ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Կարապետ Տողրամաճեան. Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան կազմակերպական դարբինը

15 Մայիս 2013

Մայիս 16ին կ’ոգեկոչենք մարտիրոսացումը հայդուկապետ Վահան Մանուէլեանի, որ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան օրհասական կռիւներու ընթացքին ինկաւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ազատագրութեան արիւոտ ճանապարհին։

Վահան Մանուէլեան մարմնաւորեց հայ ազգային-ազատագրական շարժման առաքելատիպ այն յեղափոխականը, որ իր ֆետայական անբասիր վարքով, ամբողջական եւ անսակարկ անձնուիրումով՝ հայոց սերունդներուն կտակեց ներշնչող օրինակը հայկական յեղափոխութեան հաւաքական ուժն ու միաձոյլ կամքը դարբնելու եւ կազմակերպականօրէն ամրակուռ պահելու իր գաղափարապաշտութեան:

Մտաւորական լայն պատրաստութեամբ եւ գաղափարական անխախտ հաւատքով զինուած երիտասարդ մըն էր աւազանի անունով Կարապետ Տողրամաճեան, որ Պոլսոյ դաշնակցական կազմակերպութեան մարտունակ հնոցին մէջ թրծուեցաւ Բաբկէն Սիւնիի օրինակով գաղափարապաշտ ընկերներու կողքին՝ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին իրենց գերագոյնը զոհաբերելու աներեր յանձնառութեամբ։

1890ականներու երկրորդ կիսուն Հ.Յ.Դ. Պոլսոյ Կոմիտէութեան ծաւալած ցուցական եւ մարտական յանդուգն գործողութեանց մէջ ան ստացաւ իր կրակի մկրտութիւնը եւ Վահան Մանուէլեան յեղափոխական անունով կոչուեցաւ ղեկավար դերակատարութեան։
Կազմակերպչական բնատուր ձիրքով եւ խառնուածքով օժտուած յեղափոխական գործիչն էր Վահան, որ հազիւ երեսուն տարեկան էր, երբ իրեն վստահուեցաւ Տարօն Աշխարհի դաշնակցական կազմակերպութեան մօտ Հ.Յ.Դ. լիազօր ներկայացուցիչի առաքելութիւնը։ Իսկ Տարօն Աշխարհը 1900ականներու սկզբնաւորութեան արդէն անառիկ միջնաբերդը դարձած էր հայկական յեղափոխութեան։ Ֆետայական շարժումը իր բուռն տարերքին մէջ էր ու «Դէպի Երկիր» զօրաշարժը գտած էր Սասուն հասնելու եւ մեր ժողովուրդի հերոսական արծուեբոյնին ծաւալած ազատագրական պայքարին միանալու գաղափարական իր հունը։

Ֆետայական շարժման մեծ առաջնորդին՝ Սերոբ Աղբիւրի դաւադրաբար նահատակութենէն ետք, Հրայր-Դժոխք, Գէորգ Չաւուշ եւ Անդրանիկ ստանձնած էին Մշոյ դաշտի տարածքին եւ Սասնոյ լեռներուն վրայ մեր ժողովուրդը զինելու եւ թրքական ու քրտական խժդժութեանց դէմ մարտական ուժեղ կազմակերպութիւն առաջացնելու գործին պատասխանատուութիւնը։ Հ.Յ.Դ. Դուրան-Բարձրաւանդակի կազմակերպութիւնը արագընթաց ու ինքնավստահ կը յառաջանար ինքնակազմակերպման բոլոր ճակատներուն վրայ։ Իսկ անհաւասար ուժերով մղուող այդ պայքարը աւելիով անխոցելի դարձնելու համար, սուր կերպով դրուած էր անզուգական այդ հայդուկապետները իրենց անձնական եսերէն վեր բարձրացնելու եւ հաւաքական ղեկավարութեան վերածելու ժամանակի պահանջը։

Վահան Մանուէլեան ճիշդ ա՛յդ առաքելութեան կոչուեցաւ եւ, գաղափարի մարտիկի վարքով ու հերոսի փառքով, հայոց սերունդներուն կտակեց հայկական յեղափոխութեան հաւաքական ուժն ու միաձոյլ կամքը դարբնելու անկորնչելի ժառանգութիւնը։

