ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Յօդուածներ

Վահան Նաւասարդեան. Հայկական Յեղափոխութեան եւ Դաշնակցութեան Անվեհեր Դրօշակիրը

24 Հունիս 2014

24 ­Յու­նիս 1956ի վաղ ա­ռա­ւօ­տեան, ա­նակն­կալ ան­հանգս­տու­թեամբ հի­ւան­դա­նոց փո­խադ­րո­ւե­ցաւ եւ, նոյն կէ­սօ­րին, մեր կեան­քէն առ­յա­ւէտ հե­ռա­ցաւ ­Գա­ղա­փա­րի մեծ մար­տիկն ու ­Դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վա­րը։

Ըն­կեր ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեան ոչ եւս է՝ գու­ժեց «­Յու­սա­բեր», Հ.Յ.Դ. Ե­գիպ­տո­սի պաշ­տօ­նա­թեր­թը, որ ձե­ռա­կերտն ու միան­գա­մայն պա­տո­ւան­դա­նը հան­դի­սա­ցաւ բո­ցա­շունչ հրա­պա­րա­կագ­րին։

Աշ­խար­հով մէկ, ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հա­յօ­ճախ­նե­րէն մին­չեւ ­Յու­նաս­տան, Ֆ­րան­սա, Մ. ­Նա­հանգ­ներ ու ­Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մեծ ըն­տա­նի­քը՝ իր շար­քե­րով եւ կա­ռոյց­նե­րով, գա­ղա­փա­րա­կից միու­թիւն­նե­րով ու ու­ղե­կից ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րով, պաշ­տօ­նա­կան սուգ պա­հեց օ­րե­րով։

Ի դէպ, յու­նա­հայ գա­ղու­թը տաս­նօ­րեայ սուգ յայ­տա­րա­րեց՝ ըստ ար­ժան­ւոյն ո­գե­կո­չե­լու հա­մար ի­րեն այն­քան սրտա­մօտ Ազ­գա­յին ­Գոր­ծի­չին կո­րուս­տը։

Այդ­պէ՛ս հան­դի­սա­ւոր ի­ջաւ վա­րա­գոյ­րը կեանքին ու գոր­ծու­նէու­թեան վրայ գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րի այն ան­խոնջ Դ­րօ­շա­կի­րին, ո­րուն աշ­խա­տու­նա­կու­թիւ­նը ա­ռաս­պե­լա­կան էր՝ օ­րա­կան մին­չեւ 16 ժա­մի հաս­նե­լով։
Ան­ցեալ դա­րու քսա­նա­կան­նե­րու երկ­րորդ կէ­սէն մին­չեւ 1956, ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեան ան­վի­ճե­լիօ­րէն հան­դի­սա­ցաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Շարժ­ման եւ ա­նոր ա­մէ­նէն մար­տու­նակ ու կազ­մա­կերպ հո­սան­քին՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­կան-ռազ­մա­վա­րա­կան ու­ղին վե­րա­նո­րո­գող, դի­մագ­րա­ւած նո­րա­յայտ խու­թե­րը յաղ­թա­հա­րող եւ լու­սա­ւոր գա­լի­քին հան­դէպ հա­ւատք ու ինք­նավս­տա­հու­թիւն ներշն­չող Ա­ռա­ջա­տար Մ­տա­ծո­ղը։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ յատ­կա­պէս տա­րա­գիր հա­յու­թեան կեան­քի ե­րես­նա­մեայ այդ ամ­բողջ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, փաս­տօ­րէն, դրոշ­մո­ւե­ցաւ տի­րա­կան ու ղե­կա­վար ներ­գոր­ծու­թեամ­բը ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեա­նի եւ դաշ­նակ­ցա­կան մե­ծա­նուն միւս Հս­կա­յին՝ իր­մէ միայն ե­րեք ա­միս ա­ռաջ մա­հա­ցած ԴՐՕի։

