ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Յօդուածներ

Ապրիլ 24ը եւ Ա. Վռամեանի մարգարէական կանխատեսումը

18 Ապրիլ 2012

Ապրիլ 24ի նախօրէին, հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան վերաբերեալ մեր նորագոյն պատմութեան էջերը թերթատելով, ընթերցողին ուշադրութիւնը վստահաբար պիտի գրաւէ Մեծ Եղեռնի առաջին նահատակներէն Ա. Վռամեանի հռչակաւոր մարգարէական կանխատեսումը.

– «Թուրքիոյ, Կովկասի եւ Պարսկաստանի մէջ ապրող հայը գիտնալու է այսօր, որ ահեղ դաւադրութիւն մը կայ իրեն դէմ, միլիոնաւոր մոլեռանդներու լռելեայն համաձայնութիւնը կռնակ ունենալով. Թաթարներու այսօրուան արարքներն եւս Կովկասի մէջ, որոշ ծրագրի մը գոյութիւնը կը մատնեն՝ տնտեսապէս ջախջախել հայերը, անոնց երիտասարդ ուժերը սպառել եւ մնացորդը մղել գաղթելու.- Հայութեան բնաջնջումի ծրագիրը ի գլուխ պիտի հանեն, եթէ յարմարագոյն առիթը ներկայանայ։ Իսկ այդ առիթը կամ պատեհ րոպէն միջազգային բարդութիւններն են, որոնք գոնէ կարճ ժամանակի մը համար պիտի կրնան Եւրոպայի ուշադրութիւնը Արեւելքէն հեռու պահել եւ թողուլ, որ դահիճն ու զոհը մնան առանձին, դէմ դիմաց։ Ահա այդ ահաւոր րոպէին է, որ հայաջընջումի ահեղ ծրագիրը պիտի իրականանայ առանց դժուարութեան եւ պատմութեան մէջ նմանը չտեսնուած ողբերգութեամբ»…

1905ին գրուած են Ա. Վռամեանի մարգարէական այս մտածումները։ Գրուած են Արեւելահայաստանի մէջ եւ Անդրկովկասի տարածքին ցարական իշխանութեանց դրդած հայեւթաթարական ընդհարումներու օրերուն եւ ազգամիջեան այդ արիւնալի գրգռութեանց լոյսին տակ։ Վռամեան այդ ժամանակ կը գտնուէր Պոսթըն՝ Մ. Նահանգներ հաստատուած հայ պանդուխտները կազմակերպելու դաշնակցական գործիչային առաքելութեամբ եւ մարգարէական իր կանխատեսումը հրապարակած էր տեղւոյն «Հայրենիք» օրաթերթի 28 Հոկտեմբերի թիւով լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ։

Ուշագրաւը այն է, որ Ա. Վռամեան մարգարէական այդ կանխատեսումով կը բացատրէր ու կը հիմնաւորէր այդ ժամանակաշրջանին Դաշնակցութեան որդեգրած քաղաքական ռազմավարութիւնը։ Ինկած թրքական, պարսկական եւ ռուսական տիրապետութեանց տակ՝ Հայաստանն ու հայութիւնը կը դիմագրաւէին բնաջնջման եւ անհետացման օրհասական վտանգը։ Ելքը պանդխտութիւնն ու հայրենալքութիւնը չէին կրնար ըլլալ։ Ելքը – եւ միակ յոյսը – զէնքով հայոց փրկութեան նուաճումն էր։ Իսկ հայ ազգային¬ազատագրական շարժումը յաջողութեան եւ յաղթանակի յոյս կրնար ունենալ միայն այն ժամանակ, երբ Թուրքիոյ, Պարսկաստանի թէ Ռուսաստանի մէջ վերջ տրուէին ամէն կարգի բռնատիրութեանց՝ քաղաքական զարթօնքի եւ պետական ղեկավարութեան կոչելով երիտասարդ ու յեղափոխական ուժեր, որոնք ազգերու միջեւ համերաշխութեան գաղափարին զինուորագրուած պիտի ըլլային եւ ոչ թէ ազգամիջեան հակամարտութիւններ հրահրէին…

Ա. Վռամեան եղաւ դրօշակիրը հայեւթուրք յեղափոխական դաշնադրութեան եւ իր կեանքի գնով գործեց ի խնդիր այդ գործակցութեան ամրապնդումին։

