ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Յօդուածներ

Արշաւիր Շիրակեան. Հայ ժողովուրդի նահատակաց կտակին արդարահատոյց բազուկը

13 Ապրիլ 2010

Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին հե­րոս­նե­րու շար­քին փա­ռա­պանծ ու յա­ւեր­ժա­կան իր պա­տո­ւան­դա­նը ու­նի Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան, ո­րուն մա­հո­ւան 44րդ ­տա­րե­լիցն է այսօր։

Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ, 12 Ապ­րիլ 1973ին, այն­քա՜ն ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւն եւ սար­սափ տե­սած իր ցա­ւա­տանջ աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կեց ­Հա­յոց ­Նե­մե­սի­սի քա­ջա­սիրտ ար­դա­րա­դա­տը։

Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու թրքա­կան պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը պա­տու­հա­սող դաշ­նակ­ցա­կան ար­դա­րա­գործ­նե­րու փա­ղան­գին մէջ Ար­շա­ւիր Շի­րա­կեան հան­դի­սա­ցաւ ա՛յն իւ­րա­յա­տուկ դէմ­քը, որ իր ա­ռա­քե­լու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ամ­բող­ջա­կան գի­տակ­ցու­թիւնն ու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը գրա­կան ժա­ռան­գով ան­մա­հա­ցուց մեր սե­րունդ­նե­րու գի­տակ­ցու­թեան մէջ։ Եւ բա­րա­ցու­ցա­կան է, որ իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին, 1965ին, ­Մեծ Ե­ղեռ­նի յիս­նա­մեա­կին ա­ռի­թով լոյս ըն­ծա­յած իր յու­շե­րը ­Շի­րա­կեան կո­չեց «Կ­տակն էր ­Նա­հա­տակ­նե­րուն»։

Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեա­նի կը պատ­կա­նի ­Նե­մե­սիս ­Գոր­ծո­ղու­թեան վե­րա­բե­րեալ այն յստա­կա­ցու­մը, թէ «մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը չու­նէր մար­դաս­պա­նա­կան ո­րե­ւէ ծրա­գիր։ Ա­նի­կա պար­զա­պէս ար­դար պա­տի­ժի են­թար­կեց ա՛յն յան­ցա­գործ­նե­րը, ո­րոնք ի բա­ցա­կա­յու­թեան դա­տո­ւած եւ մա­հո­ւան դա­տա­պար­տո­ւած էին։ Իսկ հայ դա­ւա­ճան­նե­րը կը գլխա­ւո­րէին մեր ցու­ցա­կը»։

Հայ ար­դա­րա­հա­տոյց բա­զու­կը ծնած էր 1900ին, ­Պո­լիս։ ­Ման­կու­թիւ­նը ան­ցուց 1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հե­տե­ւած ­Պոլ­սա­հայ ա­զատ ու ծաղ­կուն մթնո­լոր­տին մէջ։ ­Պա­տա­նի տա­րի­քէն ապ­րե­ցաւ ու կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ դաշ­նակ­ցա­կան մտա­ւո­րա­կան­նե­րու մտեր­մու­թեան մէջ։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ 1915ին, երբ ցե­ղաս­պան թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը իր ա­ռա­ջին հա­րո­ւա­ծը ուղ­ղեց ­Պոլ­սոյ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան, ­Շի­րա­կեան կո­չո­ւե­ցաւ պա­տա­նի սուր­հան­դա­կի ա­ռա­քե­լու­թեան, որ­պէս­զի հայ մատ­նիչ­նե­րու դա­ւա­ճա­նա­կան ցուց­մունք­նե­րուն դէմ զգու­շաց­նէ ընդ­յա­տակ կեան­քի ան­ցած հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը։

