ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Խանասորի Արշաւանքին յեղափոխական դասերը

25 Հուլիս 2014

Յուլիս 25ին, Երկիրն Հայոց յեղափոխական իր տարերքին ամէնէն բուռն պոռթկումը ապրեցաւ։

Օսմանեան եւ Ցարական կայսրութեանց միջեւ երկատուած ու gերեվարուած հայ ժողովուրդը, քաջարի իր յեղափոխականներուն՝ դաշնակցական ֆետայիներու ուժերուն գերագոյն լարումով, պատմութեան թատերաբեմին վրայ իր արժանի տեղը ունենալու իրաւունքը նուաճեց

Մէկ օրուան մէջ իրագործուեցաւ Խանասորի Արշաւանքը։ Քանի մը ժամուան մէջ քիւրտ յանցագործներու կարմիր արեամբ ներկուեցաւ Խանասորայ կանաչ դաշտը։

Հարիւրաւոր անմեղ հայերու արեան հեղումին պատասխանատուն՝ քրտական Մազրիկ ցեղախումբը արեա՛մբ պատժուեցաւ Դաշնակցութեա՛ն որոշումով։

24էն 25 Յուլիսի լուսցող գիշերուան կանուխ ժամերուն, թուրք-պարսկական սահմանը յանդգնօրէն հատեցին 253 դաշնակցական մարտիկներ, որոնց 40ը՝ ձիաւոր։ Արշաւախումբը ճամբայ ելաւ Սալմաստէն, արագօրէն կտրեց Արաուլ լերան լանջը եւ, լեռնային ճանապարհով, ուղղուեցաւ դէպի Վանայ Լիճին հարաւ¬արեւելքը գտնուող Խանասորի դաշտը։

Խանասորայ դաշտը ամառնային բանակավայրն էր քրտական տխրահռչակ Մազրիկ ցեղախումբին, որ իր արիւնարբու աշիրաթապետ Շարաֆ պէյի ղեկավարութեամբ, տարի մը առաջ, ուղղակի կոտորածի ենթարկած էր Վանէն Պարսկաստան անցնող հայ մարտիկները։ Դաշնակցական Պետոյի, արմենական Աւետիսեանի եւ հնչակեան Մարտիկի գլխաւորութեամբ աւելի քան երեք հարիւր հայ երիտասարդներ – մարտիկներ եւ անզէն տղաք ¬ զոհ գացին Մազրիկ ցեղախումբի հայատեացութեան։

Հայու արեան այդպէս վատաբար ու անարգ հեղումը, քիւրտ հրոսակներու ձեռամբ, անպատասխան եւ անպատիժ չէր կրնար մնալ ու չմնա՛ց։

Եւ Խանասորի արշաւանքը եկաւ հայոց նորագոյն պատմութեան այդ հատո՛ւ պատասխանը խորհրդանշելու։

Եւ թրքական բռնատիրութեան ծառայակոչուած Մազրիկ ցեղախումբը ստացաւ իր արդար պատիժը։

Ինչպէս որ Խանասորի մասնակիցներէն եւ հայկական յեղափոխութեան լուսաւոր դէմքերէն Գալուստ Ալոյեան պիտի գրէր իր սրտաբուխ բանաստեղծութեան մէջ՝
Կարկուտ տեղաց խանասորայ դաշտումը,
Ֆետայիներ Դաշնակցական, վրէժ առան հովտումը
Մի ժամուայ մէջ Մազրիկ ցեղը ջնջուեցաւ,
Խանասորայ Կանաչ դաշտը կարմիր արեամբ ներկուեցաւ:
Հայեր յիշէք նուիրական այս օրը,
Յուլիս ամսոյ քսան հինգին կատարեցէք մեր տօնը:

Արժանաւորապէս «Խանասորի Արշաւանքին երգը» դարձաւ այդ վկայութիւնը, որ ահա 116 տարի է, որ հպարտութեամբ կը հնչէ հայոց սերունդներու շրթներէն՝ Յուլիս 25ի յաղթական Արշաւանքը վերածելով գաղափարական ներշնչման կենարար աղբիւրի։

Դաշնակցութիւնը շատ երկար մտածեց եւ նպատակայարմարութեան ու յաջողութեան իր բոլոր երեսներով եւ մանրամասնութիւններով քննեց ու կշռադատեց Խանասորի Արշաւանքին յանդուգն քայլը, գործնական որեւէ նախաձեռնութեան դիմելէ առաջ։ Հարկ եղաւ սպասել մինչեւ 1896ի տարեվերջին եւ 1897ի տարեսկիզբին Թիֆլիսի մէջ Հ.Յ.Դ. Ռայոնական Ժողովի գումարումը՝ եզրակացնելու եւ վերջնականօրէն որոշելու համար, որ այո՛, պէ՛տք էր այդպէս՝ մեծաթիւ արշաւախումբով մը քրտական ցեղախումբը պատժել։