Վռամեան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ էր, ընտրուեցաւ նաեւ Օսմանեան Խորհրդարանի դաշնակցական պատգամաւոր՝ Վանի շրջանէն, պարտութեան մատնելով իթթիհատական թեկնածուն։ Իբրեւ այդպիսին, Մեծ Եղեռնի նախօրէին, հաստատուեցաւ Վանի մէջ, ուր Արամի եւ Իշխանի (Նիկոլ Միքայէլեան) հետ ղեկավարեց Վասպուրականի հայութեան քաղաքական պայքարը՝ ի սպաս հայկական լայն ինքնավարութեան ձեռքբերումին։ Բայց Ապրիլի 3ին Վանի կուսակալ Ճեւտէթ պէյը դաւադրաբար սպաննել տուաւ Վանայ Իշխանին, իսկ երկու օր ետք՝ Ապրիլի 5ին, երբ Իշխանի սպանութեան յանցագործները պատժելու պահանջով կուսակալին քով գացած էր, Ա. Վռամեան իր կարգին ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ՝ ճամբու ընթացքին նահատակուելու համար։

Աւազանի անունով Օննիկ Դերձակեան՝ 1871ին Պոլիս ծնած եւ պատանի տարիքին, Կոմիտասի ու Լեւոն Շանթի հետ, Էջմիածին ղրկուած եւ Գէորգեան Ճեմարանը աւարտած ներհուն մտաւորական եւ եռանդուն հասարակական գործիչ էր Արշակ Վռամեան։ 1889ին Պոլիս վերադարձած եւ 1894ին Դաշնակցութեան անդամագրուած էր։

Յեղափոխական իր անձնուէր գործունէութեամբ անմիջապէս դարձած էր Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կ. Կոմիտէին սիւներէն մէկը։ Բաբգէն Սիւնիի հետ ծրագրած ու նախապատրաստած էին Պանք Օթոմանի գրաւումը։ Այնուհետեւ, ձերբակալուած ու մահապատիժի դատապարտուած էր օսմանեան իշխանութեանց կողմէ, բայց կրցած էր փախուստ տալ եւ հեռանալ Պոլիսէն։ Երկու տարի կազմակերպական գործիչի աշխատանք տարած էր Պուլկարիոյ մէջ, ուրկէ անցած էր Ժընեւ՝ միանալու համար «Դրօշակ»ի խմբագրութեան։ 1898ին ներկայ գտնուած էր Թիֆլիսի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. Երկրորդ Ընդհանուր Ժողովին, ուր ընտրուած էր Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Բիւրոյի անդամ։ Տարի մը ետք գործիչային առաքելութեամբ ղրկուած էր Մ. Նահանգներ, ուր հիմնած էր «Հայրենիք» թերթը եւ վարած էր անոր խմբագրութիւնը մինչեւ 1907։ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք վերջնականապէս վերադարձած էր Պոլիս եւ կուսակցական ու պետական բարձրագոյն պատասխանատուութիւններ ստանձնած էր մինչեւ 1915ի իր նահատակութիւնը։
Այսպէս, մարգարէական իր կանխատեսումին առաջին զոհերէն մէկը եղաւ Վռամեան՝ հայեւթուրք համերաշխութեան համար իր ցանած գաղափարապաշտ սերմերուն փոխարէն քաղելով… դառնագոյն պտուղը թրքական եղեռնագործութեան։

Եւ այսօր, Մեծ Եղեռնի 97ամեակի սեմին, Վռամեանի օրինակն ու մարգարէական կանխատեսումը կը յուշեն հայոց սերունդներուն, աշխարհի չորս ծագերուն, թէ թուրք պետական մտածողութեան մէջ քաղաքակրթական խոր արմատներ ունի այսպէս կոչուած «հայկական սեպ»էն ձերբազատուելու «հրամայականը»։ Հայաստանն ու հայկական հողերը, իբրեւ հայ ազգի պատմական սեփականութիւնը, գոյութեան իրաւունք չունին յաչս թրքական պետութեան, որ սեփական ցեղին բռնագրաւած հողերը թրքացնելու միակ կոչումով կþառաջնորդուի եւ, այդ ճամբուն վրայ, ոչ մէկ քաղաքական, իրաւական կամ մարդկային կաշկանդում կը ճանչնայ, ոչ մէկ խոչընդոտ կ’ընդունի…

Իսկ հայ ժողովուրդը, անկախաբար ազգային¬քաղաքական ինքնահաստատման իր բնական ձգտումներէն եւ սեփական անկախ հայրենիքի ու պետականութեան իրաւունքէն, սոսկ քաղաքակրթական իր կենսունակութեամբ, կամայ թէ ակամայ կþարգելակէ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ թրքական գերիշխանութեան «պահպանումը»… Ինչ որ ալ ըլլան պատմական զարգացումներու հետեւանքով առաջացած աշխարհաքաղաքական պայմանները, թրքական պետութիւնը դատապարտուած կը զգայ ինքզինք շարունակելու հայաջնջումի ծրագրին գործադրութիւնը։ Կրնայ միայն ու պարզապէս հայաջնջման ծրագրին գործադրութեան ձեւերը փոփոխութեան ենթարկել՝ արտաքին պայմաններուն համապատասխան յառաջ ընթանալու համար։