Մին­չեւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւարտն ու զի­նա­դա­դա­րը, Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան ամ­բող­ջա­կան փա­րու­մով գոր­ծեց Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Պոլ­սոյ կազ­մա­կեր­պու­թեան շար­քե­րուն մէջ։ ­Մօ­տէն հե­տե­ւե­ցաւ ­Պոլ­սոյ Օս­մա­նեան ­Զի­նո­ւո­րա­կան Ա­տեա­նին կող­մէ Իթ­թի­հա­տի պա­րագ­լուխ­նե­րու (ի բա­ցա­կա­յու­թեան) դա­տա­վա­րու­թեան։ ­Վար­չա­պետ Սա­յիտ ­Հա­լիմ փա­շա­յի, ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Թա­լէա­թի եւ իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­ներ ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քի­րի, ­Ճե­մալ Ազ­միի, ­Նա­զը­մի եւ միւս­նե­րուն դէմ Ա­տեա­նի ար­ձա­կած մա­հա­պա­տի­ժի դա­տավ­ճիռ­նե­րը, մատ­նո­ւե­լով մե­ռեալ տառ մնա­լու ճա­կա­տագ­րին, նոր ընդվ­զու­մի եւ ցա­սու­մի կրա­կը բոր­բո­քե­ցին ար­դէն ե­րի­տա­սարդ գոր­ծի­չին մէջ։ Եւ երբ 1919ին Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւած իր 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ո­րո­շեց, «­Նե­մե­սիս» գոր­ծո­ղու­թեան ձեռ­նար­կե­լով, ի՛նք ի­րա­գոր­ծել թուրք ջար­դա­րար­նե­րու մա­հա­պա­տի­ժը, Ար­շա­կիր ­Շի­րա­կեան ա­ռա­ջին­նե­րէն ե­ղաւ, որ ներ­կա­յա­ցաւ «­Նե­մե­սիս»ի ­Պա­տաս­խա­նա­տու ­Մարմ­նին՝ իր սրբա­զան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նե­լով։

Շի­րա­կեան կը լրաց­նէր անհ­րա­ժեշտ բո­լոր պայ­ման­նե­րը, որ­պէս­զի նկա­տի առ­նո­ւէր «­Նե­մե­սիս»ի ար­դա­րա­հա­տոյց ա­հա­բե­կիչ­նե­րու փա­ղան­գին մէջ։ ­Գա­ղա­փա­րա­կան եւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան պատ­րաս­տու­թիւ­նը ամ­բող­ջա­պէս ու­նէր։ ­Կազ­մա­կեր­պա­կան ու­շագ­րաւ փորձ ու­նէր ­Պոլ­սոյ մէջ ընդ­յա­տա­կեայ գոր­ծու­նէու­թեան։ ­Մար­տա­կան գոր­ծի­չի խի­զա­խու­թեամբ եւ քա­ջա­սիրտ նկա­րագ­րով կը յատ­կան­շո­ւէր։

Չու­շա­ցաւ ­Շի­րա­կեա­նի ա­ռա­ջին գոր­ծո­ղու­թեան յանձ­նա­րա­րա­կա­նը։ Ք­սա­նա­մեայ հա­յոր­դիին վստա­հո­ւե­ցաւ թուրք ջար­դա­րար­նե­րու գլխա­ւոր գոր­ծա­կից­նե­րէն ­Վա­հէ Իհ­սա­նի (Ե­սա­յեան) ա­հա­բե­կու­մը։ Իհ­սան ի՛նք կազ­մած էր ցու­ցա­կը ­Պոլ­սոյ այն հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն, ո­րոնք 24 Ապ­րիլ 1915ին զան­գո­ւա­ծա­յին ձեր­բա­կա­լու­թեան են­թար­կո­ւե­ցան։
27 ­Մարտ 1920ին, ­Պոլ­սոյ մէջ, ­Շի­րա­կեան ի­րա­գոր­ծեց Իհ­սա­նի դէմ ար­ձա­կո­ւած Դաշ­նակ­ցու­թեան մա­հա­պա­տի­ժի ո­րո­շու­մը։

Շի­րա­կեան հե­ռա­ցաւ ­Պո­լի­սէն եւ ան­ցաւ Ե­րե­ւան, ուր Ա­րամ Եր­կա­նեա­նի հետ նոր ա­ռա­քե­լու­թեան կո­չուե­ցան։ ­Թիֆ­լի­սի մէջ, ի­րենց պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տան­քի ժա­մա­նակ, եր­կուքն ալ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցան, բայց անհ­րա­ժեշտ ա­պա­ցոյց­նե­րու չգո­յու­թեան հե­տե­ւան­քով՝ ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցան։ Ար­շա­ւիր վե­րա­դար­ձաւ ­Պո­լիս, ուր­կէ 1921ի ա­մա­ռը նոր յանձ­նա­րա­րա­կա­նով ու­ղար­կո­ւե­ցաւ Հ­ռոմ։

