ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Արցախ
  • Հարցազրոյցներ

Նախարար Լեռ­նիկ Յով­հան­նի­սեան կը պատասխանէ «Ազատ օր»ի հարցերուն

28 Մարտ 2019 «­Կա­րե­ւոր է սփիւռ­քի ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ նե­րոյ­ժը
օգ­տա­գոր­ծել՝ ի սպաս Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման ուղ­ղո­ւած ջան­քե­րուն»


Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կան հան­դի­պում­նե­րու հա­մար, հիւ­րա­բար Ա­թէնք այ­ցե­լած Ար­ցա­խի ­Հա­րա­պե­տու­թեան մշա­կոյ­թի, ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար տոքթ. ­Լեռ­նիկ Յով­հան­նի­սեան այ­ցե­լեց նաեւ «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րա­տուն, ուր հե­տե­ւեալ հար­ցազ­րոյ­ցը ու­նե­ցաւ մեր թեր­թի խմբագ­րու­թեան հետ։

Վեր­ջին շրջա­նին բա­նակ­ցա­յին գոր­ծի ըն­թաց­քին մէջ աշ­խու­ժու­թիւն մը կը տես­նենք Ար­ցա­խի հար­ցով: Ո­րո՞նք են այս աշ­խու­ժու­թեան պատ­ճառ­նե­րը:

Աշ­խու­ժու­թիւ­նը սկսաւ այն ժա­մա­նակ, երբ ­Մարտ 9ին Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմբա­կը յայ­տա­րա­րու­թիւն մը տա­րա­ծեց եւ այդ յայ­տա­րա­րու­թեան վեր­ջին պար­բե­րու­թիւ­նը հա­յան­պաստ չէր: ­Մին­չեւ հի­մա հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը զուսպ էին, բայց այս ան­գամ ո­րո­շա­կի յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ե­ղան, ո­րոնք այն­քան ալ չեն նպաս­տեր ու այն­քան ալ չեն յա­րիր ­Մինս­կի Խմբա­կի միջ­նոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան, ո­րով­հե­տեւ մէկ կող­մին կը պար­տադ­րեն զի­ջում­ներ, իսկ միւս կող­մին՝ ոչ մէկ բան: Այս­պէս հար­ցը չի լու­ծո­ւիր:

Այ­սօր թիւ մէկ խնդի­րը Ար­ցա­խը վե­րա­դարձ­նելն է բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն որ­պէս լիար­ժէք կողմ, հարց մը` զոր թէ՛ Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, թէ՛ Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը միշտ ի­րենց յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն եւ հար­ցազ­րոյց­նե­րու ըն­թաց­քին կը պա­հան­ջեն: Ա­ռանց Ար­ցա­խեան կող­մի ներգ­րաւ­ման՝ որ­պէս բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու լիար­ժէք կողմ, հար­ցը դա­տա­պար­տո­ւած է չլու­ծո­ւե­լու:

Այ­սօր ալ նման մտայ­նու­թիւն մը կայ ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօտ: Հ.Հ. վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը այդ մա­սին կը վկա­յեն: Ատր­պէյ­ճան ին­քը կը յայ­տա­րա­րէ, որ չի կրնար բա­նակ­ցիլ Ար­ցա­խի հետ: Ա­տի­կա ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան մօ­տե­ցում է, ո­րով­հե­տեւ ա­ռանց Ար­ցա­խի որ­պէս լիար­ժէք կողմ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, ո­րե­ւէ միջ­նոր­դա­կան քայլ կը ձա­խո­ղի: Այդ բո­լո­րը կը հասկ­նան նաեւ Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րը՝ Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը, Ֆ­րան­սան եւ ­Ռու­սաս­տա­նը: 1994էն սկսեալ, այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն ձեռք բե­րո­ւած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը պահ­պա­նո­ւե­ցան, ո­րով­հե­տեւ ե­ղած են ե­ռա­կողմ: Ինչ­պէս՝ 1994ին զի­նա­դա­դա­րի կնքու­մը: Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու փաս­տա­թուղ­թե­րուն մէջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու այդ ե­ռա­կողմ ձե­ւա­չա­փը կար եւ 1994, 95, 96 թո­ւա­կան­նե­րուն ա­տի­կա կը կի­րար­կո­ւէր: ­Հի­մա՝ թէ ին­չո՞ւ Ար­ցա­խը բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն դուրս մնաց, չենք ման­րա­մաս­ներ: Ան­շուշտ որ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կ­՚այ­ցե­լեն Ս­տե­փա­նա­կերտ եւ Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կար­ծի­քը կ­՚ի­մա­նան, բայց ա­տի­կա բա­ւա­րար չէ, որ­պէս­զի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու լիար­ժէք ձե­ւա­չա­փը վե­րա­կանգ­նո­ւի:

Վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րու վե­րի­վայ­րում­նե­րը ո­րե­ւէ ձե­ւով ազ­դե­ցու­թիւն կ­՚ու­նե­նա՞ն ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­բա­նու­թեան վրայ:

Ո­րո­շա­կիօ­րէն կա­րող են ազ­դել: Ի վեր­ջոյ այդ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ա­մէն Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­ցի կը վե­րա­բե­րի ան­հանգս­տու­թեամբ, ո­րով­հե­տեւ մեր երկ­րի ճա­կա­տա­գիրն է, մեր երկ­րի հարցն է, բայց ո­րով­հե­տեւ այդ­պի­սի յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ մենք շատ տե­սած ենք, պէտք է այն­պէս ը­նել, որ­պէս­զի շատ ճիշդ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ճա­նա­պար­հով յա­ռա­ջա­նանք եւ այն սկզբունք­նե­րը, որ ան­յա­րիր են մե­զի, եւ այդ ­Մատ­րի­տեան սկզբունք­նե­րը, ո­րոնք մշա­կո­ւած են ա­ռանց Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին եւ զայն ներ­կա­յաց­նող իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան, չեն կրնար գոր­ծել: ­Մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը պէտք է հասկ­նայ, որ յա­ջո­ղու­թեան հաս­նե­լու հա­մար պէտք է Ար­ցա­խը եւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի կող­մէ ընտ­րո­ւած իշ­խա­նու­թիւ­նը ան­պայ­ման մաս­նակ­ցին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն որ­պէս լիար­ժէք կողմ: 1990ա­կան թուա­կան­նե­րուն Ատր­պէյ­ճան կը բա­նակ­ցէր, եւ նոյ­նիսկ կան փաս­տա­թուղ­թեր՝ դեռ եւս ­Հայ­տար Ա­լիե­ւի օ­րե­րէն, որ Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թեան հետ կը բա­նակ­ցէր զա­նա­զան հար­ցե­րու շուրջ — կա­պո­ւած՝ ռազ­մա­գե­րի­նե­րու, կա­պո­ւած՝ զի­նա­դա­դա­րի պահ­պան­ման հետ: Այս փոր­ձը կայ եւ դար­ձեալ պէտք է դրո­ւի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ձե­ւա­չա­փին մէջ: Այդ պա­րա­գա­յին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կրնան հաս­նիլ ար­դիւն­քի մը: Իսկ այս­պէս՝ հե­ռա­կայ կար­գով, ո­րե­ւէ ձե­ւով՝ ա­ռանց Ար­ցա­խի մաս­նակ­ցու­թեան, չի կրնար լու­ծո­ւիլ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին ճա­կա­տա­գի­րը:

Ի՞նչ կը պա­րու­նա­կէ Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կին ա­ռա­ջար­կը:

Հ.Հ. վար­չա­պե­տը, Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հը, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը հան­դի­պած են ի­րա­րու հետ: Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը այ­ցե­լած են եւ ­Պա­քու եւ Ե­րե­ւան, եւ Ե.Ա.Հ.Կ. գոր­ծող նա­խա­գա­հը Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­պե­ցաւ Ար­ցա­խի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Մա­սիս ­Մա­յի­լեա­նի հետ: ­Մատ­րի­տեան սկզբունք­նե­րը պէտք է օր ա­ռաջ կազ­մա­քա­կո­ւին եւ մղո­ւին պատ­մու­թեան գիր­կը: ­Նոր ձե­ւա­չափ պէտք է: ­Հի­նով կա­րող չես շա­րու­նա­կել, ո­րով­հե­տեւ հի­նը չ­’ար­տա­ցո­լար այն ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք այ­սօր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կան: Այ­սինքն՝ վե­րա­ցա­կա­նու­թեամբ կա­րող չես կար­գա­ւո­րում տալ այն­պի­սի հիմ­նախն­դի­րի, ինչ­պի­սին է Ար­ցա­խեան հիմ­նախն­դի­րը: ­Տե­սանք, որ ­Մատ­րի­տեան սկզբունք­նե­րը, ո­րոնք դրո­ւած էին սե­ղա­նին, ո­րե­ւէ ար­դիւնք պի­տի չտան: ­Գործ­նա­կան չեն եւ ա­նոնց­մէ որ­քան շուտ հրա­ժա­րինք եւ ընդ­հան­րա­պէս մղենք պատ­մու­թեան գիր­կը եւ ա­նոր այ­լեւս չանդ­րա­դառ­նանք, այն­քան ա­ւե­լի լաւ:

2016ի Ատր­պէյ­ճա­նի ձա­խող յար­ձա­կու­մէն ի՞նչ դա­սեր քա­ղե­ցինք:

2016ի Ապ­րի­լը ցոյց տո­ւաւ, որ Ատր­պէյ­ճա­նը կրնայ սկսիլ պա­տե­րազմ՝ ա­ռանց հա­շո­ւի առ­նե­լու ո­րե­ւէ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի սկզբունք: ­Դա­սը այն է, որ պէտք չէ հա­ւա­տալ Ատր­պէյ­ճա­նին եւ պէտք է միշտ պատ­րաստ ըլ­լալ, ո­րով­հե­տեւ կրնայ ո­րե­ւէ պա­հու Ատր­պէյ­ճա­նը սկսիլ յար­ձա­կու­մի: ­Մինս­քի Խմ­բա­կը որ­քան ալ ու­զէ, որ ա­մէն ինչ ըլ­լայ խա­ղաղ պայ­ման­նե­րով, մեր թշնա­մին չ­’ու­զեր ա­տի­կա: Ո­րով­հե­տեւ մեր թշնա­միին հիմ­նա­կան խնդի­րը մեզ ոչն­չաց­նելն է: ­Շա­րու­նակ ա՛յդ կը յայ­տա­րա­րեն.- Ոչ միայն Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, այլ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը: Ատր­պէյ­ճա­նը՝ խախ­տե­լով բո­լոր մի­ջազ­գա­յին պար­տա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րը, ան­վե­րահս­կե­լիօ­րէն կը զի­նո­ւի: Իր զէն­քի գնման աշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը տար­բեր է, գի­տէք՝ ­Ռու­սաս­տան, ­Պե­լա­ռու­սիա, ­Փա­քիս­տան, Իս­րա­յէլ, ­Թուր­քիա ե­ւայլն, այ­սինքն՝ ին­քը զէնք կ­՚ա­պա­հո­վէ, ի վեր­ջոյ պի­տի չդնէ թան­գա­րա­նին մէջ: ­Զէն­քը կը գնէ յստակ նպա­տա­կով, որ­պէս­զի սկսի ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ: Փա՜ռք Աս­տու­ծոյ, մեր պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը մար­տու­նակ է եւ կը կա­րո­ղա­նայ հա­տու­ցել իր առ­ջեւ դրո­ւած խնդիր­նե­րը: 2016ին, նոր սե­րուն­դը ցոյց տո­ւաւ, որ ին­քը կա­րող է իր հայ­րե­նի­քը պաշտ­պա­նել եւ սա մեզ կ­՚ու­րա­խաց­նէ:

Ի՞նչ է սփիւռ­քի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը Ար­ցա­խի հար­ցին մէջ: Ինչ­պի­սի՞ քայ­լե­րով կրնայ օգ­տա­կար հան­դի­սա­նալ:

Ինչ­պէս այս օ­րե­րուն հան­րա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու մէջ նշե­ցի, կա­րե­ւոր է սփիւռ­քի ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ նե­րոյ­ժը օգ­տա­գոր­ծել ի սպաս Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման ուղ­ղո­ւած ջան­քե­րուն: Բ­նա­կա­նա­բար, շատ հեշտ գործ չէ, բայց մենք պէտք չէ կանգ առ­նենք այն դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն առ­ջեւ, որ այ­սօր կան, այլ պէտք է քայլ առ քայլ յա­ռա­ջա­նալ: Այդ պատ­ճա­ռով խիստ կա­րե­ւոր է, որ մեր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը դառ­նայ հա­մաշ­խար­հա­յին հա­սա­րա­կու­թեան մաս, եւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը ի­րա­կա­նաց­նէ իր բո­լոր ի­րա­ւունք­նե­րը եւ դառ­նայ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան մէկ մաս­նի­կը: Ս­փիւռ­քի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը կա­րե­ւոր է: ­Մենք ու­նինք մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը, ո­րոնք սփռո­ւած են աշ­խար­հի տա­րած­քին եւ լուռ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նին ո­րո­շա­կիօ­րէն, եւ պէտք է այդ բո­լո­րը օգ­տա­գոր­ծո­ւին եւ քայլ առ քայլ եր­թալ դէ­պի Ար­ցա­խի մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չում: Ինչ­պէս՝ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Այդ ալ հեշտ չէր, նոյ­նիսկ այդ բա­րե­կա­մա­կան եր­կիր­նե­րուն, ինչ­պէս ­Յու­նաս­տա­նը եւ մեր ա­ւագ ըն­կեր­նե­րը ին­ծի պատ­մե­ցին, թէ ինչ­պի­սի՛ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու ա­ռաջ կը կանգ­նէին: ­Յու­նաս­տա­նը եւ ­Թուր­քիան ո­րո­շա­կի յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նէին եւ կրնար ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման այդ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ազ­դել եր­կու եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վրայ: ­Բայց յաղ­թա­հա­րո­ւե­ցան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը եւ տե­սէք, թէ 1965 թո­ւա­կա­նին ըն­դա­մէ­նը միայն մէկ եր­կիր ճանչ­ցած էր ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, միայն Ու­րու­կո­ւա­յը, բայց հի­մա որ­քան եր­կիր­ներ ճանչ­ցած են ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Այս­պէս ալ կ­՚ըլ­լայ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցով: ­Պէտք է քայլ առ քայլ եր­թալ եւ պէտք է քա­ղա­քա­պե­տու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կով գոր­ծակ­ցու­թիւն ու­նե­նալ, ինչ­պէս որ ու­նինք ար­դէն: 23 գոր­ծակ­ցու­թեան պայ­մա­նա­գիր կայ՝ Ֆ­րան­սա­յի, Պ­րա­զի­լիա­յի եւ ­Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րան­նե­րուն հետ: Այդ­պէս քայլ առ քայլ պէտք է յա­ռա­ջա­նալ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը ա­պա­հո­վե­լու ճամ­բուն վրայ, ո­րով­հե­տեւ Ար­ցա­խի մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը քայլ է՝ հե­տա­գա­յին միա­ւո­րուե­լու հա­մար ­Մայր Հա­յաս­տա­նի հետ:

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հա­յե­րու թէ օ­տար­նե­րու Ար­ցախ այ­ցե­լող­նե­րու թի­ւը ա­ւել­ցած է: Ի՞նչ ծրա­գիր­ներ կան զբօ­սաշր­ջու­թեան մար­զէն ներս:

2017 թո­ւա­կա­նին Ար­ցախ այ­ցե­լած է 23.000 զբօ­սաշր­ջիկ, այս տա­րի այդ թի­ւը հա­սաւ 28.000ի: ­Նաեւ կ­՚ընդ­լայ­նո­ւի զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու աշ­խար­հագ­րա­կան շրջա­նա­կը: Ա­ռա­ջին տե­ղը կը գրա­ւեն Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը, ­Ռու­սա­տան, Ֆ­րան­սա, ­Գեր­մա­նիա, բայց ար­դէն Ար­ցախ կ­՚այ­ցե­լեն այլ եր­կիր­նե­րէ ալ, օ­րի­նակ՝ ­Թայ­լան­տէն, ­Չի­լիէն, այն եր­կիր­նե­րէն, ուր հայ­կա­կան հա­մայնք չկայ, կամ՝ շատ քիչ թիւ կայ, ո­րով ազ­դե­ցու­թիւն չեն կրնար ու­նե­նալ: ­Սա ան­շուշտ ու­րա­խա­լի է, բայց մեծ աշ­խա­տանք կայ կա­տա­րե­լու եւ կը կա­տա­րո­ւին տար­բեր աշ­խա­տանք­ներ, տար­բեր զբօ­սաշր­ջա­յին ուղ­ղու­թիւն­ներ կը գծագ­րո­ւին: ­Նաեւ՝ բա­ցի մշա­կու­թա­յին թու­րիզ­մէն, կ­՚աշ­խա­տինք թու­րիզ­մի այլ ուղ­ղու­թիւն­ներ զար­գաց­նե­լու, ինչ­պի­սին են՝ գի­նիի-թու­րիզ­մը, ակ­րօ (երկ­րա­գոր­ծա­կան)-թու­րիզ­մը: Ա­մէն տա­րի ­Սեպ­տեմ­բեր 14ին կը կազ­մա­կեր­պենք գի­նիի փա­ռա­տօն, ուր կը մաս­նակ­ցին, բա­ցի Ար­ցա­խի մէջ գի­նի ար­տադ­րող­նե­րէն, նաեւ Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թե­նէն ար­տադ­րող­ներ: Այդ փա­ռա­տօ­նը իր ու­րոյն տե­ղը կը գրա­ւէ մեր թու­րիզ­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ եւ, որ­պէս ա­նոր շա­րու­նա­կու­թիւն, մշա­կած ենք գի­նիի թու­րիզ­մի մշակ­ման գա­ղա­փա­րը, ո­րով­հե­տեւ այդ հնա­րա­ւո­րութւին­նե­րը այ­սօր Ար­ցա­խը ու­նի: ­Նաեւ՝ ա­մէն տա­րի կ­՚ա­ւել­նայ հիւ­րա­նոց­նե­րու թի­ւը: Ան­շուշտ հիմ­նա­կա­նօ­րէն կեդ­րո­նա­ցած են Ս­տե­փա­նա­կեր­տի եւ Շու­շիի մէջ, բայց որ­պէս­զի հա­մա­չա­փու­թիւ­նը պահ­պա­նո­ւի, պէտք է ընդգր­կել Ար­ցա­խի միւս շրջան­նե­րը եւս: ­Մենք ան­ցեալ տա­րի դա­սըն­թաց­ներ կազ­մա­կեր­պե­ցինք գիւ­ղա­կան ան­դամ­նե­րու զբօ­սաշր­ջա­յին զար­գաց­ման ծրագ­րե­րով, մաս­նա­գէտ­ներ հրա­ւի­րե­ցինք, ո­րոնք առ­նո­ւազն կը մնան ­Շա­հու­մեա­նի եւ ­Մար­տա­կեր­տի շրջան­նե­րուն մէջ: ­Կան ո­րոշ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ այդ հար­ցով, բայց կը կար­ծեմ, որ կը յաղ­թա­հա­րո­ւին, կա­պո­ւած՝ մեր ժո­ղո­վուր­դի բնա­ւո­րու­թեան հետ, ե­ւայլն:

Ի՞ն­չով խո­րա­պէս կը տպա­ւո­րո­ւի օ­տար զբօ­սաշր­ջի­կը:

Ու­նինք զա­նա­զան ճար­տա­րա­պե­տա­կան յու­շար­ձան­ներ, ո­րոնք հիա­ցում կը պատ­ճա­ռեն զբօ­սաշր­ջի­կին, Ար­ցա­խը կը նա­խընտ­րեն իր բնու­թեամբ, որ լեռ­նա­յին է: Օ­րի­նակ՝ ի­տա­լա­ցի­նե­րը կ­՚ու­զեն ալ­պի­նիզ­մը (Ալ­պեան լեռ­նագ­նա­ցու­թիւն) զար­գաց­նել, մագլց­ման զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը, մար­դիկ կան, ո­րոնք կ­՚ու­զեն քա­լել եւ կը կազ­մա­կեր­պենք զա­նա­զան ա­րա­հե­տա­յին ուղ­ղու­թիւն­նե­րու ո­րո­շա­կի բա­րե­կար­գում­ներ: Կ­՚ու­զեն բնու­թիւ­նը տես­նել, Ար­ցա­խին մօ­տէն ծա­նօ­թա­նալ, այդ պատ­ճա­ռով կը նա­խընտ­րեն ոտ­քով կամ հե­ծե­լա­նի­ւով շրջա­գա­յիլ Ար­ցա­խի մէջ: ­Նաեւ՝ մե­զի ա­ռա­ջար­կո­ւե­ցաւ կրօ­նա­կան թու­րիզմ յա­ռա­ջաց­նել, ո­րով­հե­տեւ Ար­ցա­խի մէջ շատ են պաշ­տա­մուն­քա­յին վայ­րե­րը, յատ­կա­պէս նաեւ կա­պո­ւած քրիս­տո­նէու­թեան տա­րած­ման հետ:

Նաեւ՝ մեծ աշ­խա­տանք կայ կա­տա­րե­լու հիւ­րա­նո­ցա­յին տնտե­սու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու հա­մար, ո­րով­հե­տեւ ե­թէ չու­նե­նաս նոր­մալ (բնա­կա­նոն) հիւ­րա­տուն­ներ, ա­պա՝ զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը չի կրնար զար­գա­նալ: Ի հար­կէ բա­ցի պե­տա­կան մի­ջոց­նե­րէն, հո­վա­նա­ւոր­չա­կան դրա­մաշ­նորհ­ներ կ­՚աշ­խա­տին, կայ մաս­նա­ւոր գոր­ծա­կա­լու­թիւն, որ բա­ւա­կա­նին այդ ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տանք կը կա­տա­րէ, Եւ­րո­պա­յէն ստա­ցուած դրա­մաշ­նոր­հի մի­ջոց­նե­րով:

Ի՞նչ են ե­րի­տա­սար­դու­թեան հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի հետ կա­պո­ւած:

Մեր մշա­կու­թա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րը՝ պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պա­նու­մը, վե­րա­կանգ­նու­մը եւ հան­րահռ­չա­կումն են: Ու­նինք տա­ղան­դա­ւոր լաւ ե­րի­տա­սարդ ե­րա­ժիշտ­ներ, ո­րոնք կ­՚աշ­խա­տին մեր տար­բեր թա­տե­րա­հա­մեր­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն մէջ եւ ընդ­հան­րա­պէս մշա­կոյ­թի ո­լոր­տը աս­տի­ճա­նա­բար կ­՛ե­րի­տա­սար­դա­կա­նա­նայ, ինչ որ շատ ու­րա­խա­լի է. այ­սօր բա­ւա­կան ար­ցախ­ցի ու­սա­նող­ներ կը յա­ճա­խեն Ե­րե­ւա­նի պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նոց, թատ­րո­նի եւ շար­ժան­կա­րի գե­ղա­րո­ւես­տի ա­կա­դե­միա, ին­չը նոյն­պէս ու­րա­խա­լի է. վեր­ջերս մեր եր­կու պա­տա­նի­ներ, ո­րոնք Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ե­րաժշ­տա­նո­ցի դպրո­ցի սա­ներն են, ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ կա­յա­ցած մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նին գրա­ւե­ցին երկ­րորդ մրցա­նա­կա­յին տե­ղը, նաեւ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին տար­բեր հրա­ւէր­ներ կը ստա­նանք տար­բեր եր­կիր­նե­րէ, ուր տե­ղի կ­՚ու­նե­նան մրցոյթ-փա­ռա­տօն­ներ. բնա­կա­նա­բար՝ Ատր­պէյ­ճան կը փոր­ձէ խան­գա­րել, որ­պէս­զի չմաս­նակ­ցինք, բայց այդ դժուա­րու­թիւն­նե­րը մենք մեծ մա­սամբ կը կա­րո­ղա­նանք յաղ­թա­հա­րել եւ մեր պա­տա­նի­նե­րը եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կը կա­րո­ղա­նան ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րել տար­բեր տե­սա­կի փա­ռա­տօն­նե­րու: ­Նաեւ՝ տռա­մա­թի­քա­կան թատ­րոնն ալ կա­րո­ղա­ցած է աշ­խու­ժա­նալ. ու­նինք շէն­քին հետ կա­պո­ւած խնդիր, եւ կը կար­ծեմ, որ պէտք է սկսի մեր պե­տա­կան թատ­րո­նի շէն­քի վե­րա­կա­ռուց­ման նո­ւի­րո­ւած տար­բեր մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու շարք. կը յու­սամ, որ սփիւռքն ալ կրնայ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­նալ. այ­սօր ճիշդ է, թէ մեր թատ­րո­նը կ­՚աշ­խա­տի այլ շէն­քի մէջ եւ 2018 թո­ւա­կա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը բա­ւա­կան յոյ­սեր կը ներշն­չէ, թատ­րո­նը հա­մալ­րո­ւած է եւ ու­նինք պատ­կա­ռե­լի մար­դիկ, ո­րոնք եր­կար տա­րի­ներ կ­՚աշ­խա­տին եւ ու­նինք ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ղե­կա­վա­րը նոյն­պէս ե­րի­տա­սարդ է եւ կան տա­ղան­դա­ւոր ե­րի­տա­սարդ դե­րա­սան­ներ, որ մեծ ա­պա­գայ կը խոս­տա­նան:

azator.gr

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Կրկնուող երեւոյթներ, զորս Փաշինեան չի