Հ.Յ.Դ. ի­րե­րա­յա­ջորդ ­Բիւ­րո­նե­րուն ի­րենց եր­կա­րա­մեայ ան­դա­մակ­ցու­թեամբ եւ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ սերտ գոր­ծակ­ցու­թեամբ՝ ԴՐՕ իբ­րեւ մրրկա­ծին մար­տիկ եւ ­Նա­ւա­սար­դեան իբ­րեւ մար­տու­նակ գա­ղա­փա­րա­խօս, տի­րա­կան ու ղե­կա­վար ներ­կա­յու­թիւն դար­ձան այն աս­տի­ճան, որ ու­ժի եւ իշ­խա­նու­թեան կեդ­րո­նաց­ման վա­տա­ռողջ նա­խա­դէպ ա­ռա­ջա­ցու­ցին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պա­կան կեան­քին մէջ՝ եր­բեմն նաեւ անձ­նա­կեդ­րոն ղե­կա­վար­ման վտան­գին ու տագ­նա­պին մատ­նե­լով ա­պա­կեդ­րո­նաց­ման իր ա­ւանդ­նե­րով միս ու ոս­կոր կա­պած Հ.Յ.Դ. կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը։

Այ­դու­հան­դերձ՝ տա­րա­գիր հա­յու­թեան եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կեան­քի այդ դժո­ւա­րին ու բախ­տո­րոշ հանգ­րո­ւա­նին, քսա­նե­րորդ դա­րու երկ­րորդ քա­ռոր­դին, ­Նա­ւա­սար­դեան եւ ԴՐՕ եր­կեա­կը հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ ոչ միայն խորհր­դա­յին­նե­րու ծա­ւա­լած հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան կրքոտ պայ­քա­րը ըստ ա­մե­նայ­նի դի­մագ­րա­ւե­լու, այ­լեւ՝ նո­րա­կազմ Ս­փիւռ­քը զինք ներք­նա­պէս կրծող վտան­գա­ւոր ցե­ցին՝ տե­ղայ­նամ­տու­թեան եւ մաս­նատ­ման չա­րի­քին դէմ պաշտ­պա­նե­լու ա­ռում­նե­րով։

Ն­ման տա­րո­ղու­թեամբ եւ դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վար գոր­ծի­չը ե­ղաւ ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեան, ո­րուն մա­հո­ւան 59րդ ­տա­րե­լի­ցը կ’ո­գե­կո­չենք 24 ­Յու­նի­սի այս օ­րը։
Ղա­րա­բա­ղի ծնունդ էր ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեան։ 29 ­Նո­յեմ­բեր 1886ին ծնած էր ­Շու­շի, ո­րուն ռէա­լա­կան վար­ժա­րա­նը ա­ւար­տե­լէ ետք, յա­ճա­խած էր ­Պա­քո­ւի ա­ռեւտրա­կան վար­ժա­րա­նը։ Այ­նու­հե­տեւ՝ բարձ­րա­գոյն իր ու­սու­մը ստա­ցած էր Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ՝ վկա­յո­ւե­լով Տն­տե­սա­գի­տու­թեան բա­ժան­մուն­քէն։

Ու­սա­նո­ղա­կան տա­րի­քէն հռե­տո­րա­կան եւ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան իր տա­ղան­դը դրսե­ւո­րած էր ­Նա­ւա­սար­դեան։ ­Յան­դուգն նկա­րագ­րի եւ յա­խուռն գա­ղա­փար­նե­րու տէր ե­րի­տա­սարդ էր, երբ ­Շու­շիի մէջ ան­դա­մագ­րո­ւե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ու կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լեց ա­շա­կեր­տա­կան եւ ու­սա­նո­ղա­կան շրջա­նակ­նե­րու մօտ։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ 1905ին ընտ­րո­ւե­ցաւ ե­րի­տա­սարդ պատ­գա­մա­ւոր, մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Էջ­միած­նի մէջ գու­մա­րո­ւած Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ազ­գա­յին Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին, ո­րուն նա­խա­գա­հեց ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեան։