«Ո՞ր ժայռի տակ, ո՞ր խոռոչի կամ ձորի մէջ է հանգստանում այժմ թանկագին ընկերոջ գնդակահար դիակը – յայտնի չէ։ Բայց լոկ հողեղէն գերեզմաններով չեն յաւերժանում գաղափարի առաջամարտիկները։ Վահանի գերեզմանը Սասունն է, մարտիրոսութեան եւ հերոսութեան վայրը, ուր ազատախոհ սերունդները միշտ նուիրական պաշտամունքի պէս կը պահեն, կը գուրգուրեն Վահանների անբիծ յիշատակը»։
Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի Նոյեմբեր 1904ի համարով տրուած մահագրութիւնը սրտառուչ այս խորհրդածութեամբ յաւերժացուց յիշատակը Վահան Մանուէլեանի, որ հայ ժողովուրդի Ազատութեան Ճանապարհին ինկաւ 109 տարի առաջ, Մայիս 16ի այս օրը։

Հայկական Ազատամարտի անձնուէր, գաղափարապաշտ ու հերոսատիպ այս ֆետային ծնած էր Մարմարա ծովու ափին, Իզմիթ քաղաքի հայաշատ Մեծ Նորգիւղ թաղամասը, ենթադրաբար 1870ին։ Ստոյգ տուեալներ կը պակսին Կարապետ Տողրամաճեանի ինչպէս ծննդեան թուականին, այնպէս ալ կենսագրութեան սկզբնական շրջանին մասին։ Բայց 1890ականներուն, հայ յեղափոխական շարժման բուռն խմորումներով յատկանշուող պոլսահայ իրականութեան մէջ, մտաւորական այս երիտասարդը Վահան Մանուէլեան անունով կանգնեցաւ պայքարի յառաջապահ դիրքերուն վրայ՝ իբրեւ նորակազմ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան յանդուգն գործիչներէն մէկը։

1893-1894ին, պոլսահայ վարժարաններու մէջ ուսուցչական իր ծառայութեան կողքին, Վահան անմիջական գործակիցը եղաւ Արշակ Վռամեանի եւ Բաբկէն Սիւնիի, ամուր հիմերը դնելով Դաշնակցութեան Պոլսոյ կազմակերպութեան։ Գաղափարական իր հարուստ պաշարով, կազմակերպչական տաղանդով եւ յեղափոխականի խիզախութեամբ, Վահան կանուխէն պատասխանատու դերակատարութիւն ունեցաւ ազատագրական շարժման յառաջխաղացքին մէջ։

Համիտեան լայնատարած կոտորածներու այդ ծանր ժամանակաշրջանին, Վռամեանի, Բաբկէնի եւ Վահանի գլխաւորութեամբ, Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կոմիտէն ժողովրդային բողոքի մեծ ցոյցեր կազմակերպեց՝ հայկական նահանգներու տարածքին կոտորուող հայութեան առ ի զօրակցութիւն, նաեւ նախաձեռնեց Օսմանեան Դրամատան գրաւման պատմական յանդուգն գործողութեան՝ Եւրոպական մեծ տէրութիւնները դնելու համար սուլթան Համիտը սանձելու իրենց պատասխանատուութեան առջեւ։ Այդ բոլորին մղում տուող եւ յառաջ շարժող գործիչներու շարքին էր Վահան։

Պանք Օթոմանի գրաւումէն յետոյ, Վահան պարտաւորուեցաւ հեռանալ Պոլիսէն, ուր ամէնօրեայ հետապնդման տակ էր թրքական ոստիկանութեան կողմէ։ Անցաւ Պուլկարիա, ուր 1896էն մինչեւ 1899, Վառնայի եւ Ֆիլիպէի մէջ, հայկական վարժարաններու հաստատման եւ անոնց մէջ իբրեւ ուսուցիչ իր ծառայութեան կողքին, Վահան եռուն գործունէութիւն ծաւալեց՝ պանդուխտ հայ երիտասարդները ազգային-յեղափոխական գաղափարներով ոգեւորելու եւ Դէպի Երկիր մղելու ուղղութեամբ։ Հիմնադիրներէն եւ կանոնաւոր աշխատակիցներէն մէկը եղաւ տեղւոյն «Շարժում» թերթին, որուն էջերուն լոյս տեսած իր յօդուածներով պարզեց Հայկական Հարցին եւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման քաղաքական ու գաղափարական ծալքերն ու առաջադրանքները։