Շի­րա­կեա­նի վստա­հո­ւած էր իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան վար­չա­պետ ­Սա­յիտ Հա­լիմ փա­շա­յի ա­հա­բե­կու­մը։ ­Սա­յիտ ­Հա­լիմ իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­նե­րու ա­մէ­նէն տա­րեց ան­դամն էր, նաեւ՝ ա­մէ­նէն մե­ծա­հա­րուս­տը, որ ի վի­ճա­կի էր լա­ւա­գոյնս թաքց­նե­լու իր հետ­քե­րը։ ­Բայց «­Նե­մե­սիս»ի յան­դուգն հե­տա­խոյզ­նե­րը ի վի­ճա­կի ե­ղան գտնե­լու ­Սա­յիտ ­Հա­լիմ փա­շա­յի թագստո­ցը եւ Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան, 5 ­Դեկ­տեմ­բեր 1921ին, Հ­ռո­մի փո­ղոց­նե­րուն վրայ, գե­տին փռեց ցե­ղաս­պան թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ա­տե­նի վար­չա­պե­տը։

Գոր­ծո­ղու­թիւ­նը դար­ձեալ «մա­քուր» էր եւ հայ ա­հա­բե­կի­չը ա­ռանց հետք ձգե­լու հե­ռա­ցաւ ար­դա­րա­հա­տուց­ման… բե­մէն։

Բայց ­Շի­րա­կեա­նի հայ ա­հա­բեկ­չի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը վերջ չգտաւ ­Սա­յիտ ­Հա­լիմ փա­շա­յի մա­հա­պա­տի­ժով։ ­Հե­տե­ւե­ցաւ նոյն­քան յան­դուգն գոր­ծո­ղու­թիւ­նը Պե­հաէտ­տին ­Շա­քի­րի եւ ­Ճե­մալ Ազ­միի ա­հա­բեկ­ման, որ վստա­հո­ւած էր Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան եւ Ա­րամ Եր­կա­նեան եր­կեա­կին։

Տխ­րահռ­չակ տոքթ. ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քիր ե­ղած էր հիմ­նա­դիրն ու ղե­կա­վա­րը իթ­թի­հա­տա­կան այն յա­տուկ զօ­րա­բաժ­նին, որ «յա­ռա­ջա­պահ»ի դեր խա­ղաց ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գոր­ծադ­րու­թեան ժա­մա­նակ։ Իսկ ­Ճե­մալ Ազ­մին ծա­նօթ էր իբ­րեւ «Տ­րա­պի­զո­նի հրէ­շը», որ ա­ւե­լի քան 15 հա­զար ան­զէն հա­յեր ծո­վա­մոյն ը­րաւ։

17 Ապ­րիլ 1922ին, ­Պեր­լի­նի փո­ղոց­նե­րուն մէջ, Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան եւ Ա­րամ Եր­կա­նեան միա­ցեալ գրո­հով մը գե­տին փռե­ցին թուրք ջար­դա­րար զոյգ հրէշ­նե­րը։

Ա­հա՛ եւ նկա­րագ­րա­կա­նը ­գոր­ծո­ղու­թեան՝ Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեա­նի բա­ռե­րով, քա­ղո­ւած՝ «Կ­տակն էր ­Նա­հա­տակ­նե­րուն» գոր­ծէն.