Հայ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու ցա­րա­կան բռնագ­րաւ­ման դէմ հայ­կա­կան ընդվ­զու­մի, ինչ­պէս եւ հա­մա­ռու­սա­կան ա­ռա­ջին յե­ղա­փո­խու­թեան ու հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րու բուռն եւ խառն ժա­մա­նա­կաշրջանն էր։ Հա­րիւ­րա­ւոր պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու ներ­կա­յու­թեան ե­րի­տա­սարդ ­Նա­ւա­սար­դեա­նի բո­ցա­շունչ ե­լոյ­թը՝ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց հա­կա­հայ եւ գրգռիչ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դէմ, ար­ժա­նա­ցաւ ոչ միայն ­Ժո­ղո­վի գնա­հա­տան­քին, այ­լեւ ցա­րա­կան ոս­տի­կա­նու­թեան ու­շադ­րու­թեան, ո­րուն ար­ձա­կած ձեր­բա­կալ­ման հրա­մա­նագ­րէն ­Նա­ւա­սար­դեան մա­զա­պուրծ ա­զա­տե­ցաւ՝ փա­խուս­տի դի­մե­լով։

Ս. ­Փե­թերս­պուր­կէն վե­րա­դառ­նա­լով ­Պա­քու՝ ­Նա­ւա­սար­դեան լծո­ւե­ցաւ կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խա­տան­քի, միա­ժա­մա­նակ աշ­խա­տակ­ցե­լով շրջա­նի դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լին, ­Պա­քո­ւի «Ա­րեւ»ին, ­Թիֆ­լի­սի «­Հո­րի­զոն»ին եւ ­Շու­շիի «Ա­պա­ռաժ»ին։ Այս շրջա­նին ընտ­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Ոս­կա­նա­պա­տի (­Պա­քո­ւի) Կ. ­Կո­մի­տէի ան­դամ, որ օ­րին ա­րե­ւե­լա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ գոր­ծող դաշ­նակ­ցա­կան ա­մէ­նէն ծան­րա­բեռ­նո­ւած մար­մինն էր։
1917ին, Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նի տե­սուչ ­Գա­րե­գին Ե­պիս­կո­պո­սի հրա­ւէ­րով, ու­սուց­չա­կան ծա­ռա­յու­թեան կո­չո­ւե­ցաւ եւ, նո­րա­հաս սե­րուն­դի գա­ղա­փա­րա­կան պատ­րաս­տու­թեան կող­քին, կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լեց իբ­րեւ Հ.Յ.Դ. Մր­գաս­տա­նի (Ե­րե­ւան) Կ. ­Կո­մի­տէի ան­դամ։

Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեան ար­դէն կը գտնո­ւէր իր քա­ղա­քա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­կան կեն­սու­նա­կու­թեան բարձ­րա­կէ­տին։

Ռու­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան հե­տե­ւան­քով քայ­քա­յո­ւող կով­կա­սեան ռազ­մա­ճակտ­տի վե­րաշ­խու­ժաց­ման դրօ­շա­կիր­նե­րէն մէ­կը ըլ­լա­լով՝ ­Նա­ւա­սար­դեան քա­ղա­քա­կան ու կազ­մա­կեր­պա­կան մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ դա­սա­լիք կամ «տուն կան­չո­ւած» ռուս զի­նո­ւոր­նե­րու դիր­քե­րը հայ կա­մա­ւո­րա­կան ու­ժե­րով փո­խա­րի­նե­լու եւ պահ­պա­նե­լու դժո­ւա­րին գոր­ծի ի­րա­կա­նաց­ման մէջ։