Ժամանակն էր ի վերջոյ պատժելու արիւնարբու սուլթան Համիտի քիւրտ կամակատարները՝
– Նախ անհրաժեշտ դասը տալու համար բոլոր անոնց, որոնք հայու արիւն կը հեղէին օսմանեան Թուրքիոյ լուծին տակ ինկած հայրենի մեր հողին վրայ, ապաւինելով սուլթանին եւ անոր խոստացած անպատիժ մնալու երաշխիքին։ – Ապա ու միաժամանակ՝ Աւետիսեաններու, Մարտիկներու եւ Պետոներու նահատակութեան վրէժը լուծելու համար, շտկելու համար խոցուած ողնաշարը սուլթանական բռնատիրութեան դէմ ծառացած հայկական յեղափոխութեան։

– Նաեւ ու մանաւանդ հաւասարապէս թէ՛ ջարդարար Սուլթանին, թէ՛ Պիղատոսի պէս ձեռքերը լուացող Եւրոպային ազդարարելու համար, որ այլեւս կարելի չէ բիրտ ուժով լռութեան մատնել ու արեան բաղնիքներու մէջ խեղդել փորձել հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի արդարութեան ու իրաւունքի մարտունակ ձայնը։

Ի վերջոյ հայ ժողովուրդին ճակատագրակից քրտական ցեղախումբերը պէտք է հասկնային, որ իրենց իսկ իրաւունքներուն եւ շահերուն պաշտպանութեան սիրոյն՝ զէնք պէտք չէ բարձրացնէին հայ ժողովուրդին ու անոր յեղափոխական զաւակներուն դէմ։ Նոյնիսկ եթէ Սուլթանն էր քրտական ցեղախումբերը զինողը եւ քիւրտ աշիրաթապետներուն հայ ժողովուրդին դէմ դրդողը, քրտական ազգային մտածողութիւնը պէտք է սթափէր այլեւս եւ տեսնէր, որ թշնամին հայն ու Հայաստանը չեն, այլ՝ նոյնինքն թրքական պետութիւնն է։

19րդ դարու վերջերուն, նաեւ քիւրտերուն համար արդէն դժուար չէր տեսնել ու հասկնալ, թէ Սուլթանի կառավարութեան խաղը ճիշդ ի՛նչ էր.
Հայն ու քիւրտը իրարու դէմ հանելով՝ հաւասարապէս երկուքն ալ իր կամքին եւ կեղեքման հպատակեցնելն էր։

Իսկ քրտական ազգայնականութիւնը արդէն սկսած էր սթափումի նշաններ ցոյց տալ եւ արհամարհելի չէր թիւը այն քիւրտ ցեղախումբերուն ու աշիրաթապետներուն, որոնք հայկական յեղափոխութեան մէջ կը տեսնէին իրենց ազգային զարթօնքին բնական դաշնակիցը:

Աւելի՛ն. Մազրիկ ցեղախումբին եւ անոր մեծաւորին՝ Շարաֆ պէյի օրինակով անուղղայ բարբարոսներուն հարկ էր տալ այնպիսի՛ «համոզիչ» դաս, որ բոլորն ալ անդրադառնային, թէ այլեւս կարելի չէ հայու արեան ու ինչքին հետ այդպէս վարուիլ՝ անպատիժ սպաննել ու յափշտակել, գողնալ ու աւերել։

Իսկ նոյնինքն Սուլթանին եւ անոր հիւանդ մարդու սնարին շուրջ հաւաքուած, միայն Օսմանեան Կայսրութեան «ժառանգէն» առիւծի բաժին խլելու կայսերապաշտութեամբ կուրացած եւրոպական մեծ տէրութիւններուն հարկ էր լսելի ու հասկնալի դարձնել միեւնոյն հատու պատգամը. Հայը այլեւս անցեալի ռայան ու ստրուկը չէ, այլ՝ ազգային իր իրաւունքներուն, Ազգի եւ Հայրենիքի ազատագրութեան համար «Ազատութիւն կամ Մահ» վճիռով զէնք բարձրացուցած աննկուն մարտիկն է։

