ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Պատմություն, իրադարձություններ, գործիչներ

18 Փետրուար 1921. ­Փետ­րո­ւա­րեան ապս­տամ­բու­թիւ­նը պոռթ­կումն էր հայ ժո­ղո­վուր­դի ըմ­բոստ՝ ա­զա­տա­տենչ ու ար­դա­րա­շունչ ո­գիին

18 Փետրվար 2019 18 ­Փետ­րո­ւա­րը կը յու­շէ ա­մէն կար­գի բռնա­կա­լու­թեանց եւ ստրկաց­ման կա­պանք­նե­րու, ա­նի­րա­ւու­թեանց եւ ա­նար­դա­րու­թեանց դէմ հայ ժո­ղո­վուր­դի հե­րո­սա­կան ապստամ­բու­թեան ան­վե­հեր ո­գին։

98 տա­րի ա­ռաջ, 18 ­Փետ­րո­ւար 1921ին, իր ան­կախ հայ­րե­նիքն ու ա­զատ պե­տա­կա­նու­թիւ­նը հա­զիւ նո­ւա­ճած, բայց եր­կու­քու­կէս տա­րի ետք լե­նի­նեւ­քե­մալ սադ­րան­քին հե­տե­ւան­քով դար­ձեալ գե­րու­թեան մատ­նո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դը, իր հե­րո­սա­կան զա­ւակ­նե­րու վճռա­կան ծա­ռա­ցու­մով, ապս­տամ­բե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պար­տադ­րո­ւած խորհրդա­յին իշ­խա­նու­թեան եւ հա­մայ­նա­վար Յեղ­կո­մի բռնա­տի­րու­թեան դէմ։

Փետ­րո­ւար 18ի հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ապս­տամ­բու­թեան այդ ո­գին, ի­րա­ւա՛մբ, շար­ժիչ ու­ժը ե­ղած է հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թեան։

Սկ­սե­լով ­Բէ­լի դէմ ­Հայկ ­Նա­հա­պե­տի ա­ռաս­պե­լա­տիպ ծա­ռա­ցու­մէն, սրբա­գոր­ծո­ւե­լով Վար­դա­նանց ազ­գա­յին-քա­ղա­քակր­թա­կան ինք­նա­պահ­պան­ման ու ինք­նա­հաս­տատ­ման սրբազ­նա­գոյն պա­տե­րազ­մով, անց­նե­լով ­Սա­սուն­ցի ­Դա­ւի­թի ան­հաշտ ու ան­տե­ղի­տա­լի ծա­ռա­ցու­մէն եւ ­Դա­ւիթ ­Բէ­կի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րէն՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ապս­տամ­բա­կան այդ ան­մար ո­գին մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ յառ­նե­ցաւ ­Փետ­րո­ւա­րեան հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին Ապս­տամ­բու­թեամբ։

Ճիշդ ա՛յդ ո­գին էր, որ խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան շուրջ 70ա­մեայ բռնա­կա­լու­թեան եւ ա­նոր հո­վա­նիին տակ ծո­ւա­րած հա­մաթր­քա­կան ա­նարգ լու­ծին դէմ իր նո­րա­գոյն ժայթ­քու­մը ու­նե­ցաւ 20 ­Փետ­րո­ւար 1988ին, երբ Ար­ցա­խի մեր ժո­ղո­վուր­դին հետ ողջ հա­յու­թիւ­նը պայ­քա­րի դաշտ նե­տո­ւե­ցաւ՝ յա­նուն հայ­րե­նի հո­ղի ա­զա­տագ­րու­թեան, հա­յոց ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին եւ Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­մին։

Հե­տե­ւա­բար, ինչ որ պա­տա­հե­ցաւ 18 ­Փետ­րո­ւար 1921ին, ա՛յս ա­ռու­մով, ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ եւ վեր, ազ­գա­յին ինք­նա­հաս­տատ­ման ու ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան հե­րո­սա­կան ապս­տամ­բու­թիւն էր։