« ­Սա­յիտ ­Հա­լի­մի վեր­ջին օ­րը.
«1921, ­Դեկ­տեմ­բե­րի 5: Ա­ռա­ւօտ շատ կա­նուխ դուրս ե­լայ սե­նեա­կէս: ­Նա­խորդ գի­շե­րը մաք­րած էի ատր­ճա­նակս եւ փամ­փուշտ­ներն ալ համ­րած:
«­Թարմ-թարմ ա­ծի­լո­ւած էի եւ լո­գանք մը ա­ռած, ու ամ­բողջ կէս սրո­ւակ օ տը քո­լո­նիա­յով մար­մինս շփած էի: ­Ճեր­մա­կե­ղէն­նե­րէս մին­չեւ հա­գուստ­ներս եւ գլխարկս, ար­թիս­թի սեւ գլխարկս, նոփզ­նոր. ու­սա­նո­ղի կամ ա­րո­ւես­տա­գէ­տի սեւ փող­կապ մը դրած էի. կար­ծես հարս­նի­քի եր­թա­յի: ­Վե­րար­կուս վրաս՝ գա­ցի փա­շա­յին դղեա­կին մօ­տե­րը, ա­ռանց Մ.ին հան­դի­պե­լու: Վճ­ռած էի այդ օրն իսկ գոր­ծը վեր­ջաց­նել՝ ա­ռանց այ­լեւս մտա­ծե­լու հե­տե­ւանք­նե­րու մա­սին:

«­Ժա­մը ճիշդ 1ին ինք­նա­շարժ մը կե­ցաւ փա­շա­յին դրան առ­ջեւ. դուրս ե­լաւ ­Թեւ­ֆիք Ազ­մին եւ պա­յու­սակ մը թե­ւին տակ ներս մտաւ. քիչ վերջ փա­շա­յին հետ դուրս ե­լան եւ ա­ճա­պա­րան­քով մեկ­նե­ցան, շատ կա­րե­ւոր գոր­ծի մը գա­ցող մար­դոց ե­րե­ւոյ­թով: Չմ­տա­հոգ­ւե­ցայ. այն­քան լաւ ու­սում­նա­սի­րած էի եր­թե­ւեկ­նե­րը, որ վստահ էի, որ, ուր ալ ըլ­լար, չէր կրնար հրա­ժա­րիլ իր յետ­մի­ջօ­րէի պտոյ­տէն եւ ան­պայ­ման պի­տի վե­րա­դառ­նար:

Տ­րա­մա­բա­նօ­րէն, առ­նո­ւազն եր­կու ժամ պի­տի ու­շա­նար: ­Փու­թա­ցի ­Վիլ­լա ­Բոր­գե­զէ, ուր յա­ճախ կառ­քով, եր­բեմն ալ քա­լե­լով կու գար ան: ­Նոյ­նիսկ, օր մը, հե­տապն­դու­միս ըն­թաց­քին տե­սայ, որ թիկ­նա­պա­հին գնել տո­ւաւ ափ մը խո­րո­ված շա­գա­նակ, փո­ղո­ցի վրայ նստող շա­գա­նա­կա­վա­ճա­ռէ մը: ­Ժա­մը 12ին ա­տեն­նե­րը Մ. ե­կաւ ու հար­ցուց, թէ ին­չո՞ւ ճա­շի չէի գա­ցած մեր ու­սա­նող­նե­րուն ճա­շա­րա­նը, ուր կէ­սօր եւ ի­րի­կուն սո­վոր էինք հան­դի­պիլ:

«- Ո­րով­հե­տեւ,- պա­տաս­խա­նե­ցի,- վճռած եմ այ­սօր այս գոր­ծը գլուխ հա­նել, ա­մէն պա­րա­գա­յի տակ եւ ա­մէն գնով: Ջ­ղայ­նա­ցած էի փա­շա­յին ու­շա­նա­լէն եւ քիչ մը եւս սպա­սե­ցի ու Գ­րի­գո­րին ը­սի.- Ես տան կող­մե­րը կ­’եր­թամ: «Ա­յո՛»,- ը­սաւ ու դուրս ե­լանք եւ քա­նի մը քայլ ա­ռի՝ դառ­նա­լու հա­մար հան­րա­կառ­քին փո­ղո­ցը:
«­Հա­սայ ­Վիա ­Նո­մեն­տա­նա, ուր հան­րա­կառ­քը կե­ցաւ. ի­ջայ եւ քա­լե­լով մտայ Օս­տա­կիօ փո­ղո­ցը: ­Յան­կարծ դէմս ցցուե­ցաւ ­Հե­լե­նան: Ոս­տի­կա­նի մը հան­դի­պու­մը այն­քան չպի­տի նե­ղէր զիս, որ­քան այդ սի­րուն աղջ­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը այդ պա­հուն: Ջ­ղա­յին վի­ճա­կի մէջ պաղ վե­րա­բե­րում մը ցոյց տո­ւի: Մ­տե­րիմ­ներ դար­ձած էինք եւ աղ­ջի­կը կը զար­մա­նար իմ ա­նակն­կալ պաղ վե­րա­բե­րու­մէս: ­Տա­րօ­րի­նակ նա­յո­ւած­քով կը դի­տէր, կար­ծես ա­ռա­ջին ան­գամ զիս տե­սած ըլ­լար:

«Ան­պի­տան աղ­ջի­կը կա­տա­րեալ հար­ցաքն­նու­թեան մը սկսած էր եւ բաժ­նո­ւե­լու միտք չու­նէր: ­Ժա­մը 4ին կը մօ­տե­նար: ­Փո­ղո­ցին վա­րի կող­մը նոր շէն­քի մը շի­նու­թեան աշ­խա­տող բա­նո­ւոր­նե­րը աշ­խա­տան­քէ կ’ար­ձա­կո­ւէին եւ, սո­վո­րա­բար, այդ ա­մա­յի ե­ղող փո­ղո­ցին մէջ բազ­մու­թիւն կար: ­Վայր­կեա­նէ վայր­կեան փա­շան կրնար հաս­նիլ: Փո­ղո­ցին խան­գա­րիչ եր­թե­ւե­կը չբա­ւէր կար­ծես, դեռ կար այս յա­մառ աղ­ջի­կը, որ ան­վերջ կը խօ­սէր ու կը ցրո­ւէր ու­շադ­րու­թիւնս:

«Եւ յան­կարծ վե­րէն լսո­ւե­ցաւ կառ­քի մը դղրդիւ­նը: ­Մէ­կէն մարմ­նէս ան­ծա­նօթ սար­սուռ մը ան­ցաւ, երբ տե­սայ հսկայ ձիե­րը, ո­րոնց բա­շե­րը հո­վէն կ­’ա­լեծ­փէին: ­Կառ­քին մէջն էր Սա­յիտ ­Հա­լիմ փա­շան՝ իր թիկ­նա­պա­հին հետ: ­Փո­ղո­ցին միւս ծայ­րը նա­յե­ցայ. Մ. դեռ հա­սած չէր: ­Վայր­կեա­նա­պէս «ցտե­սու­թիւն» ը­սի ­Հե­լե­նա­յին՝ պա­տո­ւի­րե­լով, որ շուտ ներս մտնէ, քա­նի որ «հայրս» կու գար…
«Ան­մի­ջա­պէս քա­լե­ցի միւս մայ­թը, որ­պէս­զի լա­ւա­գոյն դիր­քով մը ա­հա­բե­կու­մը կա­տա­րեմ, բայց քա­նի մը ակն­թարթ ու­շա­ցած ըլ­լա­լուս՝ քիչ մնաց ձիե­րու տակ մնա­յի. ձեռքս վեր­ցու­ցի, բռունցքս ցցած, ձիե­րը խրտչե­ցան եւ ծա­ռա­ցան: Այդ ի­րա­րան­ցու­մին մէջ ա­րագ ոս­տու­մով մը ան­ցայ եւ ցատ­կե­ցի կառ­քին վրայ՝ կո­խե­լով ոտ­նա­տե­ղին: ­Մէկ ձեռ­քով բռնե­ցի կառ­քին յե­նա­րա­նը, քիչ մը ե­րե­րա­ցի, բայց հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւնս կրցայ պա­հել: ­Մինչ թիկ­նա­պա­հը կա­ռա­պա­նին կը նա­յէր ու բա­ներ մը կ­’ը­սէր, ե­րե­ւի հասկ­նա­լու հա­մար ձիե­րուն խրտչի­լը. ­Սա­յիտ ­Հա­լիմ փա­շա­յին աչ­քե­րը հան­դի­պե­ցան աչ­քե­րուս: «Ե­րէն»,- ը­սաւ թիկ­նա­պա­հին: Այս ե­ղաւ սատ­րա­զա­մին վեր­ջին բա­ռը: Աչ­քե­րը սար­սա­փով լե­ցուն էին, երբ ատր­ճա­նա­կիս փո­ղը ուղ­ղե­ցի աջ քուն­քին եւ կրա­կե­ցի: Երկ­րորդ փամ­փուշ­տի մը հարկ չմնաց: Խռ­պոտ ձայն մը եւ փա­շան նստած տե­ղէն տա­պա­լե­ցաւ կառ­քին մէջ, գլու­խը իմ կողմս, գրե­թէ ոտ­քե­րուս տակ: ­Կառ­քը դեռ կ­’ար­շա­ւէր: ­Թեւ­ֆիք Ազ­մին, ա­ռա­ջին շփո­թէն սթա­փած, ատր­ճա­նակ մը հա­նեց ու կը պատ­րաստ­ւէր կրա­կել, երբ ատր­ճա­նա­կիս փո­ղը ա­նոր ալ ճակ­տին ուղ­ղե­լով, գո­ռա­ցի թուր­քե­րէ­նով.
«- Աթ ա­շա­ղա, կե­պեր­տի­րի­րըմ,- ­Նե­տէ՛ զէնքդ, կը սատ­կեց­նեմ…