Թէեւ իր շղթայազերծման առաջին տասնամեակը հազիւ աւարտած էր հայոց յեղափոխական պոռթկումը, այսուհանդերձ՝ արդէն կտրած էր ինքնահաստատման այնքան կարեւոր ուղի, որ ի վիճակի էր այդպէս՝ 250է աւելի մարտիկներով արշաւախումբ կազմակերպել եւ պատժել հայ ժողովուրդին ու հայ յեղափոխականներուն սպառնացող «ցեց»երը…

1897ի տարեսկիզբին գումարուած թիֆլիսեան իր Ռայոնական ժողովէն եւ անոր հաստատած ա՛յս որոշումէն ետք ալ, Դաշնակցութիւնը շարունակեց յեղափոխական շրջահայեցութեամբ շարժիլ Խանասորի Արշաւանքի կազմակերպման իր աշխատանքներուն եւ նախապատրաստական քայլերուն մէջ։

Մինչեւ Յունիս 1897 շարունակուեցան բուռն քննարկումները եւ տարակարծութիւնները Նիկոլ Դումանի կողմէ ներկայացուած եւ Ռայոնական Ժողովի հաւանութեան արժանացած պատժական արշաւախումբի առաջարկին շուրջ։ Թէեւ ոչ ոք վիճելի կը նկատէր հայոց ազգային¬ազատագրական պայքարին կենսունակութիւնն ու մարտունակութիւնը վերահաստատելու հրամայականը, այդուհանդերձ՝ կային հիմնաւոր առարկութիւններ այդպիսի մեծաթիւ արշաւախումբով ցուցական քայլի մը արդիւնաւէտութեան, նպատակայարմարութեան եւ, ինչու ոչ, նաեւ յաջողելու հաւանականութեան հանդէպ։

Ատրպատական հաւաքուեցաւ դաշնակցական գործիչներու եւ ֆետայիներու ամբողջ փաղանգ մը։ Հոն էին Նիկոլ Դումանն ու Վարդանը (Մեհրապեան), իշխան Յովսէփ Արղութեանն ու Կարոն (Արիստակէս Զօրեան, Ռոստոմի կրտսեր եղբայրը), Յարութիւն Շահրիկեանն ու Վազգէնը (Տիգրան Տէրոյեան), Գուրգէնն (Պաղտասար Մալեան) ու Սեւքարեցի Սաքոն, Քրիստափոր Օհանեանն ու Գալուստ Ալոյեանը, Փոխիկն ու Ախպերը, տակաւին նորագիր պարզ զինուոր Անդրանիկն ու շատ¬շատեր։ Շուրջ երեք հարիւրի կը հասնէր անոնց թիւը։

Արշաւախումբի գաղափարին համաձայն չէին Իշխան Յովսէփ Արղութեանի, Վարդանի եւ Վազգէնի տարողութեամբ հեղինակաւոր գործիչներ, որոնք Երկրի մէջ՝ յատկապէս Վասպուրականի տարածքին, յեղափոխական առաջին կառոյցներու եւ դաշնակցական կուռ կազմակերպութեան ստեղծման ռահվիրաները եղած էին։ Անոնք կը նախընտրէին զինական թէ մարդկային ուժերը խնայողաբար գործածել, շարունակել լուռ եւ անաղմուկ կազմակերպչական գործը ու աւելիով թափ տալ Երկրի զինման եւ մարտական ուժեղացման աշխատանքներուն՝ խուսափելով ցուցական քայլերէ, որոնք մեծ քաղաքներու մէջ աւելի ազդու կրնային ըլլալ։ Մանաւանդ որ նոր պատահած էր Պոլսոյ մէջ Օսմանեան Դրամատան գրաւումը։

Բայց Նիկոլ Դումանի երկաթեայ տրամաբանութիւնը այս անգամ եւս յաղթող դուրս եկաւ։ Ան կրցաւ պատժական արշաւախումբի գաղափարին շուրջ համախոհութիւն առաջացնել։ Դումանի մօտեցումներուն ջերմ պաշտպանն էր Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Բիւրոյի կողմէ ուղարկուած լիազօրը՝ Յարութիւն Շահրիկեան, որ Թաւրիզ առաքուած էր յատկապէս Արշաւանքին վերաբերեալ Ռայոնական Ժողովի որոշումին գործադրութիւնը փութացնելու յանձնարարութեամբ։

Հ.Յ.Դ. Ատրպատականի Կ. Կոմիտէն Յունիսի վերջերուն վճռահատեց հարցը՝ արշաւախումբի կազմութիւնը արագացնելով եւ, զուգահեռաբար, Վազգէնին ու Գուրգէնին յանձնարարելով, որ լաւապէս զինուած 30 հոգինոց խումբով մը ուղղուին դէպի Վան ու Սասուն։