Հայ ժո­ղո­վուր­դը, տաս­նին­նե­րորդ դա­րու ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի 30ա­մեայ բո­վին մէջ կրա­կի իր մկրտու­թիւ­նը ստա­ցած, ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ՝ հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման հնո­ցին մէջ թրծո­ւած դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յի­նե­րու հե­րո­սա­կան փա­ղան­գին, 18 ­Փետ­րո­ւա­րին պար­զա­պէս ապս­տամ­բե­ցաւ ի­րեն պար­տադ­րո­ւած խորհր­դա­յին բռնա­կա­լու­թեան դէմ, ո­րով­հե­տեւ հա­մայ­նա­վար ­Յեղ­կո­մի գոր­ծադ­րած խժդժու­թեանց, հա­լա­ծանք­նե­րուն եւ շա­հա­տա­կու­թեանց հե­տե­ւան­քով՝ դա­նա­կը հա­սած էր ոս­կո­րին։

Ճիշդ է, 18 ­Փետ­րո­ւա­րին դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յի­նե­րու եւ խմբա­պետ­նե­րու փա­ղան­գը պար­զեց ­Փետ­րո­ւա­րեան Ապս­տամ­բու­թեան դրօ­շը, բայց էա­պէս ­Ժո­ղովր­դա­յի՛ն ըմ­բոս­տաց­ման եւ ոչ թէ պե­տա­կան յե­ղաշրջ­ման քայլ մը ե­ղաւ ­Փետ­րո­ւար 18ի պատ­մա­կերտ քայ­լը։

Գա­ղա­փա­րա­կան կամ քա­ղա­քա­կան յե­ղաշր­ջում չէր պա­տա­հա­ծը։ Ոչ ալ թե­լադ­րո­ւած էր Դաշ­նակ­ցու­թեան ղե­կա­վար մար­մին­նե­րուն կամ գոր­ծիչ­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք եր­կու ա­միս ա­ռաջ՝ 2 ­Դեկ­տեմ­բեր 1920ին, ի տես ­Լե­նին-­Քե­մալ մեղ­սակ­ցու­թեամբ նո­րան­կախ Հա­յաս­տա­նի ամ­բող­ջա­կան պա­շա­րու­մին եւ պե­տա­կան կոր­ծան­ման վտան­գին, եր­կու չա­րեաց փոք­րա­գոյ­նը ընտ­րեց, իշ­խա­նու­թիւ­նը զի­ջե­ցաւ խորհր­դա­յին­նե­րու լիա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Լեգ­րա­նին եւ, ա­նոր մի­ջո­ցաւ, Ք­րեմ­լի­նի մէջ բազ­մած պոլ­շե­ւիկ­նե­րու կող­մէ կեան­քի կո­չո­ւած Ս. ­Կա­սեա­նի, Ա. ­Նու­րի­ջա­նեա­նի ու Լ. Ա­թար­բէ­գեա­նի օ­րի­նա­կով ծայ­րա­յե­ղա­կան ու ցնո­րա­տես պոլ­շե­ւիկ­նե­րու այս­պէս կո­չո­ւած ­Յեղ­կո­մին…

Ըստ ա­մե­նայ­նի հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ըմ­բոս­տա­ցում ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ ­Փետ­րո­ւար 18ին, ո­րով­հե­տեւ պոլ­շե­ւի­կեան քա­նի մը շա­բաթ­նե­րու իշ­խա­նու­թիւ­նը բա­ւա­րար ե­ղած էր, որ­պէս­զի յոր­դի համ­բե­րու­թեան բա­ժա­կը հայ ժո­ղո­վուր­դին։

Հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը բա­ռին ա­մէ­նէն ա­հա­ւոր ու վայ­րագ ի­մաս­տով գրաւ­ման բա­նա­կի պէս վա­րո­ւե­ցան սե­փա­կան երկ­րին ու ժո­ղո­վուր­դին հետ։ ­Խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեան եւ հա­մայ­նա­վա­րա­կան կար­գե­րու հաս­տատ­ման կար­գա­խօս­քնե­րով՝ բռնագ­րա­ւե­ցին պարզ ժո­ղո­վուր­դին ու­նե­ցած-չու­նե­ցա­ծը եւ ա­մէն կար­գի խժդժու­թեանց, հա­լա­ծան­քի ու բռնու­թեանց կա­տա­ղի ար­շաւ ծա­ւա­լե­ցին ոչ միայն հա­յոց ան­կա­խու­թիւնն ու պե­տա­կա­նու­թիւ­նը կեր­տած քա­ղա­քա­կան ու ռազ­մա­կան ղե­կա­վար գոր­ծիչ­նե­րուն, այ­լեւ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու կա­մա­յա­կա­նու­թեանց ընդ­դի­մա­ցող շար­քա­յին քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն դէմ։