Եւ վերապրող հայութիւնը իրաւունք չունի փայփայելու Ա. Վռամեանի եւ իր սերունդին դառն ու ողբերգական երազը։ Տեսնելով հանդերձ թրքական պետութեան հետապնդած հայաջնջումի ծրագրին վտանգը, 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան ընդմէջէն ատենի հայ ղեկավարութիւնը փայփայեց այն յոյսը, որ թուրք ժողովուրդի ծոցէն կրնայ երեւան գալ երիտասարդ սերունդ մը, որ հայ ժողովուրդին մէջ փնտռէ իր ճակատագրակիցն ու գործակիցը։ Քաղաքակրթական հակադրութեան գործօնը անշրջանցելի էր սակայն եւ Հայաստանն ու հայութիւնը ծանրագոյն գին վճարեցին նման յոյսերու փայփայումին։

Ժամանակը ամենայն դաժանութեամբ հաստատեց, որ հայ ժողովուրդի քաղաքական ճակատագիրը առաջնորդելու կոչուած ազգային ղեկավարութիւն մը, մանաւանդ երբ ի մտի կþունենանք 1918ին Հայաստանի անկախութեան նուաճումէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումէն ասդին գործած հայ պետական ղեկավար ուժերը, դատապարտուած է միշտ զգօնութեամբ տեսնելու եւ բնաւ մտահան չընելու Դահիճին պետական քաղաքականութեան առանցքը կազմող քաղաքակրթական մեծ հակադրութիւնը։

Չի բաւեր, որ հայ ժողովուրդը պատրաստակամութիւն ունենայ ներելու թրքական պետութեան ցեղասպանական ոճիրը, եթէ անշուշտ կրնայ այդպէս՝ առանց իրաւունքի ու արդարութեան վերականգնումին ու քաղաքական հատուցումին ներել… Անհրաժեշտ է ու նախապայման, որ թրքական պետութիւնը հաշուի նստի իր պատմութեան հետ եւ ընդունի, որ քաղաքակրթական ծանրագոյն մոլորանք էր ու ոճիր՝ աշխարհի այս գօտիէն ներս թրքական գերիշխանութեան «պահպանումը» Հայաստանի ու հայութեան գերեզմանումին վրայ խարսխելու քաղաքականութիւնը։
Միայն այդ պարագային նախ թուրք ժողովուրդը հնարաւորութիւն կ’ունենայ իր պետական ղեկավարութենէն հաշիւ պահանջելու, ապա՝ սնացանելու այն յոյսը, որ կարելի է եւ պէտք է հայ ժողովուրդին հետ համատեղ կեանքի ու բարի-դրացիական յարաբերութեանց քաղաքակրթական նոր էջ բանալ։

Անհող մտամարզանք եւ անհեռանկար ինքնախաբէութիւն են մնացեալ բոլոր վերլուծութիւնները եւ մեկնաբանութիւնները, թէ ժամանակները կը փոխուին եւ ազգերն ու պետականութիւնները զարգացում կþապրին եւ թէ, մինչեւ իսկ, պատմականօրէն իրարու հակադրուած ազգերու եւ պետութեանց նորահաս սերունդները ի վերջոյ անցեալի բեռէն լիցքաթափուելու ուղին պէտք է գտնեն։

Դժուար չէ Զոհը դուրս հանել «զոհ»ի հոգեբանութենէն, անոր հաւաքական յիշողութեան եւ գիտակցութեան վրայ ճնշող ցեղասպանութեան ահաւոր բեռէն։ Դժուարը եւ այս պարագային նախապայմանը յաղթահարումն է Դահիճին մէջ շարունակուող անպատժելիութեան զգացումին։ Իսկ թրքական պետութեան այսօրուան ղեկավարութիւնը դոյզն անդրադարձումն իսկ չունի, աւելին՝ կը մերժէ ունենալ, խոստովանելու համար որ ինք ժառանգորդն է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կործանման վրայ խարսխուած ցեղապաշտ պետութեան մը։

Թուրքիան ճշմարտութեան ա՛յս պատին առջեւ պէտք է կանգնեցնեն աշխարհի ճակատագիրը տնօրինող մեծերը, եթէ անկեղծ են իրենց արձակած դիւանագիտական պսպղուն կարգախօսքերուն մէջ։

Այլապէս, հայ ժողովուրդին նորահաս սերունդները անվարան պիտի ձայնակցին Ա. Վռամեանի պատգամին.