Հուսկ ընտ­րո­ւե­ցաւ ան­դամ Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի (­Գիւմ­րի) ­Քա­ղա­քա­յին ­Վար­չու­թեան, ո­րուն նա­խա­գահն էր, այդ օ­րե­րուն, Ա­լեք­սանդր ­Խա­տի­սեան։ Իսկ երբ ­Խա­տի­սեան կան­չո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լիս՝ ­Նա­ւա­սար­դեա­նի վստա­հո­ւե­ցաւ Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի քա­ղա­քա­պե­տի պա­տաս­խա­նատուու­թիւ­նը։

Քա­ղա­քա­պե­տի այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը եւս ­Նա­ւա­սար­դեան յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կեց՝ իր կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը ու­նե­նա­լով ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի հե­րո­սա­մար­տի կազ­մա­կերպ­ման մէջ։

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տու­մէն ետք, ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեա­նի յանձ­նո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լի­սի Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «­Հո­րի­զոն»ի խմբագ­րու­թիւ­նը։ Հայ-ռու­սա­կան եւ հայ-վրա­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կա­նո­նա­ւոր­ման լուրջ խնդիր­ներ կը դի­մագ­րա­ւէր ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը եւ ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեա­նի վի­ճա­կո­ւե­ցաւ, թէ՛ գա­ղա­փա­րա­կան եւ թէ քա­ղա­քա­կան ա­ռում­նե­րով, ­Թիֆ­լի­սի մէջ հա­յան­պաստ հող պատ­րաս­տե­լու դժո­ւա­րին, այլ զգա­յուն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

Երբ հայ-վրա­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը վատ­թա­րա­ցան եւ պա­տե­րազ­մը ան­խու­սա­փե­լի դար­ձաւ հայ­կա­կան ու վրա­ցա­կան զօր­քե­րու մի­ջեւ, ­Նա­ւա­սար­դեան են­թար­կուե­ցաւ ­Թիֆ­լի­սի ոս­տի­կա­նու­թեան հե­տապն­դու­մին։ Ս­տի­պո­ւե­ցաւ ընդ­յա­տակ անց­նիլ եւ իր թագս­տո­ցէն վա­րել հայ-վրա­ցա­կան հաշ­տու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։

Այ­նու­հե­տեւ ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր եւ փո­խադ­րո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան։ Օ­րէնսդ­րա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան կող­քին՝ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին-դի­ւա­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու հու­նա­ւո­րու­մին, յատ­կա­պէս հա­յեւ­ռու­սա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու շրջա­գի­ծէն ներս։

1920ի աշ­նան սաստ­կա­ցած քե­մա­լա­կան ներ­խուժ­ման շրջա­նին, ­Նա­ւա­սար­դեան ամ­բող­ջու­թեամբ լծո­ւե­ցաւ ռազ­մա­ճա­կա­տի կազ­մա­կերպ­ման ու ամ­րապնդ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Իսկ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ետք, ո­րո­շեց ար­տա­սահ­ման անց­նիլ, բայց վրա­ցա­կան սահ­մա­նի վրայ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ Ե­րե­ւան բե­րո­ւե­ցաւ ու բան­տար­կո­ւե­ցաւ։ ­Յա­ջո­ղե­ցաւ բան­տէն փա­խուստ տալ, ­Պա­թու­մի վրա­յով ար­տա­սահ­ման ան­ցաւ, կարճ ժա­մա­նա­կով գոր­ծեց ­Պոլ­սոյ մէջ եւ, 1923էն ետք, վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Գա­հի­րէ, Ե­գիպ­տոս։

Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեա­նի սփիւռ­քեան գոր­ծու­նէու­թեան ա­ւե­լի քան ե­րես­նա­մեայ շրջա­նը նոյ­նա­ցաւ Ե­գիպ­տո­սի հայ գա­ղու­թի, յատ­կա­պէս «­Յու­սա­բեր»ի պատ­մու­թեան հետ։ Ս­տանձ­նե­լով «­Յու­սա­բեր»ի խմբագ­րու­թիւ­նը եւ, մա­նա­ւա՛նդ, օգ­տո­ւե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րա­գիր ղե­կա­վա­րու­թեան ­Գա­հի­րէ կեդ­րո­նա­ցու­մէն՝ ­Նա­ւա­սար­դեան յա­ջո­ղե­ցաւ գա­ղա­փա­րա­կան ճա­ռա­գայ­թու­մի գլխա­ւոր կեդ­րո­նի մը վե­րա­ծել Ե­գիպ­տո­սի դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը։

Իր շուրջ հա­մախմ­բե­լով տե­ղա­կան թարմ ու­ժեր եւ հա­ւա­տա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ ­Նա­ւա­սար­դեան կրցաւ ոչ միայն «­Յու­սա­բեր»ը վե­րա­ծել պա­տո­ւա­բեր հաս­տա­տու­թեան մը, այ­լեւ՝ թափ տալ հա­մաս­փիւռ­քեան ընդգր­կու­մով ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան եւ մշա­կու­թա­յին-կրթա­կան ծա­ւա­լուն գոր­ծու­նէու­թեան։

Այդ ճամ­բուն վրայ հիմ­նա­կան նո­ւա­ճում մը հան­դի­սա­ցաւ «­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան հիմ­նադ­րու­թիւ­նը, ո­րուն նա­խա­ձեռ­նող­նե­րը գլխա­ւո­րա­բար ­Լե­ւոն ­Շանթ եւ ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան ե­ղան, իսկ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի, ­Գաս­պար Ի­փէ­կեա­նի եւ Ս­տե­փան Ե­սա­յեա­նի պէս հե­ղի­նա­կու­թեանց կող­քին, նաեւ ու մա­նա­ւանդ, ­Նա­ւա­սար­դեան եւս իր կա­րե­ւոր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ։

Ե՛ւ ե­գիպ­տա­հայ գա­ղու­թի, ե՛ւ «­Յու­սա­բեր»ի (իր օ­րա­թեր­թով, յա­ւե­լո­ւած­նե­րով ու հրա­տա­րակ­չա­կա­նով) կեդ­րո­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ա­ւե­լիով շեշ­տո­ւե­ցաւ 1933ի Հ.Յ.Դ. 12րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վէն ետք։ ­Նո­րըն­տիր ­Բիւ­րո­յի նստա­վայ­րը ­Փա­րի­զէն ­Գա­հի­րէ տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ, իսկ 1933ի ­Յու­նո­ւա­րին հրա­տա­րա­կու­թե­նէ դադ­րած Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ի եր­կա­րա­տեւ (ի դէպ, մին­չեւ 1969ի ­Պէյ­րութ վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թիւ­նը) բա­ցը լեց­նե­լու ե­կաւ «­Յու­սա­բեր»ը, իբ­րեւ ան­պաշ­տօն Հ.Յ.Դ. կեդ­րո­նա­կան օր­գան։

Ս­փիւռ­քեան ա­ւե­լի քան ե­րես­նա­մեայ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի շուրջ քա­ռորդ դա­րու ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեա­նի ա­նու­նին կա­պե­ցին գա­ղա­փա­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու ամ­բողջ ժա­ռան­գու­թիւն մը։ Իր աշ­խա­տու­նա­կու­թեան շնոր­հիւ, ­Նա­ւա­սար­դեան յա­ջո­ղե­ցաւ թէ՛ հաս­նիլ օ­րա­թեր­թի հեւ­քոտ ու մա­շեց­նող ա­ռօ­րեայ պար­տա­ւո­րու­թեանց, թէ՛ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի գան­ձա­րա­նը հարս­տաց­նել մնա­յուն ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող եր­կե­րով։