Այդ­պէ՛ս՝ գրաւ­ման բա­նա­կի վե­րա­ծուած պոլ­շե­ւի­կեան իշ­խա­նու­թեանց դէմ ուղ­ղո­ւած ծա­ռա­ցումն էր կի­զա­կէ­տը ­Փետ­րո­ւար 18ի հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին Ապս­տամ­բու­թեան։

Այդ­պէ՛ս, 18 ­Փետ­րո­ւար 1921ին, հայ ժո­ղո­վուր­դը հե­րո­սա­կան ու անջն­ջե­լի նոր էջ մը ա­ւել­ցուց իր հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թեան կար­միր մա­տեա­նին մէջ։

Հա­յոց տա­րեգ­րու­թեան մէջ ­Փետ­րո­ւար 18ը գրա­ւեց իր նշա­նա­կա­լից տե­ղը, իբ­րեւ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ա­ռա­ջին ըմ­բոս­տա­ցու­մը նախ­կին ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան տա­րած­քին 1917ի ­Հոկ­տեմ­բե­րին, պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղաշր­ջու­մով հաս­տա­տո­ւած հա­մայ­նա­վար բռնա­կա­լու­թեան եւ ա­նոր գոր­ծած ա­նի­րա­ւու­թեանց ու ա­նար­դա­րու­թեանց դէմ։
Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ծանր ու օր­հա­սա­կան պայ­ման­նե­րու մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ Փետ­րո­ւա­րեան Ապս­տամ­բու­թիւ­նը, որ իբ­րեւ ա­զա­տու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան ի խնդիր ծա­ւա­լած հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ըմ­բոս­տա­ցում՝ ոչ միայն ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն չէր, այ­լեւ՝ պատ­մա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն էր։ Ա­նի­կա ան­խու­սա­փե­լի վի­րա­հատ­ման նշդրա­կի եւ փրկա­րար սրբագ­րու­մի նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­պա­գա­յին հա­մար։

Հա­կա­ռակ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան հետ ­Լեգ­րա­նի կնքած Հա­մա­ձայ­նագ­րին, որ կը նա­խա­տե­սէր պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ԴՐՕի հետ նո­րա­հաս­տատ ­Յեղ­կո­մի գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւ կը բա­ցա­ռէր ինք­նա­կամ հրա­ժա­րած հան­րա­պե­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­նե­րուն դէմ հա­լա­ծան­քը, ­Կա­սեան­նե­րու Յեղ­կո­մը լրիւ հա­կա­ռակ ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծեց 4 ­Դեկ­տեմ­բեր 1920էն իսկ, երբ Ե­րե­ւան գա­լով իշ­խա­նու­թիւ­նը ձեռք ա­ռաւ։
ԴՐՕ հսկո­ղու­թեան տակ առ­նո­ւե­ցաւ, ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի եւ ­Հա­մա­զաս­պի տա­րո­ղու­թեամբ կա­ռա­վա­րա­կան եւ ազ­գա­յին գոր­ծիչ­ներ բանտ նե­տո­ւե­ցան, ­Զօր. Նա­զար­բէ­գեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ ­Հայ­կա­կան բա­նա­կի ամ­բողջ սպա­յա­կազ­մը, 1200 սպա­ներ, հե­տիոտն աք­սո­րո­ւե­ցան դէ­պի ­Ռու­սաս­տան։ Իսկ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի օ­րի­նա­կով պե­տա­կան-կու­սակ­ցա­կան գոր­ծիչ­ներ ընդ­յա­տակ ան­ցան՝ խոյս տա­լով նո­րա­կազմ Չե­կա­յի՝ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու ստեղ­ծած պե­տա­կան ա­պա­հո­վու­թեան վոհ­մակ­նե­րու հե­տապն­դում­նե­րէն։