1899ին Վահան ընտրուեցաւ «Դաշնակցութեան Կամքը» ներկայացնող պատասխանատու մարմնի անդամ եւ, Ռոստոմի յանձնարարութեամբ, 1900ին անցաւ Կովկաս։ Կարճատեւ գործունէութիւն ունեցաւ Թիֆլիսի մէջ, որ այդ շրջանին Դէպի Երկիր զէնք, զինամթերք եւ մարտիկ ուղարկելու գլխաւոր կեդրոնն էր։ Իր կարգին Վահան, 1901ին, Թաւրիզի վրայով մտաւ Երկիր. նախ Վանի շրջանին մէջ գործեց, կարճ ժամանակով, Նիկոլ Դումանի կողքին, ապա՝ Դաշնակցութեան լիազօր ներկայացուցիչի առաքելութեամբ, անցաւ Սասուն, ուր ֆետայական շարժումը մէկ կողմէ մեծ ծաւալ ստացած էր, իսկ միւս կողմէ կը դիմագրաւէր ներքին վէճեր՝ առաւելաբար Հրայր Դժոխքի եւ Անդրանիկի միջեւ ծագած անձնական բախումներուն եւ գաղափարական տարակարծութիւններուն հետեւանքով։ Ֆետայկան շարժման անզուգական այդ ղեկավարներուն միջեւ հիմնական տարակարծութիւնը կը կեդրոնանար Սասնոյ ապստամբական շարժման ռազմավարական ուղին ճշդորոշելու հարցին վրայ. Հրայր Դժոխք դրօշակիրն էր ժողովրդային ապստամբութեան ուղիին, մինչ Անդրանիկ կը գլխաւորէր ֆետայական-մարտական կառոյցի ամրապնդումով ապստամբական շարժումը յառաջ մղելու ուղղութիւնը։

Վահան Մանուէլեան հիմնական եւ բարերար դեր ունեցաւ ներքին այդ վէճերու հարթումին ու փարատումին մէջ։ Ֆետայական-մարտական մէկ միաձոյլ ճակատ յարդարեց՝ իրարու քով բերելով, հաշտեցնելով եւ միացեալ ղեկավարութեան վերածելով Հրայր Դժոխք, Գէորգ Չաւուշ եւ Անդրանիկ եռեակը։ Սասնոյ եւ Մուշի յեղափոխական կազմակերպութեան ընդհանուր ղեկավարութիւնը իր վրայ վերցնելով՝ դաշնակցական այս հաւատաւոր մտաւորականն ու կազմակերպչական գործիչը աւելի քան երկու տարի նախապատրաստական մեծ աշխատանք տարաւ, որպէսզի ամբողջ շրջանը կարենայ դիմագրաւել Համիտի որոճացած հայաջնջման ջարդարար ծրագիրները։

1902էն 1904, ֆետայական կենդանի կռուին իր բերած պատասխանատու մասնակցութեամբ, Վահան հռչակուեցաւ նաեւ իբրեւ անվեհեր մարտիկ, որուն գովքը երգեցին նոյնիսկ քիւրտերը՝ «Վահան փաշային» նուիրուած ազգային-յեղափոխական ծանօթ երգի բառերով՝

Անտոք, Ծովասար, Կեփինն էր ուսին,
Նորէն գոռացին դէմ վատ թուրքերին,
Մի օր էլ քրտախառն հայոց գիւղերը
Վահան փաշային տալիս են ողջոյն։

Առաւօտ կանուխ երբ որ արթնցաւ,
Չորս հազար զօրքերով պաշարուած տեսաւ,
Որոնց դէմ երեսուն քաջերով միայն,
Արձակ համարձակ կռուիլ սկսաւ։

