կան ամ­րագ­րումն է, որ­պէս մի­ջան­կեալ լու­ծում, եւ վերջ ի վեր­ջոյ ա­նոր միա­ցու­մը Հա­յաս­տա­նին:

2020 թո­ւա­կա­նը կը յատ­կան­շո­ւի նշա­նա­կա­լից պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ո­գե­կո­չում­նե­րով։ Կր­նա՞ք ա­ւե­լի ման­րա­մաս­նել Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ծրագ­րած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը։

2019 մե­զի հա­մար բա­ւա­կան բեղմ­նա­ւոր տա­րի ե­ղաւ, ո­րով­հե­տեւ քա­նի մը մեծ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ ու­նե­ցանք:
Բիւ­րո­յի նոր կազ­մի ընտ­րու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք, տա­րին սկսանք Ար­ցա­խի հա­մար ռազ­մա­կան դա­շին­քի կա­պակ­ցու­թեամբ հայ­կա­կան ու­ժե­րու հա­մախմ­բում ստեղ­ծե­լով եւ հա­մա­ժո­ղով գու­մա­րե­լով։ Նոյն ուղ­ղու­թեամբ եւ այս ան­գամ ա­ւե­լի քան 150 օ­տար քա­ղա­քա­կան դէմ­քե­րու, ա­կա­դե­մի­կոս­նե­րու եւ լրագ­րող­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ գո­ւմա­րե­ցինք Ար­ցա­խի ­Բա­րե­կամ­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վը՝ Ար­ցա­խի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան հետ:

Մեր ոչ-հայ բա­րե­կամ­նե­րը կա­րո­ղա­ցանք հա­ւա­քել Ար­ցա­խի մէջ, հա­կա­ռակ Ատր­պէյ­ճա­նի այն սպառ­նա­լիք­նե­րուն, թէ ա­նոնց ա­նուն­նե­րը կ­՚ար­ձա­նագ­րո­ւին իր «սեւ ցանկ»ին վրայ: Այս բո­լոր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը՝ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րէն, ­Գա­նա­տա­յէն, Եւ­րո­պա­յի այ­լա­զան եր­կիր­նե­րէ եւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն, շեշ­տե­ցին Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը եւ սա իս­կա­պէս մեծ յա­ջո­ղու­թիւն էր:

Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին, մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը Ապ­րի­լին գու­մա­րեց իր ­Գե­րա­գոյն ժո­ղո­վը եւ ընտ­րեց նոր մար­մին: Կազ­մա­կեր­պե­ցինք զա­նա­զան շրջա­նա­յին հան­դի­պում­ներ, խորհրդա­ժո­ղով­ներ՝ մեր քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ուղ­ղու­թիւն­նե­րը ճշդե­լու հա­մար: Հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցանք Հ.Հ. իշ­խա­նու­թեան այ­լա­զան օ­ղակ­նե­րուն հետ: Ծ­րագ­րո­ւե­ցան նաեւ ­Ջա­ւախ­քի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն ի­րա­ւունք­նե­րու հե­տապնդ­ման եւ առ­հա­սա­րակ օ­ժան­դա­կու­թեան նոր ու­ղի­ներ:
Իսկ Ս­փիւռ­քի մէջ նոր ա­ւիշ, նոր ե­ռանդ բե­րե­լու նպա­տա­կով սկիզ­բը դրինք նոր գոր­ծըն­թա­ցի մը. յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն ըն­ծա­յե­ցինք ­Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին ու ­Լի­բա­նա­նի տնտե­սա­կան տագ­նա­պին հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կին ու մեր ը­նե­լիք­նե­րուն: Եւ անդ­րա­դար­ձանք, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը մե­ծա­պէս նե­ցուկ կանգ­նե­ցաւ մե­զի՝ ­Նո­յեմ­բե­րին ձեռ­նար­կո­ւած Հայ դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րու Պ­րիւք­սէ­լի հան­գա­նա­կու­թեան, որ ինք­նին գօ­տեպն­դիչ ե­րե­ւոյթ էր:

Եւ 2020 թո­ւա­կա­նը սկսանք մեծ ե­ռան­դով ու ծրա­գիր­նե­րով:

2020ի ­Փետ­րո­ւա­րին, մենք ու­նե­ցանք ­Հայ դա­տի խորհր­դա­ժո­ղո­վը, որ շա­րու­նա­կու­թիւնն էր 2019-ի Ար­ցա­խի հա­մար կա­յա­ցած եր­կու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն: ­Նոյն օ­րե­րուն, ­Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րա­րու­թեան հետ ու­նե­ցանք հա­մադ­րա­կան ժո­ղով:

Մար­տին, պսա­կա­ձեւ ժահ­րի հա­մա­ճա­րա­կը խան­գա­րեց մեր գար­նա­նա­յին եւ ա­մառ­նա­յին ծրա­գիր­նե­րը. այս­պի­սով՝ Ապ­րի­լին ծրագ­րո­ւած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ցոյ­ցերն ու քայ­լար­շաւ­նե­րը, մեր ու­ղե­կից միու­թիւն­նե­րու եւ յա­րա­կից կա­ռոյց­նե­րու հետ ժո­ղո­վը Հա­յաս­տա­նի մէջ, ­Մա­յի­սին Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն՝ Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեա­նի մա­հո­ւան 115ա­մեա­կի նշու­մը ­Պուլ­կա­րիոյ մէջ, Եւ­րո­պա­յի ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­մա­գու­մա­րը, ­Պա­տա­նե­կան միու­թիւն­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վը ­Լի­բա­նա­նի մէջ, Ս­փիւռ­քի հար­ցե­րու հա­մա­ժո­ղո­վը եւ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի մէջ կա­յա­նա­լիք ա­մառ­նա­յին բա­նա­կում­նե­րը ջնջո­ւե­ցան կամ յե­տաձ­գո­ւե­ցան:

Կը յու­սանք, որ աշ­նան պի­տի կա­րո­ղա­նանք յա­տուկ կեր­պով նշել Սեւ­րի ­Դաշ­նա­գի­րի 100ա­մեա­կը եւ զայն ի­րա­գոր­ծել ­Սեպ­տեմ­բե­րին ­Սեւ­րի մէջ, իսկ նա­խա­գահ Ո­ւիլ­սը­նի ի­րա­ւա­րար վճի­ռի 100ա­մեա­կը ­Նո­յեմ­բե­րին՝ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ:
Իսկ այս տա­րի, բո­լոր շրջան­նե­րը պի­տի տօ­նեն Հ.Յ.Դ. հիմ­նադ­րու­թեան 130ա­մեա­կը, բայց գլխա­ւոր ձեռ­նար­կը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ Նո­յեմ­բե­րի սկիզ­բը։ Ե­րե­ւա­նի մէջ, միա­ժա­մա­նակ պի­տի ու­նե­նանք մեր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ժո­ղո­վը, զոր կը գու­մա­րենք տա­րին ան­գամ մը:

Յու­նաս­տան ձեր Մար­տի այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ու­նե­ցաք շարք մը քա­ղա­քա­կան եւ ներ­գա­ղու­թա­յին հան­դի­պում­ներ։ Ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տէք այդ տե­սակ­ցու­թիւն­նե­րը։

Մե­ծա­պէս կը գնա­հա­տեմ ­Յու­նաս­տա­նի մեր պա­տաս­խա­նա­տու ըն­կեր­նե­րու եւ հա­մա­կիր­նե­րու ծրագ­րա­յին աշ­խա­տան­քը, զոր տա­րած էին ժա­մա­նու­մէս ա­ռաջ: ­Թէ՛ ներ­քին կազ­մա­կեր­պա­կան ի­մաս­տով, թէ՛ քա­ղա­քա­կան ի­մաս­տով նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը իս­կա­պէս տպա­ւո­րիչ էին եւ չորս օ­րե­րու կարճ ըն­թաց­քին, բծախնդ­րօ­րէն ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցան: ­Տե­ղի ու­նե­ցան բարձր մա­կար­դա­կի քա­ղա­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց ար­դէն անդ­րա­դար­ձած էք «Ա­զատ Օր»ին մէջ։