Ա­ւե­լի՛ն. ­Նու­րի­ջա­նեան­նե­րու ­Յեղ­կո­մը բնաւ չհաշ­տո­ւե­ցաւ այն ի­րո­ղու­թեան հետ, որ ա­ռանց քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­րիւ­նա­հեղ պա­տե­րազ­մի ­Հա­յաս­տան ընտ­րած էր խորհր­դայ­նաց­ման ու­ղին… ­Նո­րե­լուկ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու հա­մո­զու­մով՝ հարկ էր լե­նի­նեան օ­րի­նա­չա­փու­թիւ­նը կի­րար­կել եւ ա­մէն գնով դա­սա­կար­գա­յին կռիւ… սկսիլ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Եւ թա­լանն ու հա­լա­ծան­քը մո­լեգ­նե­ցան նոյ­նինքն ժո­ղո­վուր­դին դէմ՝ յատ­կա­պէս գիւ­ղա­կան շրջան­նե­րու մէջ դա­սա­կար­գա­յին շին­ծու պայ­քա­րի մթնո­լորտ հրահ­րե­լով։ Սե­փա­կա­նազրկու­մի եւ ինչ­քե­րու բռնագ­րաւ­ման մեծ խրախ­ճանք մը սկսան նո­րա­հաս­տատ իշ­խա­նու­թեանց վե­րին թէ ստո­րին մա­կար­դա­կի պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը։
Եւ ա­հա այդ ա­տեն յոր­դե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին համ­բե­րու­թեան բա­ժա­կը։
Երբ 16 ­Փետ­րո­ւա­րին ժո­ղովր­դա­յին ըմ­բոս­տաց­ման ա­ռա­ջին խմո­րում­նե­րը սկսան եւ շրջան­նե­րէն ժո­ղո­վուր­դը, դաշ­նակ­ցա­կան եր­բեմ­նի խմբա­պետ­նե­րու գլխա­ւո­րու­թեամբ, սկսաւ շար­ժիլ դէ­պի Ե­րե­ւան, ­Յեղ­կո­մը ա­ւե­լիով մո­լեգ­նե­ցաւ։ ­Նոյ­նինքն 18 ­Փետ­րո­ւա­րի վաղ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն, Ե­րե­ւա­նի բան­տե­րուն մէջ, բա­ռա­ցիօ­րէն խոշ­տան­գո­ւե­լով՝ կա­ցի­նա­հար սպան­նո­ւե­ցան ­Հա­մա­զաս­պի օ­րի­նա­կով ազ­գա­յին հե­րոս­ներ…
Այս ի­մաս­տով պատ­մա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն ե­ղաւ 18 ­Փետ­րո­ւար 1921ի ա­րե­ւա­ծա­գին Ե­րե­ւա­նի մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դին ի­րա­գոր­ծած ապս­տամ­բու­թիւ­նը, որ ոչ միայն բան­տե­րէն ա­զա­տեց իր հե­րո­սա­կան զա­ւակ­ներն ու քա­ղա­քա­կան կամ­քին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, այ­լեւ՝ իշ­խա­նու­թե­նէն խու­ճա­պա­հար փա­խուս­տի մղեց ­Կա­սեան­նե­րը…