Այնտեղուան թուրքեր վախցած գոռացին,
Եամա՜ն, ջան ֆետայիք, ղուրպան ձեր ոտքին,
Խնայեցէք մեզ, պատիւ Վահանին,
Թողէք որ ապրինք ներքեւ մեր յարկին։

Թուրքեր սարսափած ի փախուստ դարձան,
Իննսուն զոհ տուին, շատ մը հրացան,
Շուտ ըրէք, ըսին, փախչինք ահա հասան,
Գէորգն արնահեղ, Անդրանիկ փաշան։

Սասնոյ հայութեան 1904ին մղած հերոսական կռիւները եղան դափնեպսակը Վահանի յեղափոխական վաստակին։ Անձնուէր ու արժանաւոր այս դաշնակցականը վստահութեան առանցքը դարձաւ թէ՛ խրոխտ Սասունի մեր ժողովուրդին, թէ՛ ազգային-ազատագրական պայքարին զինուորագրուած անխտիր բոլոր ֆետայիներուն եւ մարտիկներուն՝ Հրայր Դժոխքի եւ Անդրանիկի օրինակով հակոտնեայ նկարագիրներն ու անհատականութիւններն անգամ ի մի բերելով, յառաջ մղելով Հայկական Ազատամարտի «Մահ կամ Ազատութիւն» դրօշին տակ։

Վահան Մանուէլեանի համար ճակատագիրը, սակայն, տնօրինած էր միայն 34ամեայ կեանք մը։ 1904 Մայիսի 16ին, Գոմերու հռչակաւոր յաղթական կռուի ժամանակ, երբ Վահան ու իր ընկերները իրենց թագստոց քարայրէն դուրս եկան լեռը բարձրանալու եւ Գէորգ Չաւուշի խումբին միանալու համար, արձակազէնի փամփուշտը գտաւ քաջարի Վահանին եւ ձորը գլորեց անոր անկենդան մարմինը։ Ընկերները չկրցան իրենց հետ տանիլ Վահանի անշունչ մարմինը եւ Հայկական Ազատամարտի այս անձնուէր արժանաւորը այդպէս ալ անթաղ մնաց հայոց լեռներուն վրայ, իր արիւնն ու մարմինը միախառնելով հայոց պապենական հողին, որուն ազատագրութեան համար, ինչպէս որ Վահան ինք կը պատգամէր, անձնուէր արեան ոռոգում պէտք էր, որպէսզի գաղափարական սրբութեամբ վերստին հայացուէր եւ ազգային անկորնչելի հարստութեան իր նշանակութիւնը սերունդներուն կտակէր մեր հողը։

Սասնոյ երկրորդ՝ 1904ի ապստամբութեան այդ ահեղ օրերուն, քանի մը շաբաթներու հեռաւորութեամբ, դաժան մարտերու մէջ մարտիրոսացան հայկական ծառացման երկու ղեկավարները՝ Հրայր-Դժոխքն ու Վահանը։ Նոյնիսկ կռուի ժամանակ Վահան Մանուէլեան շարունակեց օրը օրին հեռագիրներ ուղարկել «Դրօշակ»ին, Ժընեւ՝ Սասնոյ մղած օրհասական կռուին իրազեկ պահելու համար մեր ժողովուրդն ու Եւրոպան։ Ինչպէս «Դրօշակ»ի վերոյիշեալ մահագրութիւնը կը նշէ, «Ապրիլ 14ի նամակով անհուն դառնութեամբ Վահանը գուժում էր Հրայրի մահը։ «Իր կարմիր մահը կարմիր մելանով գրեցի»,- հաղորդում էր նա»…

Եւ գերագոյն զոհաբերութեան իր կենդանի օրինակով սրբագործուած պատգամի հնչեղութեամբ՝ Վահան հետեւեալ խորհրդածութեամբ կ’աւարտէր 14 Ապրիլ 1904ի իր այդ վերջին հեռագիրը.