Ամէն անգամ, երբ ՀՀ իշխանութիւնները Ատրպէյճանի հետ բանակցային նոր հանգրուան մը

09 Սեպտեմբեր 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ

Սէրուժ Խանճիհանեանի հարցազրոյցը ՀՅԴ անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խա

08 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը ցանկանում է Հայաստանը վերածե

Հայոց ցեղասպանության գլխավոր կազմակերպիչ Թալեաթ փաշան 1915 թվականի իր նամակներ

07 Սեպտեմբեր 2026
Ի՞նչն է «վատ» կամ «լավ» հայության համա

Վերջին տարիներին Հայաստանի և Սփյուռքի հայությունը հիմնականում բաժանվել է երեք

05 Սեպտեմբեր 2026
Ինչ է լինում, երբ «ասֆալտը՝ ասֆալտ» է

«Ինչու են ասֆալտի վրա շատ կենտրոնանում, որովհետև ասֆալտից էդ ա, բանը... Ինչու

05 Սեպտեմբեր 2026
TRIPP-ը և Իրանը. անվտանգային մտահոգութ

TRIPP-ը Հայաստանի Հանրապետության հարավային տարածքով անցնող մոտավորապես 43 կիլո

05 Սեպտեմբեր 2026
Գաղափարական պայքարի Դրօշը դեռ երկար պե

Հարցազրոյց «Դրօշակի» խմբագիր ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆԻ հետ Վրէժ-Արմէն – Սովորական

05 Սեպտեմբեր 2026
«Խաղաղություն» առանց երաշխիքի. օգոստոս

2025 թվականի օգոստոսի 8-ին Վաշինգտոնում Սպիտակ տան տիրոջ՝ Դոնալդ Թրամփի մասնակ

05 Սեպտեմբեր 2026
Արդյո՞ք լավ ենք ճանաչում մեր հասարակու

Չափազանց բարդ ու զգայուն հարցի հետ գործ ունենք: Չեք գտնի թեկուզ մի քիչ խելամիտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանը և ՀԱՊԿ-ը մոտենում են անդարձե

2026 թվականի մայիսին ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյանը և ԱՄՆ պետքարտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանական իշխանությունը որպես Հայա

Ինչպես գրել էինք «Դրօշակի» սույն թվականի հունիս ամսվա համարում. «Հայաստանի Հան

05 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2ը Արցախի Հայութ

1991 Սեպտեմբեր 2ին, 35 տարի առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեա

04 Սեպտեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Պայքարին այլընտր

2026 թվականի խորհրդարանական ընտրություններում վերարտադրվելու համար Նիկոլ Փաշին

03 Սեպտեմբեր 2026
Մոսկուա – Պաքու Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Անցողակի

25 Դեկտեմբեր 2024-ին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած

03 Սեպտեմբեր 2026
Հալածանքը Կը Շարունակուի

Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ե

03 Սեպտեմբեր 2026
Արցախից յետոյ, թէկուզ ջրհեղե՞ղ…

Թող ոչ ոքի համար տարօրինակ չթւայ, որ հայկական Արցախի կորստից յետոյ, սպասելի էր

02 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սփիւռքի վերակազմակերպման ե

Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի նոր կայքէջի

02 Սեպտեմբեր 2026
Նրանք, ովքեր չեն մասնակցել Արցախի շարժ

Այսօր տոն է, 35 տարի առաջ Արցախյան շարժումը, որ սկսել էր 80-ականների վերջերին,

02 Սեպտեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվում «Դրօշակի» ընթացիկ տարվա 8-րդ համարը: Հերթական համարի

02 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Անկախության օրը՝ Եռաբլուրում

Այսօր՝ սեպտեմբերի 2-ին, լրանում է Արցախի Հանրապետության անկախության հռչակման 3

02 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company