Մին­չեւ Ապ­րիլ 2՝ ­Փետ­րո­ւա­րեան Ապս­տամ­բու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ղե­կէն հե­ռու պա­հեց խորհր­դա­յին­նե­րը, ո­րոնք թէեւ ի վեր­ջոյ Կարմիր Բանակի սուիններու վե­րա­տի­րա­ցան իշ­խա­նու­թեան, բայց ար­դէն վե­րա­դար­ձան Ալ. ­Միաս­նի­կեա­նի օ­րի­նա­կով շրջա­հա­յեաց պոլ­շե­ւի­կով փո­խա­րի­նո­ւած ­Յեղ­կո­մի ղե­կա­վա­րու­թեամբ մը՝ ու­ղե­ցոյց եւ հրա­հանգ ու­նե­նա­լով… ­Հա­յաս­տա­նի մէջ քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի հրահ­րու­մէն խու­սա­փե­լու լե­նի­նեան յանձ­նա­րա­րա­կա­նը։
95 տա­րի­ներ ան­ցած են ­Փետ­րո­ւար 18էն աս­դին, բայց հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ կը շա­րու­նա­կեն վառ մնալ խոր­հուրդն ու ա­ւան­դը հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին այն մեծ ապստամ­բու­թեան, ո­րուն շնոր­հիւ՝
«… ­Խա­ղա­ղու­թիւ­նը, օրհ­նու­թեան ցօ­ղի պէս, ի­ջաւ Ե­րե­ւա­նի վրայ։ ­Հա­յոց Աշ­խար­հը ա­զա­տագ­րո­ւած էր Կար­միր պա­տու­հա­սից։ Ա­րե­ւի ա­ռա­ջին ճա­ռա­գայթ­նե­րի հետ ա­զա­տու­թեան դի­ցու­հին ող­ջու­նում էր հայ ժո­ղովր­դի փրկու­թիւ­նը։ «­Մեր ­Հայ­րե­նիք ա­զա՜տ, ան­կա՜խ՝ իւր քաջ որդ­ւոց սուրբ ա­րիւ­նով»… հնչում էր ա­մէն կող­մից» (ինչ­պէս որ տա­րի­ներ ետք պի­տի վկա­յէր Յ. Ի­րա­զեկ)։
Փետ­րո­ւար 18ի տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով ան­պայ­ման ու կա­րե­ւո­րու­թեամբ պէտք է մեր­կաց­նել նեն­գա­փո­խումն ու յե­տին դի­տա­ւո­րու­թիւ­նը խորհր­դա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան այն յան­կեր­գին, թէ ­Փետ­րո­ւա­րեան Ապս­տամ­բու­թիւ­նը իբր «դաշ­նակ­նե­րի ա­ւան­տու­րա» էր եւ թէ հե­րո­սա­կան ըմ­բոս­տաց­ման այդ ան­մար ո­գին կը ներշն­չո­ւէր, իբր թէ, «դաշ­նա­կիզ­մի ար­կա­ծախնդրու­թե­նէն»…
Ամ­բողջ տաս­նա­մեակ­ներ խորհր­դա­յին­նե­րը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն քա­րո­զե­ցին եւ փոր­ձե­ցին հայ­րե­նի հա­յու­թեան մէջ ար­մա­տա­ւո­րել այն մտայ­նու­թիւ­նը, թէ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ­Փետ­րո­ւար 18ին զէնք վեր­ցուց հայ­կա­կան իշ­խա­նու­թեանց դէմ՝ իբր թէ կա­ռա­վա­րու­թեան ղե­կին վե­րա­դառ­նա­լու հա­մար։

Այդ մտայ­նու­թեան վե­րապ­րուկ­նե­րը մին­չեւ մեր օ­րե­րը նկա­տե­լի են հայ­րե­նաբ­նակ հա­յուն մօտ, որ տա­կա­ւին լրիւ չէ թօ­թա­փած ժանգ կա­պած հետ­քե­րը խորհր­դա­յին ժա­ռան­գու­թեան։
Խորհր­դա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը բնաւ չու­զեց եւ իր գա­ղա­փա­րա­կան էու­թեամբ չէր կրնար հաշ­տո­ւիլ պատ­մա­կան այն պարզ, այ­լեւ դա­ժան ճշմար­տու­թեան հետ, որ Փետ­րո­ւա­րեան Ապս­տամ­բու­թիւ­նը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին ինք­նա­բուխ եւ հե­րո­սա­կան ծա­ռա­ցու­մով։

Ըն­դու­նիլ այս ճշմար­տու­թիւ­նը՝ խորհր­դա­յին­նե­րուն աչ­քին կը նշա­նա­կէր ա­կա­մայ խոս­տո­վա­նիլ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը էա­պէս իւ­րա­ցու­ցած էր ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ո­գին ե­րես­նա­մեայ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի բո­վին մէջ։

Ար­դա­րեւ, ­Փետ­րո­ւա­րեան Ապս­տամ­բու­թիւ­նը տե­ղի չու­նե­ցաւ օ­րո­ւան դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան ո­րո­շու­մով կամ հրա­հան­գով, այլ բռնկե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մէջ իր մար­տա­կան ող­նա­շա­րը գտած մեր ժո­ղո­վուր­դին ինք­նա­բուխ ըմ­բոս­տա­ցու­մով, ինչ­պէս որ նոյն­քան ինք­նա­բուխ ե­ղաւ ֆե­տա­յա­կան շարժ­ման ա­նո­ղոք կռո­ւի դպրո­ցէն ան­ցած դաշ­նակ­ցա­կան խմբա­պետ­նե­րու ղե­կա­վար դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ապս­տամ­բու­թեան հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ծա­ւալ­ման մէջ։ ­Պատ­մա­կան հիմ­նո­վին տար­բեր պայ­ման­նե­րու եւ գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան էա­պէս տար­բեր խմո­րում­նե­րու զու­գա­հեռ մը գծե­լու ա­ռու­մով՝ Փետ­րո­ւա­րեան Ապս­տամ­բու­թեան շղթա­յա­զեր­ծած Ըմ­բոս­տաց­ման Ո­գին շատ լոյս կը սփռէ մեր օ­րե­րուն բռնկած եւ ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­կան ինք­նա­մաքր­ման ու վե­րածնուն­դի հո­սան­քը վա­րա­րած ­Թաւ­շեայ ­Յե­ղա­փո­խու­թեան կի­զա­կէ­տին վրայ։

Ն.