«Հ­նա­զան­դե­ցաւ եւ ատր­ճա­նա­կը կառ­քէն դուրս նե­տեց, ա­հա­բեկ դէմ­քով: Ատր­ճա­նա­կիս կո­թո­վը այս ան­գամ սկսայ հա­րո­ւա­ծել կա­ռա­պա­նին կռնա­կին՝ պո­ռա­լով ի­տա­լե­րէն. «Աս­բե­տա, աս­բե­տա». «­Կե­ցի՛ր, կե­ցի՛ր»: ­Խեղճ կա­ռա­պա­նը վա­խէն կը դո­ղար եւ յու­սա­հա­տա­կան ճի­չե­րով զիս վկա­յու­թեան կը կան­չէր՝ ը­սել ու­զե­լով,- ­Տե՛ս, կեց­նել կ­’ու­զեմ, բայց ձիե­րը չեն կե­նար:

Կա­ռա­պա­նը չյա­ջո­ղե­ցաւ կեց­նել ձիե­րը, ո­րոնք վազ­քը շա­րու­նա­կե­ցին մին­չեւ փա­շա­յին տան առ­ջեւ եւ ինք­նա­բե­րա­բար կանգ ա­ռին: Դ­րան առ­ջեւ խափ­շիկ ծա­ռան մե­քե­նա­բար ձեռ­քը ճակ­տին տա­րաւ՝ «թե­մեն­նահ» ը­նե­լու ձե­ւով, բայց փա­շա­յին ին­կած գլու­խը տես­նե­լով՝ այդ դիր­քին մէջ քա­րա­ցած մնաց, ապ­շա­հար: Ա­ռանց կա­րե­ւո­րու­թիւն տա­լու ծա­ռա­յին՝ վար ցատ­կե­ցի կառ­քէն եւ ատր­ճա­նակս ցցած թե­ւովս լայն շար­ժում մը գծե­ցի շուրջս՝ թէ՛ սար­սափ ձգե­լու եւ թէ՛ փա­խուս­տիս ուղ­ղու­թիւ­նը ո­րո­շե­լու հա­մար»…

Պեր­լի­նի այդ գոր­ծո­ղու­թեամբ վերջ գտաւ ­Շի­րա­կեա­նի ար­դա­րա­հա­տոյց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Հայ հե­րո­սը վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Մ. ­Նա­հանգ­ներ, ուր աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ Հ.Յ.Դ. Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեան կեան­քին ու աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րու լռու­թե­նէ ետք, 1965ին, ­Շի­րա­կեան լոյս ըն­ծա­յեց իր յու­շե­րը՝ «Կ­տակն էր ­Նա­հա­տակ­նե­րուն» խօ­սուն ա­նու­նը տա­լով իր յու­շագ­րու­թեան։