«Վաղը թերեւս նոր կռիւ ունենանք։ Եթէ յաղթուենք եւ Սասունը ոչնչանայ, թող ուրիշներ լուծեն մեր վրէժը»։

Վահան Մանուէլեանի օրինակն ու պատգամը ներշնչման աղբիւր դարձան հայոց իրերայաջորդ սերունդներուն համար՝ հայոց կորուսեալ երկիրն իր բուն իրաւատիրոջ վերադարձնելու անժամանցելի կտակը ազգային հաւաքական ուխտի վերածելով։

Ն.
azator.gr

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Կրկնուող երեւոյթներ, զորս Փաշինեան չի

Ամէն անգամ, երբ ՀՀ իշխանութիւնները Ատրպէյճանի հետ բանակցային նոր հանգրուան մը

09 Սեպտեմբեր 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ

Սէրուժ Խանճիհանեանի հարցազրոյցը ՀՅԴ անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խա

08 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը ցանկանում է Հայաստանը վերածե

Հայոց ցեղասպանության գլխավոր կազմակերպիչ Թալեաթ փաշան 1915 թվականի իր նամակներ

07 Սեպտեմբեր 2026
Ի՞նչն է «վատ» կամ «լավ» հայության համա

Վերջին տարիներին Հայաստանի և Սփյուռքի հայությունը հիմնականում բաժանվել է երեք

05 Սեպտեմբեր 2026
Ինչ է լինում, երբ «ասֆալտը՝ ասֆալտ» է

«Ինչու են ասֆալտի վրա շատ կենտրոնանում, որովհետև ասֆալտից էդ ա, բանը... Ինչու

05 Սեպտեմբեր 2026
TRIPP-ը և Իրանը. անվտանգային մտահոգութ

TRIPP-ը Հայաստանի Հանրապետության հարավային տարածքով անցնող մոտավորապես 43 կիլո

05 Սեպտեմբեր 2026
Գաղափարական պայքարի Դրօշը դեռ երկար պե

Հարցազրոյց «Դրօշակի» խմբագիր ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆԻ հետ Վրէժ-Արմէն – Սովորական

05 Սեպտեմբեր 2026
«Խաղաղություն» առանց երաշխիքի. օգոստոս

2025 թվականի օգոստոսի 8-ին Վաշինգտոնում Սպիտակ տան տիրոջ՝ Դոնալդ Թրամփի մասնակ

05 Սեպտեմբեր 2026
Արդյո՞ք լավ ենք ճանաչում մեր հասարակու

Չափազանց բարդ ու զգայուն հարցի հետ գործ ունենք: Չեք գտնի թեկուզ մի քիչ խելամիտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանը և ՀԱՊԿ-ը մոտենում են անդարձե

2026 թվականի մայիսին ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյանը և ԱՄՆ պետքարտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանական իշխանությունը որպես Հայա

Ինչպես գրել էինք «Դրօշակի» սույն թվականի հունիս ամսվա համարում. «Հայաստանի Հան

05 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2ը Արցախի Հայութ

1991 Սեպտեմբեր 2ին, 35 տարի առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեա

04 Սեպտեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Պայքարին այլընտր

2026 թվականի խորհրդարանական ընտրություններում վերարտադրվելու համար Նիկոլ Փաշին

03 Սեպտեմբեր 2026
Մոսկուա – Պաքու Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Անցողակի

25 Դեկտեմբեր 2024-ին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած

03 Սեպտեմբեր 2026
Հալածանքը Կը Շարունակուի

Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ե

03 Սեպտեմբեր 2026
Արցախից յետոյ, թէկուզ ջրհեղե՞ղ…

Թող ոչ ոքի համար տարօրինակ չթւայ, որ հայկական Արցախի կորստից յետոյ, սպասելի էր

02 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սփիւռքի վերակազմակերպման ե

Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի նոր կայքէջի

02 Սեպտեմբեր 2026
Նրանք, ովքեր չեն մասնակցել Արցախի շարժ

Այսօր տոն է, 35 տարի առաջ Արցախյան շարժումը, որ սկսել էր 80-ականների վերջերին,

02 Սեպտեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվում «Դրօշակի» ընթացիկ տարվա 8-րդ համարը: Հերթական համարի

02 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Անկախության օրը՝ Եռաբլուրում

Այսօր՝ սեպտեմբերի 2-ին, լրանում է Արցախի Հանրապետության անկախության հռչակման 3

02 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company