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Դա բոլորիս պատվի խնդիրն է, առավել ևս՝

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դավիթ Իշխանյանի ուղերձը Բա

09 Սեպտեմբեր 2026
Կրկնուող երեւոյթներ, զորս Փաշինեան չի

Ամէն անգամ, երբ ՀՀ իշխանութիւնները Ատրպէյճանի հետ բանակցային նոր հանգրուան մը

09 Սեպտեմբեր 2026
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով

Սփիւռքի Զօրաշարժի Խորհրդաժողովին (Փարիզ, Ապրիլ 11-12) ընթացքին տեղի ունեցած չո

09 Սեպտեմբեր 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ

Սէրուժ Խանճիհանեանի հարցազրոյցը ՀՅԴ անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խա

08 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը ցանկանում է Հայաստանը վերածե

Հայոց ցեղասպանության գլխավոր կազմակերպիչ Թալեաթ փաշան 1915 թվականի իր նամակներ

07 Սեպտեմբեր 2026
Ի՞նչն է «վատ» կամ «լավ» հայության համա

Վերջին տարիներին Հայաստանի և Սփյուռքի հայությունը հիմնականում բաժանվել է երեք

05 Սեպտեմբեր 2026
Ինչ է լինում, երբ «ասֆալտը՝ ասֆալտ» է

«Ինչու են ասֆալտի վրա շատ կենտրոնանում, որովհետև ասֆալտից էդ ա, բանը... Ինչու

05 Սեպտեմբեր 2026
TRIPP-ը և Իրանը. անվտանգային մտահոգութ

TRIPP-ը Հայաստանի Հանրապետության հարավային տարածքով անցնող մոտավորապես 43 կիլո

05 Սեպտեմբեր 2026
Գաղափարական պայքարի Դրօշը դեռ երկար պե

Հարցազրոյց «Դրօշակի» խմբագիր ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆԻ հետ Վրէժ-Արմէն – Սովորական

05 Սեպտեմբեր 2026
«Խաղաղություն» առանց երաշխիքի. օգոստոս

2025 թվականի օգոստոսի 8-ին Վաշինգտոնում Սպիտակ տան տիրոջ՝ Դոնալդ Թրամփի մասնակ

05 Սեպտեմբեր 2026
Արդյո՞ք լավ ենք ճանաչում մեր հասարակու

Չափազանց բարդ ու զգայուն հարցի հետ գործ ունենք: Չեք գտնի թեկուզ մի քիչ խելամիտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանը և ՀԱՊԿ-ը մոտենում են անդարձե

2026 թվականի մայիսին ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյանը և ԱՄՆ պետքարտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանական իշխանությունը որպես Հայա

Ինչպես գրել էինք «Դրօշակի» սույն թվականի հունիս ամսվա համարում. «Հայաստանի Հան

05 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2ը Արցախի Հայութ

1991 Սեպտեմբեր 2ին, 35 տարի առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեա

04 Սեպտեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Պայքարին այլընտր

2026 թվականի խորհրդարանական ընտրություններում վերարտադրվելու համար Նիկոլ Փաշին

03 Սեպտեմբեր 2026
Մոսկուա – Պաքու Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Անցողակի

25 Դեկտեմբեր 2024-ին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած

03 Սեպտեմբեր 2026
Հալածանքը Կը Շարունակուի

Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ե

03 Սեպտեմբեր 2026
Արցախից յետոյ, թէկուզ ջրհեղե՞ղ…

Թող ոչ ոքի համար տարօրինակ չթւայ, որ հայկական Արցախի կորստից յետոյ, սպասելի էր

02 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սփիւռքի վերակազմակերպման ե

Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի նոր կայքէջի

02 Սեպտեմբեր 2026
Նրանք, ովքեր չեն մասնակցել Արցախի շարժ

Այսօր տոն է, 35 տարի առաջ Արցախյան շարժումը, որ սկսել էր 80-ականների վերջերին,

02 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company