– «Իրաւունքը, ինչպէս առաջ, այսօր ալ սուրին ծայրն է, այսինքն՝ անոնք միայն իրաւունք ունին, որ սուր ունին կամ եաթաղանին դէմ գէթ զմելի մը։ Իրաւունքը արցունքոտ թաշկինակին ծայրը կապեցինք մենք, փոխանակ սուրին ծայրը դնելու։ Պոռացէք ուզածնուդ չափ, թէ իբր մարդ, ուրիշներու վայելած ազատութիւնը դուք ալ ստանալու իրաւունք ունիք։ Կոկորդնիդ ու արցունքնիդ մեղքցէք։ Պարապ խօսքեր են ատոնք՝ ինչպէս դատարկ փամփուշտ մը առանց վառօդի»…

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Կրկնուող երեւոյթներ, զորս Փաշինեան չի

Ամէն անգամ, երբ ՀՀ իշխանութիւնները Ատրպէյճանի հետ բանակցային նոր հանգրուան մը

09 Սեպտեմբեր 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ

Սէրուժ Խանճիհանեանի հարցազրոյցը ՀՅԴ անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խա

08 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը ցանկանում է Հայաստանը վերածե

Հայոց ցեղասպանության գլխավոր կազմակերպիչ Թալեաթ փաշան 1915 թվականի իր նամակներ

07 Սեպտեմբեր 2026
Ի՞նչն է «վատ» կամ «լավ» հայության համա

Վերջին տարիներին Հայաստանի և Սփյուռքի հայությունը հիմնականում բաժանվել է երեք

05 Սեպտեմբեր 2026
Ինչ է լինում, երբ «ասֆալտը՝ ասֆալտ» է

«Ինչու են ասֆալտի վրա շատ կենտրոնանում, որովհետև ասֆալտից էդ ա, բանը... Ինչու

05 Սեպտեմբեր 2026
TRIPP-ը և Իրանը. անվտանգային մտահոգութ

TRIPP-ը Հայաստանի Հանրապետության հարավային տարածքով անցնող մոտավորապես 43 կիլո

05 Սեպտեմբեր 2026
Գաղափարական պայքարի Դրօշը դեռ երկար պե

Հարցազրոյց «Դրօշակի» խմբագիր ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆԻ հետ Վրէժ-Արմէն – Սովորական

05 Սեպտեմբեր 2026
«Խաղաղություն» առանց երաշխիքի. օգոստոս

2025 թվականի օգոստոսի 8-ին Վաշինգտոնում Սպիտակ տան տիրոջ՝ Դոնալդ Թրամփի մասնակ

05 Սեպտեմբեր 2026
Արդյո՞ք լավ ենք ճանաչում մեր հասարակու

Չափազանց բարդ ու զգայուն հարցի հետ գործ ունենք: Չեք գտնի թեկուզ մի քիչ խելամիտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանը և ՀԱՊԿ-ը մոտենում են անդարձե

2026 թվականի մայիսին ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյանը և ԱՄՆ պետքարտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանական իշխանությունը որպես Հայա

Ինչպես գրել էինք «Դրօշակի» սույն թվականի հունիս ամսվա համարում. «Հայաստանի Հան

05 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2ը Արցախի Հայութ

1991 Սեպտեմբեր 2ին, 35 տարի առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեա

04 Սեպտեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Պայքարին այլընտր

2026 թվականի խորհրդարանական ընտրություններում վերարտադրվելու համար Նիկոլ Փաշին

03 Սեպտեմբեր 2026
Մոսկուա – Պաքու Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Անցողակի

25 Դեկտեմբեր 2024-ին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած

03 Սեպտեմբեր 2026
Հալածանքը Կը Շարունակուի

Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ե

03 Սեպտեմբեր 2026
Արցախից յետոյ, թէկուզ ջրհեղե՞ղ…

Թող ոչ ոքի համար տարօրինակ չթւայ, որ հայկական Արցախի կորստից յետոյ, սպասելի էր

02 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սփիւռքի վերակազմակերպման ե

Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի նոր կայքէջի

02 Սեպտեմբեր 2026
Նրանք, ովքեր չեն մասնակցել Արցախի շարժ

Այսօր տոն է, 35 տարի առաջ Արցախյան շարժումը, որ սկսել էր 80-ականների վերջերին,

02 Սեպտեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվում «Դրօշակի» ընթացիկ տարվա 8-րդ համարը: Հերթական համարի

02 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Անկախության օրը՝ Եռաբլուրում

Այսօր՝ սեպտեմբերի 2-ին, լրանում է Արցախի Հանրապետության անկախության հռչակման 3

02 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company