Նոյնինքն Վարդան եւ Իշխան Արղութեան նշանակուեցան արշաւախումբի հրամանատար եւ օգնական հրամանատար։ Հարիւրապետներ նշանակուեցան Փոխիկ եւ Ախպեր։ Իսկ Նիկոլ Դուման, որ գլխաւոր դարբինն էր պատժական արշաւանքի գաղափարին, նշանակուեցաւ արշաւախումբի չորս յիսնապետներէն մէկը։

Ճշդուեցան նաեւ տասնապետները։ Սեւքարեցի Սաքոյին վստահուեցաւ ձիաւոր խումբի պատասխանատուութիւնը։

Եւ 21էն 25 Յուլիս 1897ին իրագործուեցաւ Խանասորի արշաւանքը։

25 Յուլիս 1897ին Խանասորի դաշտին վրայ գտնուող Մազրիկ ցեղախումբի բոլոր տղամարդիկ արեամբ քաւեցին իրենց մեղքը։ Հայ յեղափոխականները ձեռք չբարձրացուցին կանանց եւ մանուկներու վրայ։ Դաշնակցական ֆետայիներու այդ վեհանձն գաղափարականութենէն օգտուեցաւ նոյնինքն Շարաֆ պէյ, որ կանացի հագուստ հագած կրցաւ ճողոպրիլ։ Սպաննուեցաւ նաեւ անոր անձնական հիւրը եղող թուրք հարիւրապետը։

Սոսկաց քիւրտը՝ լեղապատառ Մազրիկցին,
Չէր երազեր ջնջուել ի սպառ քաջ ֆետայու գնդակէն:
– Եամա՜ն, Աստուած, ֆետան եկաւ, ո՞ւր փախչինք,
Ըսաւ որդուն կրծքին սեղմած լեղապատառ քրտուհին։
– Մի՛ վախենար, հանգիստ կեցիր, պաճի ճան,
Կանանց երբեք ձեռք տալու չէ վրէժխնդիր քաջ ֆետան:

Գաղափարական եւ բարոյական այսպիսի՛ մօտեցումով՝ Դաշնակցութեան Արշաւախումբը յաջողութեամբ աւարտեց իր առաքելութիւնը, բայց դէպի պարսկական սահման նահանջի իր ճամբուն վրայ ընդհարումներ ունեցաւ մերձակայ լեռներէն խուժած քիւրտ զինեալներու հետ։ Մղուեցան բուռն կռիւներ, որոնց հետեւանքով արշաւախումբը ունեցաւ ծանր կորուստ. նահատակուեցան քսան մարտիկներ, որոնց շարքին՝ հարիւրապետի օգնական Կարոն, յիսնապետի օգնականներ Խանը, Կրետացին եւ Սաղաթէլ խան Զօհրաբեանը, ինչպէս նաեւ տասնապետներ Շաւարշն ու Խաչիկը։

Այսօր 116 տարի անցած է Խանասորի արշաւանքի պատմական այդ օրէն, բայց կարծէք նաեւ այսօրուան մեր սերունդներուն ուղղուած պատգամ էր արշաւախումբի հրամանատարին՝ Վարդանի կոչը Խանասոր արշաւողներուն.-
«Ցոյց տանք մեր հասարակութեան թերահաւատ մասին, որ ընդունակ ենք յեղափոխական – թէեւ անհաւասար – կռիւը յաջողութեամբ առաջ տանելու. ցոյց տանք ամբողջ աշխարհին, որ հայն էլ գիտէ կռուել ազատութեան համար»։ Իրապէս ալ, մեր ժողովուրդի թերահաւատ ու պահպանողական շարքերուն մէջ, Խանասորի յանդուգն արշաւանքը կամքեր կռանեց եւ ինքնավստահութիւն ջրդեղեց։

Հայրենի հողին, սեփական ինչքին ու պատուին տէր ու տիրական կանգնելու յանդգնութեամբ լեցուց նորահաս սերունդներու սիրտն ու միտքը։

Զգաստացուց քիւրտն ու թուրքը։

Իր պատասխանատուութեանց տէր կանգնելու պարտաւորութեան առջեւ դրաւ Եւրոպան՝ յատկապէս անոր ազատախոհ շրջանակները։

Իսկ հայ ազգային-ազատագրական շարժման առջեւ բացաւ կռիւը առաւել թափով շարունակելու եւ ծաւալելու լայն հորիզոններ՝ անխուսափելի անկումներու եւ հերոսական յաղթանակներու արնաներկ ճամբով հասնելու համար հայ բանաստեղծներու աւետած «Վարդահեղեղ արշալոյսներուն»։

Խանասորի Արշաւանքը հայրենի հողին, սեփական ինչքին ու պատուին տէր եւ պաշտպան կանգնելու յանդգնութեամբ լեցուց նորահաս սերունդներու սիրտն ու միտքը։

Շտկեց կորաքամակ մէջքը ստրկացման դատապարտուած Հայուն։

Ն.