12 Ապ­րիլ 1973ին փա­կո­ւե­ցան աչ­քե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դա­րա­հա­տոյց բա­զու­կին, ո­րուն ա­նու­նով այ­սօր կը կո­չո­ւին ե՛ւ դաշ­նակ­ցա­կան ­Կո­մի­տէու­թիւն­ներ, ե՛ւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան մաս­նա­ճիւղ:

Նազրէթ Պէրպէրեան
Ազատ Օր

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Կրկնուող երեւոյթներ, զորս Փաշինեան չի

Ամէն անգամ, երբ ՀՀ իշխանութիւնները Ատրպէյճանի հետ բանակցային նոր հանգրուան մը

09 Սեպտեմբեր 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ

Սէրուժ Խանճիհանեանի հարցազրոյցը ՀՅԴ անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խա

08 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը ցանկանում է Հայաստանը վերածե

Հայոց ցեղասպանության գլխավոր կազմակերպիչ Թալեաթ փաշան 1915 թվականի իր նամակներ

07 Սեպտեմբեր 2026
Ի՞նչն է «վատ» կամ «լավ» հայության համա

Վերջին տարիներին Հայաստանի և Սփյուռքի հայությունը հիմնականում բաժանվել է երեք

05 Սեպտեմբեր 2026
Ինչ է լինում, երբ «ասֆալտը՝ ասֆալտ» է

«Ինչու են ասֆալտի վրա շատ կենտրոնանում, որովհետև ասֆալտից էդ ա, բանը... Ինչու

05 Սեպտեմբեր 2026
TRIPP-ը և Իրանը. անվտանգային մտահոգութ

TRIPP-ը Հայաստանի Հանրապետության հարավային տարածքով անցնող մոտավորապես 43 կիլո

05 Սեպտեմբեր 2026
Գաղափարական պայքարի Դրօշը դեռ երկար պե

Հարցազրոյց «Դրօշակի» խմբագիր ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆԻ հետ Վրէժ-Արմէն – Սովորական

05 Սեպտեմբեր 2026
«Խաղաղություն» առանց երաշխիքի. օգոստոս

2025 թվականի օգոստոսի 8-ին Վաշինգտոնում Սպիտակ տան տիրոջ՝ Դոնալդ Թրամփի մասնակ

05 Սեպտեմբեր 2026
Արդյո՞ք լավ ենք ճանաչում մեր հասարակու

Չափազանց բարդ ու զգայուն հարցի հետ գործ ունենք: Չեք գտնի թեկուզ մի քիչ խելամիտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանը և ՀԱՊԿ-ը մոտենում են անդարձե

2026 թվականի մայիսին ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյանը և ԱՄՆ պետքարտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանական իշխանությունը որպես Հայա

Ինչպես գրել էինք «Դրօշակի» սույն թվականի հունիս ամսվա համարում. «Հայաստանի Հան

05 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2ը Արցախի Հայութ

1991 Սեպտեմբեր 2ին, 35 տարի առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեա

04 Սեպտեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Պայքարին այլընտր

2026 թվականի խորհրդարանական ընտրություններում վերարտադրվելու համար Նիկոլ Փաշին

03 Սեպտեմբեր 2026
Մոսկուա – Պաքու Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Անցողակի

25 Դեկտեմբեր 2024-ին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած

03 Սեպտեմբեր 2026
Հալածանքը Կը Շարունակուի

Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ե

03 Սեպտեմբեր 2026
Արցախից յետոյ, թէկուզ ջրհեղե՞ղ…

Թող ոչ ոքի համար տարօրինակ չթւայ, որ հայկական Արցախի կորստից յետոյ, սպասելի էր

02 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սփիւռքի վերակազմակերպման ե

Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի նոր կայքէջի

02 Սեպտեմբեր 2026
Նրանք, ովքեր չեն մասնակցել Արցախի շարժ

Այսօր տոն է, 35 տարի առաջ Արցախյան շարժումը, որ սկսել էր 80-ականների վերջերին,

02 Սեպտեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվում «Դրօշակի» ընթացիկ տարվա 8-րդ համարը: Հերթական համարի

02 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Անկախության օրը՝ Եռաբլուրում

Այսօր՝ սեպտեմբերի 2-ին, լրանում է Արցախի Հանրապետության անկախության հռչակման 3

02 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company