«Ի՞նչ չէր եւ ի՞նչ պի­տի լի­նէր մեր ու­ղին», «Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ա­նե­լի­քը», «­Դաշ­նակ­ցու­թեան «­Լիկ­վի­տա­ցիան», «Ըն­կեր­վա­րու­թիւ­նը եւ ­Դե­մոկ­րա­տիզ­մը», «­Դաշ­նակ­ցու­թեան քա­ղա­քա­կան ու­ղին», «Ե­ղի­շէ ­Չա­րենց», «Աշ­խար­հի նոր բա­ժա­նու­մը», «­Նե­ղուց­նե­րը», «­Բոլ­շե­ւիզ­մը եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը», «­Մեր անն­ման տղա­քը», «­Գա­ղա­փար­նե­րի Ո­գին», «Հ.Յ.Դ. ­Գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւ­նը» եւ այլ խո­րա­գիր­նե­րու տակ ա­ռան­ձին հա­տո­րով լոյս տե­սած Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեա­նի գոր­ծե­րը, ինչ­պէս նաեւ դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լի է­ջե­րուն ցրո­ւած ա­նոր յօ­դո­ւա­ծա­շար­քերն ու ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը ան­կորն­չե­լի հարըս­տու­թիւ­նը դար­ձան դաշ­նակ­ցա­կան մտա­ծո­ղու­թեան։

Նա­ւա­սար­դեա­նի այդ գոր­ծե­րը հու­նա­ւո­րե­ցին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան տա­րա­գիր շրջա­նի քա­ղա­քա­կան ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը՝ հա­կա­հա­մայ­նա­վար գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րի, ա­րեւմ­տա­մէտ կողմ­նո­րո­շու­մի եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ար­ժէք­նե­րու պահ­պան­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ա­նոնք ե­ղան սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան եւ յե­ղա­փո­խա­կան-դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­ւոր­ման հիմ­նա­կան աղ­բիւր­ներ։ ­Նաեւ ու մա­նա­ւանդ՝ քսա­նե­րորդ դա­րու երկ­րորդ քա­ռոր­դի գա­ղա­փա­րա­կան շար­ժում­նե­րու վե­րա­նո­րոգ­ման ընդ­հա­նուր հու­նին մէջ, ­Նա­ւա­սար­դեա­նի գա­ղա­փար­նե­րը վե­րա­թար­մա­ցու­ցին հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը՝ դաշ­նակ­ցա­կան աշ­խար­հա­յեացքն ու մտա­ծո­ղու­թիւ­նը դա­րու ո­գիին հետ այժ­մէա­կա­նաց­նե­լով։

Նոյ­նիսկ այ­սօր, իր մա­հէն 59 տա­րի ետք ալ, ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեան այժ­մէա­կան իր պատ­գա­մը ու­նի հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն։

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան պահ­պա­նումն ու հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան ամ­րապն­դու­մը ա­մէն բա­նէ վեր դա­ւա­նող ­Նա­ւա­սար­դեա­նի կտա­կը այ­սօր եւս, ա­ւե­լի քան եր­բեք, կ­þա­ռաջ­նոր­դէ հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը։
Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ար­ժէք­նե­րու վրայ խարս­խո­ւած ըն­կեր­վա­րա­կան ար­դա­րու­թեան եւ հա­ւա­սա­րու­թեան ձգտե­լու ­Նա­ւա­սար­դեա­նի կտա­կը, նոյն­պէս, հա­մա­հունչ կը մնայ 21րդ ­դա­րու գա­ղա­փա­րա­կան ո­րո­նում­նե­րու կի­զա­կէ­տին։

Վեհ գա­ղա­փար­նե­րու ո­գիով սե­փա­կան կեանքն ու ամ­բողջ ազ­գի եւ հա­սա­րա­կու­թեան լի­նե­լիու­թիւ­նը հարըս­տաց­նե­լու ­Նա­ւա­սար­դեա­նի կտա­կը, ան­կաս­կա՛ծ, բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն եւ սե­րունդ­նե­րուն ուղ­ղո­ւած պատ­գամ է ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ եւ վեր։