Ու­րախ եմ, որ կա­րո­ղա­ցայ հան­դի­պում­ներ ու­նե­նալ Ա­ռաջ­նոր­դին, ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեան, հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ ու­ղե­կից կա­ռոյց­նե­րուն, կու­սակ­ցա­կան շար­քե­րուն եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հետ։ Ին­ծի հա­մար գօ­տեպն­դիչ էր տես­նե­լը, որ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ մնալ պատ­նէ­շի վրայ, ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը գոր­ծու­նեայ է, իսկ կու­սակ­ցա­կան, ազ­գա­յին ու միու­թե­նա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը աշ­խուժ է ու ամ­բող­ջո­վին նո­ւի­րո­ւած՝ իր ժո­ղո­վուր­դին, հայ­րե­նի­քին ու դա­տին:
Վարձ­քեր­նիդ կա­տար:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Դա բոլորիս պատվի խնդիրն է, առավել ևս՝

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դավիթ Իշխանյանի ուղերձը Բա

09 Սեպտեմբեր 2026
Կրկնուող երեւոյթներ, զորս Փաշինեան չի

Ամէն անգամ, երբ ՀՀ իշխանութիւնները Ատրպէյճանի հետ բանակցային նոր հանգրուան մը

09 Սեպտեմբեր 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ

Սէրուժ Խանճիհանեանի հարցազրոյցը ՀՅԴ անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խա

08 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը ցանկանում է Հայաստանը վերածե

Հայոց ցեղասպանության գլխավոր կազմակերպիչ Թալեաթ փաշան 1915 թվականի իր նամակներ

07 Սեպտեմբեր 2026
Ի՞նչն է «վատ» կամ «լավ» հայության համա

Վերջին տարիներին Հայաստանի և Սփյուռքի հայությունը հիմնականում բաժանվել է երեք

05 Սեպտեմբեր 2026
Ինչ է լինում, երբ «ասֆալտը՝ ասֆալտ» է

«Ինչու են ասֆալտի վրա շատ կենտրոնանում, որովհետև ասֆալտից էդ ա, բանը... Ինչու

05 Սեպտեմբեր 2026
TRIPP-ը և Իրանը. անվտանգային մտահոգութ

TRIPP-ը Հայաստանի Հանրապետության հարավային տարածքով անցնող մոտավորապես 43 կիլո

05 Սեպտեմբեր 2026
Գաղափարական պայքարի Դրօշը դեռ երկար պե

Հարցազրոյց «Դրօշակի» խմբագիր ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆԻ հետ Վրէժ-Արմէն – Սովորական

05 Սեպտեմբեր 2026
«Խաղաղություն» առանց երաշխիքի. օգոստոս

2025 թվականի օգոստոսի 8-ին Վաշինգտոնում Սպիտակ տան տիրոջ՝ Դոնալդ Թրամփի մասնակ

05 Սեպտեմբեր 2026
Արդյո՞ք լավ ենք ճանաչում մեր հասարակու

Չափազանց բարդ ու զգայուն հարցի հետ գործ ունենք: Չեք գտնի թեկուզ մի քիչ խելամիտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանը և ՀԱՊԿ-ը մոտենում են անդարձե

2026 թվականի մայիսին ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյանը և ԱՄՆ պետքարտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանական իշխանությունը որպես Հայա

Ինչպես գրել էինք «Դրօշակի» սույն թվականի հունիս ամսվա համարում. «Հայաստանի Հան

05 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2ը Արցախի Հայութ

1991 Սեպտեմբեր 2ին, 35 տարի առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեա

04 Սեպտեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Պայքարին այլընտր

2026 թվականի խորհրդարանական ընտրություններում վերարտադրվելու համար Նիկոլ Փաշին

03 Սեպտեմբեր 2026
Մոսկուա – Պաքու Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Անցողակի

25 Դեկտեմբեր 2024-ին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած

03 Սեպտեմբեր 2026
Հալածանքը Կը Շարունակուի

Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ե

03 Սեպտեմբեր 2026
Արցախից յետոյ, թէկուզ ջրհեղե՞ղ…

Թող ոչ ոքի համար տարօրինակ չթւայ, որ հայկական Արցախի կորստից յետոյ, սպասելի էր

02 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սփիւռքի վերակազմակերպման ե

Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի նոր կայքէջի

02 Սեպտեմբեր 2026
Նրանք, ովքեր չեն մասնակցել Արցախի շարժ

Այսօր տոն է, 35 տարի առաջ Արցախյան շարժումը, որ սկսել էր 80-ականների վերջերին,

02 Սեպտեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվում «Դրօշակի» ընթացիկ տարվա 8-րդ համարը: Հերթական համարի

02 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company