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Երեւանէն մղոններ հեռու… Պրիւքսէլ

Հ․Հ․ կառավարութեան նիստերուն, 19 Բաղրամեան պողոտայի պետական կառոյցի աթոռներուն

17 Հուլիս 2026
ՀՅԴ Բիւրոն Կը Ցաւակցի Քաթարի Նախկին Իշ

Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ Պըն Համատի հօր` նախկին իշխան Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանիի

16 Հուլիս 2026
«Սփյուռքը չի լռելու». Մոսկվայում բողո

Մոսկվայի հայկական եկեղեցու բակում երեկ հայ համայնքի ներկայացուցիչները հավաքվել

16 Հուլիս 2026
Հորմոզի նեղուցը պատւար ԱՄՆ-Իսրայէլ տան

1. Հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամենէիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնները իրաւամբ վե

15 Հուլիս 2026
Իսրայելի համար հետեւանքները սարսափելի

Հորմուզի նեղուցի մերձակայքում իրականացված օդային հարվածներից հետո Միացյալ Նահա

15 Հուլիս 2026
Հայոց ցեղասպանութեան հարցը Հայաստանի ի

Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան միաձայն ճանաչումը նոր փուլ մ

15 Հուլիս 2026
Եվրոպական խորհրդարանը վերահաստատում է

ՀՅԴ Հայ դատի Եվրոպայի գրասենյակի աջակցությամբ և Եվրոպական խորհրդարանի պատգամավ

15 Հուլիս 2026
Պաքուի Մէջ Հայ Բանտարկեալներու Մասին Հ

Ժողովին ընթացքին խօսք առաւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի որդին

15 Հուլիս 2026
Գիտէ, Բայց Չէ Տեսած

Ամէն հինգշաբթի, կառավարութեան հերթական նիստէն ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ճեպ

15 Հուլիս 2026
Լավ լուր. ԵՄ-ն մտադրությունների հուշագ

Փաստաթղթում նշվում է, որ երկու կողմերը «հետաքրքրություն են հայտնում ուսումնասի

14 Հուլիս 2026
Ակնարկ. Հանրային կարծիքի նոր ճարտարապ

Նախորդ ակնարկում անդրադարձել էինք հանրային կարծիքի ձեւաւորմանը՝ որպէս ժամանակա

14 Հուլիս 2026
Ակնարկ. «Վերջապէս»

Թուրքիոյ նախագահին հրաւէրին ընդառաջումով Լիբանանի վարչապետին Թուրքիա կատարած ա

14 Հուլիս 2026
Միջազգային իրավունք․ երբ արժեքները դառ

Իրենց ժողովրդավար հռչակած պետություններն այսօր խոսում են ժողովրդավարության, մա

13 Հուլիս 2026
Օշականում նշվել է Քրիստոսի Պայծառակեր

Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության Երևանի գրասենյակի նախաձեռնությամ

13 Հուլիս 2026
Ակնարկ. Դեմոկրասիայի անունով՝ յանուն բ

Հասարակական կարծիքի ձեւաւորման մասին խօսելիս նախ պէտք է հասկանալ, թէ ինչի՞ համ

13 Հուլիս 2026
Ցավակցագիր

Խորը վշտով ու ցավով տեղեկացանք. - Մեր սիրելի հայրենակից, ազգային ու հասարակ

12 Հուլիս 2026
ՆԱԹՕ-ի Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Զարգացման Նոր Փու

Քաղաքականութեան կողքին ի յայտ եկած էր նաեւ նիւթական եւ տնտեսական թնճուկը, զոր

10 Հուլիս 2026
ՀՅԴ Բյուրոյի հայտարարությունը

Հունիսի 7-ին Հայաստանում տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրությունները մեր նորօր

09 Հուլիս 2026
Սա քաղաքական պատվերով դատավարություն է

Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դավիթ Իշխանյանի պատգամը Բաքվի բանտից.

09 Հուլիս 2026
Հակառակ Քոնկրեսական Ընդդիմութեան, Թրամ

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ ՆԱԹՕի վեհաժողովին մասնակցելու հ

09 Հուլիս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company