Ն.
azator.gr

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Կրկնուող երեւոյթներ, զորս Փաշինեան չի

Ամէն անգամ, երբ ՀՀ իշխանութիւնները Ատրպէյճանի հետ բանակցային նոր հանգրուան մը

09 Սեպտեմբեր 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ

Սէրուժ Խանճիհանեանի հարցազրոյցը ՀՅԴ անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խա

08 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը ցանկանում է Հայաստանը վերածե

Հայոց ցեղասպանության գլխավոր կազմակերպիչ Թալեաթ փաշան 1915 թվականի իր նամակներ

07 Սեպտեմբեր 2026
Ի՞նչն է «վատ» կամ «լավ» հայության համա

Վերջին տարիներին Հայաստանի և Սփյուռքի հայությունը հիմնականում բաժանվել է երեք

05 Սեպտեմբեր 2026
Ինչ է լինում, երբ «ասֆալտը՝ ասֆալտ» է

«Ինչու են ասֆալտի վրա շատ կենտրոնանում, որովհետև ասֆալտից էդ ա, բանը... Ինչու

05 Սեպտեմբեր 2026
TRIPP-ը և Իրանը. անվտանգային մտահոգութ

TRIPP-ը Հայաստանի Հանրապետության հարավային տարածքով անցնող մոտավորապես 43 կիլո

05 Սեպտեմբեր 2026
Գաղափարական պայքարի Դրօշը դեռ երկար պե

Հարցազրոյց «Դրօշակի» խմբագիր ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆԻ հետ Վրէժ-Արմէն – Սովորական

05 Սեպտեմբեր 2026
«Խաղաղություն» առանց երաշխիքի. օգոստոս

2025 թվականի օգոստոսի 8-ին Վաշինգտոնում Սպիտակ տան տիրոջ՝ Դոնալդ Թրամփի մասնակ

05 Սեպտեմբեր 2026
Արդյո՞ք լավ ենք ճանաչում մեր հասարակու

Չափազանց բարդ ու զգայուն հարցի հետ գործ ունենք: Չեք գտնի թեկուզ մի քիչ խելամիտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանը և ՀԱՊԿ-ը մոտենում են անդարձե

2026 թվականի մայիսին ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյանը և ԱՄՆ պետքարտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանական իշխանությունը որպես Հայա

Ինչպես գրել էինք «Դրօշակի» սույն թվականի հունիս ամսվա համարում. «Հայաստանի Հան

05 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2ը Արցախի Հայութ

1991 Սեպտեմբեր 2ին, 35 տարի առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեա

04 Սեպտեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Պայքարին այլընտր

2026 թվականի խորհրդարանական ընտրություններում վերարտադրվելու համար Նիկոլ Փաշին

03 Սեպտեմբեր 2026
Մոսկուա – Պաքու Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Անցողակի

25 Դեկտեմբեր 2024-ին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած

03 Սեպտեմբեր 2026
Հալածանքը Կը Շարունակուի

Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ե

03 Սեպտեմբեր 2026
Արցախից յետոյ, թէկուզ ջրհեղե՞ղ…

Թող ոչ ոքի համար տարօրինակ չթւայ, որ հայկական Արցախի կորստից յետոյ, սպասելի էր

02 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սփիւռքի վերակազմակերպման ե

Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի նոր կայքէջի

02 Սեպտեմբեր 2026
Նրանք, ովքեր չեն մասնակցել Արցախի շարժ

Այսօր տոն է, 35 տարի առաջ Արցախյան շարժումը, որ սկսել էր 80-ականների վերջերին,

02 Սեպտեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվում «Դրօշակի» ընթացիկ տարվա 8-րդ համարը: Հերթական համարի

02 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Անկախության օրը՝ Եռաբլուրում

Այսօր՝ սեպտեմբերի 2-ին, լրանում է Արցախի Հանրապետության անկախության հռչակման 3

02 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company