Տաւոսեան առաքելութիւն
24 Հունվար 2019 Վստահաբար խորագրին համամիտ պիտի չըլլայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որովհետեւ Տաւոս այցելութեան մասին իր ցարդ հրապարակած տեղեկութիւններով կը հաւաստիացնէ, թէ Զուիցերիոյ Ալփեան աւանին կատարած իր ճանապարհութիւնը քաղաքական օրակարգ չէ ունեցած։Այլ խօսքով, ըստ վարչապետին, եղածը պարզ այցելութիւն մըն էր։ Եւ պատահած է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւս հոն գտնուած է։ Այս պատահական առիթով, երկուքը տեղւոյն վրայ համաձայնած են հանդիպիլ։ Պատահական հանդիպումը տեւած է մէկ ու կէս ժամ։ Քանի որ այս մէկը պատահական էր, ո՚չ հանդիպումը եւ ոչ ալ երկկողմանի խօսակցութիւնը պաշտօնական բնոյթ ունեցած է։ Ըստ վարչապետի հաւաստիացումներուն, հանդիպումը «ընկալումներին ծանօթանալու, շփուելու հնարաւորութիւն» եղած է։

Քաղաքականութիւնը կարելիին արուեստն է, սակայն երբեք պատահարներու հետեւանքով տեղի չունենար։ Ինչպէս Ամերիկացի նախագահ Ֆրէնքլին Տ. Ռուզվելթ ըսած է, «Քաղաքականութեան մէջ ոչինչ պատահարով կը պատահի։ Եթէ պատահի, վստահ եղիր որ այդպէս ծրագրուած էր։»
Այս «պատահական հանդիպումը» դուռ կը բանայ բազմաթիւ հարցումներու, որոնց պատասխանները պիտի չտրուին հայրենի իշխանաւորներուն կողմէ։ Բառակոյտերու մուխի եւ բացատրութիւններու հայելիի գործածութեամբ, անոնք պիտի դիմեն քաղաքական կախարդութիւններու՝ ծածկելու համար քաղաքական իրականութիւնը եւ հետապնդուող նպատակը։
Արդէն իսկ կանխելու համար նման հարցադրումներ, վարչապետը «շեշտելով» կը վստահեցնէ մեր բոլորին, թէ «դաւադրութիւններ լինել չեն կարող, աբսուրդ է նոյնիսկ մտածել այդ մասին:»
Սակայն, «դաւադրութեան» մասին խօսք ընող չկայ։ Պահանջուածը պարզապէս անկեղծ բացատրութիւն ստանալն է։ Ակնկալուածը պարզապէս մեր հաւաքական շահերը յուզող հարցի մասին տեղեկութիւններու թափանցիկութիւնն է եւ հետապնդուած նպատակը հարազատութեամբ ներկայացնելու պարկեշտութիւնն է։
Ի բացակայութիւն այս պահանջուածին ու ակնկալուածին, բնականօրէն Տաւոսեան այցելութիւնը պատահական ըլլալու փոխարէն կը վերածուի առաքելութեան։
Ներկայ տուեալներով, նման առաքելութիւն աւելի հիմնաւոր կը դառնայ Տաւոսի հանդիպումէն անմիջապէս ետք ԱՄՆի նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ջոն Բոլթոնի հետ վարչապետի ունեցած հեռախօսազրոյցով: Այս մասին վարչապետը կը տեղեկացնէ, թէ երկուստեք քննարկած են «տարածաշրջանային իրավիճակին եւ երկկողմ յարաբերութիւններին վերաբերուող հարցեր:»
Տարօրինակ թուացող հեռախօսազրոյց մըն է այս։ Նման հարցեր քննելու համար երկրի մը գործադիր իշխանութեան պետին խօսակիցը կրնայ ըլլալ ԱՄՆի նախագահը, փոխ նախագահը կամ պետական քարտուղարութիւնը։ Բայց Ջոն Բոլթոնը վարչապետին խօսակի՞ց։
Տարածաշրջանի մէջ Հայաստան ոչ մէկ վտանգ կրնայ սպառնալ հզօր Ամերիկային։ Իսկ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումը ԱՄՆի պետական քարտուղարութեան իրաւասութիւնն է։
Հետաքրքրականը վարչապետին այն հերքումն է, որ կը վերաբերի Արցախի հարցին։ Իր ֆէյսբուքի էջով տեղեկացնելէ ետք այս հեռախօսազրոյցի մասին, «յետ գրութեամբ» մը վարչապետը կ՚աւելցնէ, թէ Բոլթոնի հետ «Արցախի հարցին անդրադարձ չի եղել:»
Նման հերքում միայն կը հաստատէ, թէ վարչապետն ու Բոլթոնը անդրադարձած են Արցախի հարցին։ Աւելին, Տաւոսի հանդիպումի լոյսին տակ, վարչապետը բնակաբար զեկուցած է այդ մասին ԱՄՆի ազգային անվտանգութեան պետին։
Այս զարգացումները, որոնք արագընթաց կերպով կ՚ընթանան անցեալ տարուան Հոկտեմբերէն ի վեր, կը պարտաւորեցնէ վարչապետին, որպէսզի ամենայն թափանցիկութեամբ ու անկեղծութեան սրտբաց զրուցէ ու բացատրութեան տայ իր ժողովուրդին։ Ժողովուրդը, իբրեւ մեր հաւաքական անվտանգութեան ու ազգային շահերու հիմնական կռուանը, պէտք է տեղեկանայ իր վարչապետէն հարցերու մասին, որոնք ճակատագրական են։
Վարչապետը, իբրեւ գործադիր իշխանութեան պետը, սահմանադրական ու քաղաքացիական պարտաւորութիւնը ունի ժողովուրդին պարզելու իր կառավարութեան վարքագիծը, պատկերացումը եւ դիրքորոշումը Արցախեան հարցի կարգաւորման եւ Թուրքիոյ ու Իրանի հետ յարաբերութիւններու մասին։
Գիտենք գոյութիւն ունի առաքելութիւնը, ուրեմն պէտք է գիտնալ այդ առաքելութեան հետապնդած նպատակը – ոչ աւելի, ոչ պակաս։
Սեդօ Պոյաճեան, Լոս Անճելըս